Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու յաղթական աւարտը-լուսանկարներ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու յաղթական աւարտը-լուսանկարներ

Երկար ամիսներու մարզական ոգիով մրցակցելէ ետք, Կիրակի, 7 Յուլիս 2024ի կէս գիշերին, իրենց յաղթական աւարտին հասան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ ազգային բարերեարներ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, կրկին ոգեւորելով համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդներն ու անդամները:  

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերը սկիզբ առին 4 Մայիս 2024ին Birmingham High School-ի մարզադաշտին վրայ։ Այնուհետեւ մարզական մրցումները շարունակուեցան ամէն շաբաթավերջ, շրջանիս զանազան մարզադաշտերուն վրայ:

Աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան փառատօնը տեղի ունեցաւ 4-7 Յուլիս 2024ին, Birmingham High School-ի շրջափակէն ներս, ուր ներկաները վերապրեցան հայութեան անցեալի փառահեղ պատմութիւնը, վայելեցին հայկական եւ ազգային տոհմիկ երաժշտութիւնը, ականատես եղան մեր երիտասարդութեան յաղթանակներուն։ Անոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական եւ մարզական խումբերու շքերթին ու ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին։

Այս բոլորին հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ Նաւասարդեան Մարզախաղերու յաղթանակի տողանցքը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Birmingham Community Charter High School-ի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով  Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Հարկ է յիշել թէ, տողանցքէն առաջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք Բաժանմունքի մետալներու յանձնումը Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք․ Խաչերեանի, պատուոյ նախագահներու, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ Շրջանային Վարչութեան ներկայութեամբ, ուր Սրբազան Հայրը օրհնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք մարզիկներն ու ծնողները, բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք Բաժանմունքի պատասխանատուներն ու անոնց գործունէութիւնը: Ապա, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց, որ պիտի նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք Բաժանմունքի աշխատանքներուն:

Նախքան հանդիսութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու գայլիկ-արծուիկներն ու արի-արենուշները ելոյթ ունեցան «Հ.Մ.Ը.Մ.» երգով ու խանդավառեցին ներկաները, ապա հանրածանօթ երգիչ՝ Հրաչ Կայծակեանը, շարք մը ազգային երգերով, հաճելի ու զուարթ մթնոլորտ ստեղծեց դաշտին մէջ։ 

Օրուան խօսնակներն էին քոյր Կարինէ Գենտոյեան (հայերէն) եւ եղբ. Արա Քէշիշեան (անգլերէն), որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին օրուան յայտագիրը։ Բիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ասէրներուն առընթեր մարզադաշտ փութացած էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Տէր Գեղամ Արք․ Խաչերեանը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը, Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եղբ. Վիգէն Աբէլեան, եղբ. Մհեր Դաւիթեան եւ եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիայէն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տիար Ռոստոմ Այնդապլեանը, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Սարգիս Թաթիկեան, Ճորճ Չորպաճեան եւ Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Կարօ Մատենլեանը: Հոն էին նաեւ ՀՕՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ, մարզադաշտ ներկայացան եւ պատուոյ հարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին Թեմիս առաջնորդ Տէր Գեղամ Արք․ Խաչերեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանները, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Արամ Պէքարեանը եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Փիէռ Մանուկեանը։

Ապա, մարզադաշտ ներկայացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու մարզիկները բարձրացուցած բռնագրաւուած Արցախի քարտէսի մասերը եւ միացուցին վիրաւոր Արցախը Հայաստանին՝ ներկայացնելով հայու անխորտակելի կամքը, ըսելու, որ պիտի վերականգնինք ու վերատիրանանք մեր հողերը, մեր պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի քոյր Շարլին Գեոզալեանս արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Փիէռ Մանուկեանէն սկսելու հանդիսութիւնը։ Դրական պատասխան ստանալէ ետք, ան հրահանգեց սկսելու հանդիսութիւնը՝ դրօշակի արարողութեամբ: Ազգային երգերու խանդավառ քայլեղանակներու նուագումով մարզադաշտ ներկայացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։ Մթնոլորտը առաւել շիկացաւ, երբ ժողովուրդին մէջէն ինքնավստահ քալուածքով Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշները մարզադաշտ ներկայացան, իրենց հետ բերելով Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Նեւատայի, Քալիֆորնիոյ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Նաւասարդեանի դրօշները։

