Եղբայր Արամ Պէքարեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ազգանուէր ջերմ յարկի մը տակ: Ան երկրորդ զաւակն է իր ծնողներուն: Պատանեկան տարիքէն սկսեալ, իր կեանքի մէկ կարեւոր մասը գրաւած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան եւ Ազգ. Հայկազեան վարժարաններէն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն: 1970-ին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանի Հալէպի մասնաճիւղին:
1980-ին փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ զբաղած՝ ոսկերչութեամբ, ապա փոխատուութեան աշխատանքով (Loan): Քանի մը տարի ետք, ան ծանօթացած է եւ ամուսնացած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ասէր Քոյր Լենա Յակոբեանին հետ, եւ անոնք միասնաբար կազմած են հայաբոյր օճախ մը, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Գէորգ եւ Սօսի, որոնք հասակ առած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շարքերուն մէջ՝ ազգային գիտակցութեամբ եւ հայրենասիրական ոգիով: Տարիներ ետք ընտանիքը բազմացած է, Սօսին կազմած է իր ընտանեկան ջերմ բոյնը Քրիստափոր Մաթիին հետ, իսկ Գէորգը՝ Թիֆընի Մինասեանին հետ, որոնք մեծ հայրն ու մեծ մայրը բախտաւորած են թոռներով:
1982-ին, Եղբ. Արամ անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ուր իր գործօն մասնակցութիւնը բերելով ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ:1982-ին եղած է Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդի անդամ, իսկ 1986-ին՝ մասնաճիւղի վարչական: 2006-ին փոխանցուած է Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ եւ վարչական ընտրուելով, մեծ ներդրում բերած է մասնաճիւղի վերելքին ի խնդիր:
Մեծարեալ եղբայրը երկար տարիներ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային եւ կեդրոնական մակարդակներուն վրայ: Իր ունեցած առողջ ղեկավարի յատկութիւններուն, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, նուիրումին ու կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ, իրեն վստահած են բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ (2012), Շրջանային Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ (2014), Շրջանային Վարչութեան ատենադպիր (2016), «Հրաշք» Բաժանմունքի յանձնախումբի ատենապետ (2018), Կեդրոնական Վարչութեան Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական «Հրաշք» Մարզախաղերու յանձնախումբ (2022)։
Եղբ. Արամին դերը մեծ եղած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Հրաշք» Բաժանմունքի ստեղծման մէջ: Յիշենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Հրաշք» Բաժանմունքը հիմնուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 100-ամեակին առիթով, համախմբելու յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներն ու երիտասարդները: Եղբ. Արամը անվերապահօրէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ բաժանմունքի աշխատանքներուն: Ներկայիս, ան «Հրաշք» Բաժանմունքի յանձնախումբի անդամ է:
2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը, նկատի ունենալով եղբ. Արամ Պէքարեանին Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հանդէպ ցուցաբերած միութենական զոհողութիւնները եւ անսակարկ նուիրումը՝ ընդառաջած է մասնաճիւղի դիմումին եւ զայն պարգեւատրած՝ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանով:
Եղբայր Արամին համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր կեանքի դպրոցն է, որմէ ժառանգած է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու քաջութիւնը: Ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ին շնորհիւ կրցած է ունենալ ընկերային լայն շրջանակ եւ հայաբոյր մաքուր շրջապատ, որուն համար մեծապէս երախտապարտ է իր սիրելի կազմակերպութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որ կը նկատուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի ամենակարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկը:
Եղբ. Արամը յաջողած է հայ ընտանիք կազմել՝ պահպանելով հայերէն լեզուն, ազգային ոգին եւ մշակոյթը: Եղբօր իղձն է, որ նորահաս սերունդները եւս կազմեն հայաշունչ ընտանիքներ՝ պահելով հայերէն լեզուն եւ հայուն ինքնութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Եղբայր Արամ Պէքարեանը՝ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական» տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով, որուն իսկապէս արժանի է: Վստահ ենք, որ ան իր աշխատասիրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հանդէպ ունեցած սիրոյն, յարգանքին ու հաւատքին, բարի օրինակ պիտի հանդիսանայ նորահաս մեր սերունդներուն: