Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատ խափանելը սրբապղծութիւն է․ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալբանդյան

Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատ խափանելը սրբապղծութիւն է․ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալբանդյան

Մայիսի 28-ին, Հայ Ժողովուրդի մաքառումի, պայքարի եւ պետականութեան կերտման ոգով խորհրդանշուող եւ մեր ժողովուրդի հերոսներուն արիւնով եւ մարտիրոսացումով ամրագրուած, Հայաստանի Ա Հանրապետութեան անկախութեան տօնին, ցաւ ի սիրտ, ականատեսը եղանք իր տեսակին մէջ նախադէպը չունեցող ամօթալի եւ դատապարտելի երեւոյթի մը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամնեայն Հայոց Կաթողիկոսի մուտքը կ’արգիլուի Սարդարապատի Հերոսամարտի Յուշահամալիր, ուր Հայոց Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող եկեղեցականաց դասը իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէին հերոսներուն յիշատակին եւ պիտի աղօթէին անոնց հոգիներուն հանգստութեան համար:

Ըլլալով Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ եւ ապրելով ոչ քրիստոնէական երկրին մէջ ու համագործակցելով Սուրիոյ ոչ քրիստոնէական կառավարութեան հետ, նոյնանման անյարգալից եւ խայտառակ երեւոյթ մը անկարելի է անգամ պատկերացնել:

Մայիսի 28-ը հայ ժողովուրդի ինքնութեան հերոսական եւ յաղթական փառապանծ տօնն է: Արդարեւ նուիրական այս օրը ՀՀ ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան պատասխանատուներուն կողմէ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատ խափանելը սրբապղծութիւն է թէ՛ Սարդարապատ-սրբավայրին, թէ՛ հայուն ինքնութեան եւ թէ՛ հոգեւոր-ազգային մեր բոլոր արժէքներուն, եւ ամօթալի ապտակ հայու յաղթական ոգուն:

Մենք խստիւ կը դատապարտենք ամօթալի եւ անհանդուրժելի այս քայլը, որ կատարուեցաւ ոստիկանութեան, հրամանատարներուն եւ իշխանութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Սա, միանշանակ, ՀՀ իշխանութեան կողմէ հրահրուող եւ հովանաւորուող նորովի եւ նորօրեայ հալածանք է Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, որը կարծես արդէն Հայաստանի պետական քաղաքականութեան կերպարանք կը զգենու:

Հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի պետական եւ իշխանութեան բոլոր պատասխանատուներուն վերանայելու իրենց ապազգային ընթացքը եւ չհատելու անթոյլատրելիութեան սահմանները:

Կ’աղօթենք առ Ամենակալն Աստուած, որ Ան Իր ողորմութեամբ խաղաղ եւ ապահով օրեր պարգեւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Share