Ապա, գեղեցիկ տեսարան մը կազմելով մարզադաշտին վրայ, պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները, որ դարձեալ նուագեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբը։ Ապա, անոնք յարգանքով զետեղեցին դրօշները մարզադաշտի վրայ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմի կողքին, որոնք ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին ծածանեցան, առաւել փայլք մը տալով հանդիսութեան։    

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Եղբ. Փիէռ Մանուկեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ուրախութեամբ մատնանշեց ըսելով՝ «Երկար ամիսներու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, այսօր հանգամանօրէն իրենց աւարտին կը հասնին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերը, որոնց յաջողութեան լաւագոյն վկան դուք՝ բոլորդ էք, որ խուռներամ ներկայ կը գտնուիք եզրափակիչ այս հանդիսութեան։ Բարի եկած էք»։ 

Եղբայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, իր կը շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնելով զօրավիգ կանգնիլ Արցախահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: «Մեր մարզիկներն ու սկաուտները, ազատ ու անկախ Արցախը խորհրդանշող յատուկ պէճեր կրելով իրենց տարազներուն վրայ` ամէն օր մեր ժողովուրդին կը յիշեցնեն, թէ մեր հաւաքական կամքը տկարութիւն չի ճանչնար, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկներն ու սկաուտները իրենց խոստումով, երդումով եւ իրենց ջամբուած ազգային դաստիարակութեամբ կը դառնան այն պահանջատէր հայորդիները, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման:»

Ապա, շարունակեց. «Նաւասարդեան 47րդ Մարզաղախերու «Յաջորդ Սերունդ» խորագիրի հաւատքով եւ հաստատ համոզումով կը նորոգենք մեր ուխտը՝ երիտասարդութեան նկատմամբ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բոլոր մարզիկներն ու սկաուտները, «Առողջ միտք, Առողջ մարմին» կարգախօսով, հաստատ քայլերով կերտեն իրենց փայլուն ապագան, որովհետեւ Երիտասարդութիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկան ու ապագան:»

Եղբայրը յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղելէ ետք Պատուոյ Նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններու եւ տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Արամ Պէքարեանի, Շրջանային Վարչութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամաւոր քոյր-եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու յաջողութեան եւ իսկական թարգմանը հանդիսացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՚ր, բարձրացո՚ւր» կարգախօսին։

Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Գեղամ Արք․ Խաչերեան, որ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան ԱՄՆի Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերը, այլեւ անհուն սիրով եւ մեծ գնհահատանքով ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը, յայտնելով. «Աշխարհով մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ուր որ գտնուեցաւ, թէեւ որպէս սկաուտական շարժում եւ մարզական միութիւն չեղաւ միայն այդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը  եղաւ մարդակերտումի համահայկական սկզբունքներով, հայակերտումի այն դարբնոցը, որ մեր հաւաքական ազգային կեանքին համար շարունակաբար նուիրեալներու կամաւոր բաղանքներ պատրաստեց եւ կը պատրաստէ: 

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներշնչեց աննկուն կամք եւ յաղթական ոգի: Պատահական չէ որ այսօր մենք ալ ականատես ըլլանք որ այստեղ հաստատուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք  բաժանմունքը, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինքը հրաշալի միութիւն է, բնական է որ իրմէ առաջ պիտի գայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք  բաժանմունքը: Հ.Մ.Ը.Մ. իր մարզական խումբերով մեծ յաղթանականեր պարգեւեց մեր ժողովուրդին որ յաղթանակի կարօտ էր, իր սկաուտական տողանցքներով կարգապահ կազմապերպ ներկայանալի շքեղ շքերթներով միշտ պատիւ բերաւ հայու առ հասարակ ոչ հայկական միջավայրներուն մէջ որպէս օրինակելի, կարզմակերպ եւ բարձր գնահատելի սկաուտական մէկ շարժում: »

Առաջնորդ Հայրը մեծապէս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու  անսակարկ նուիրումը եւ բոլոր անոնց որոնք միշտ զօրակից են Հ.Մ.Ը.Մ.ի, նաեւ բարձր գանահատանեց անցեալի եւ յատկապէս այս տարուայ  պատուոյ նախագահները տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները իրենց հաւատքին եւ քաջալերանքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն:

Իր խօսքը փակեց. «Այս բոլորէն ետք սիրելիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի այսքան վաստակէն ետք, երբ այսօր մենք ներկայ պիտի ըլլանք Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու տողանցքին, այն Հ.Մ.Ը.Մ.ը որ միշտ «Պատուի Առ» ըրաւ մեր բոլոր խորհրդանիշներուն, մեր պաշտօնական հանգամանքներուն եւ մեը ազգային արժէքներուն, միշտ պատուեց իր «Պատուի Առ»ով: Երբ մենք այսօր հանդիսատես ենք իրենց տողանցքին, այսօր մեր կարգն է սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ., որ մենք ալ մեր կարգին այսօր ձեզի ըսենք «Պատուի Առ»:

Կեդրոնական վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ եղբ. Վիգէն Աբէլեանը, որ շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութիւնը, իր բոլոր կամաւորները, յանձնախումբերը եւ անդամները: Նաեւ շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, որոնք կը ջանան   իրենց զաւակները ստանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակութիւն եւ կազմաւորուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին մէջ: Յատուկ շնորհաւորանքներ ուղղեց Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու նախագահներ՝ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, որոնք սիրայօժար ստանձնեցին այս մեծ իրագործութեան հովանաւորութիւնը:

Շարունակեց իր պատգամը ըսելով. «Կը տօնակատարենք Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակիցներու եւ մասնակցող խումբերու թիւերը նոր մրցանիշները կ’արձանագրեն: Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ շարունակէ ծաղկիլ աշխարհի այս անկիւնը:  Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ պիտի շարունակէ նպաստել սփիւռքահայութեան ժառանգութեան պահպանման բարձրանալով եւ բարձրացնելով, որովհետեւ իր կամաւոր բանակը եւ անդամները անդամները միշտ պատրաստեն ծառայել եւ օգնել բոլոր հայերուն ուր որ ալ գտնուին անոնք:

Կեցցէ՛ հմըմը եւ կեցցէ՛ անոր ծնունդ տուած հայ ազգը:»

Փոխանցուած երեք տպաւորիչ պատգամներէն ետք, տեղի ունեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ այնքան սպասուած տողանցքը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան փողերախումբի ազգայնաշունչ քայլեղանակներով ոգեւորուած յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք բաժանմունքի հրաշքները, որոնք տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք  բաժանմունքի հիմնադիր անդամ  եղբ. Արամ Պէքարեանին նուիրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հրաշք  բաժանմունքի մարզական շապիկը: Անոնց հետեւեցան նախկին խմբապետները, ապա շրջանի նորագոյն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Քլարիթա «Կիլիկիա» միաւորէն եւ մինչեւ շրջանի հիմնադիր Լոս Անճելըս մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերը, յանձնախումբերն ու անդամները, իրենց վարչութիւններու գլխաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական բաժանմունքը: Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը սկաուտական եռագոյն փողկապ մը նուիրեց իր վաստակաշատ անդամներէն, տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» տիտղոսին արժանացող եղբ. Արամ Պէքարեանին եւ մասնաճիւղի շապիկը՝ Պատույ նախագահ դոկտ եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն:Անոնք տողանցեցին հպարտ ու ինքնավստահ, հրճուանքով բարեւեցին ներկաները, գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտի վրայ:

Անուհետեւ, Շրջանային խբապետուհի Շարլին Գեոզալեանս, մինչ այդ մարզադաշտի վրայ ծածանած Նաւասարդեան դրօշը յանձնեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետին, որ իր հերթին նուիրեց զայն Պատուոյ նախագահին։ Տողանցքի աւարտին, Շրջ. վարչութիւնը յատուկ հիւրասիրութեամբ պատուեց բոլոր պաշտօնական հիւրերը։

Կիրակի, 7 Յուլիսին, Main Gym-ին մէջ ախոյեանութեան մրցումները մեծ ոգեւորութեամբ տեղի ունեցան աւելի քան 500 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Մրցումները սկիզբ առին դրօշակի արարողութեամբ: A Upper- աղջկանց աւարտական խաղէն ետք, Շրջանային Մարզական Խորհուրդը«Սանան Մահսէրեճեան» տիպար մարզիկի գնահատագիրը շնորհեց լաւագոյն յատկանիշներ (Մարզական Ոգի, պարկեշտութիւն, յանձնառութիւն եւ կարգապահութիւն) կրող մարզիկին՝ եղբ. Յակոբ Եազճեանին (Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի անդամ) եւ մարզիկուհիին՝ քոյր Լար Չուլճեանին (Լոս Անճելըսի մասնճիւղի անդամուհի):

Իսկ մարզական յաղթող խումբերն ու մարզիկները հպարտութեամբ ստանձնեցին իրենց ախոյեանութեան  բաժակներն ու մետալները, Main Gym-ին դիմաց պատրաստուած յատուկ յաղթանակի բեմին վրայ:

Հարկ է յիշել թէ, Ուրբաթ, Յուլիս 5ին, Նահանգային Խորհուրդի անդամ՝ Անթընի Փորթանթինոն այցելեց փառատօնի վայրը եւ իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շրջանային Վարչութեան, որ այս տարի եւս Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերն ու Փառատօնը յաջողութեամբ ընթացան։ 

Նաւասարդեան չորսօրեայ  փառատօնը շարունակուեցաւ Յուլիս 4-9, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս: Այս տարի եւս փառատօնի համադամ ճաշերու կրպակները սպասարկուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն կողմէ, որոնց հասոյթը տրամադրուեցաւ մասնաճիւղերու հոգածութեան յանձնուած մարզական եւ սկաուտական շարքերու կարիքներուն: Իսկ անոնց առընթեր առեւտրական ու փոքրերու խաղի եւ արուեստի կրպակները առաւել եւս ճոխացուցին փառատօնը: Ներակաները վայելեցին շրջանիս սիրուած արուեստտներուն հրամցուցած երգերը, հայկական երաժշտութիւն, համադամ ուտեստեղէն ու հրավառութիւն:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութիւն իր անսահաման երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հսկայ կամաւոր բանակին՝ Նաւասարդեան կազմակերպող բոլոր յանձնախումբերուն, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ շրջանային յանձնախումբերուն, որոնց անսակարկ նուիրումին, զոհաբերութեան եւ հաւաքական աշխատանքին շնորհիւ  Նաւասարդեանը 47րդ մարզախաղերն ու փառատօնը այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուեցան:  

Եւ վերջապէս յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր այն անհատներուն, կազմակերպութիւններուն եւ

հաստատութիւններուն, որոնց նիւթական օժանդակութիւնը մեծապէս նպաստեց այս մեծածաւալ

ձեռնարկի յաջողութեան:

Ստորեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 47րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Ընդհանուր դասաւորման արդիւնքները.-

ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մասիս Մասնաճիւղ 

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շանթ Մասնաճիւղ 

ՖՈՒԹՊՈԼ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըս Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անի Մասնաճիւղ 

ՎՈԼԻՊՈԼ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մասիս Մասնաճիւղ 

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըս եւ Ազատամարտ Մասնաճիւղեր 

ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շանթ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըս Մասնաճիւղ  

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կարս Մասնաճիւղ 

ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շանթ Մասնաճիւղ 

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մասիս Մասնաճիւղ 

ԹԵՆԻՍ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անի Մասնաճիւղ 

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոռի Միաւոր 

ԼՈՂ

Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անի Մասնաճիւղ

Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սիփան Մասնաճիւղ

Գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արարատ Մասնաճիւղ 

Share