ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Դանիէլեան կը գրէ.
Այսօր Եւրոպական խորհրդարանի 7 պատգամաւոր տարածած են համատեղ յայտարարութիւն՝ շեշտելով, որ «Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած բողոքի շարժումը կ՝արտացոլէ հայ հասարակութեան տարբեր շերտերու պատկանող քաղաքացիներու գոյաբանական հարցերուն վերաբերեալ մտահոգութիւնը»:
Միաժամանակ, Եւրոպական խորհրդարանի գործընկերները կոչ ըրած են Հայաստանի կառավարութեան զերծ մնալու անհամաչափ ուժի կիրառումէն, ինչպէս նաեւ ցանկացած այլ քայլէ, որ կրնայ խոչընդոտել ՀՀ քաղաքացիները՝ իրացնելու իրենց սահմանադրական իրաւունքները։
Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ
«Ընկերուար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը (Internation Union of Socialist Youth – IUSY), որուն անդամ է ՀՅԴ Երիտասարդականը:
Յայտարարութեան մէջ միջազգային կազմակերպութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտած է կապուած Հայաստանի հանրապետութեան եւ ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին հետ` նշելով, «ազրպէյճանը ուժի սպառնալիքի պայմաններով կ՝իրականացնէ այս գործընթացը, որուն հետեւանքով կը խաթարուի Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը»:
IUSY-ն, դատապարտելով ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիռարումը եւ բռնաճնշումները Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, կոչ ըրած է՝ «Յարգել Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ խօսքի եւ անհամաձայնութեան արտայայտման սահամանադրական իրաւունքը»: