«Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամը դիմումնագրեր կ՛ընդունի 2024-2025 տարեշրջանի համար

«Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամը դիմումնագրեր կ՛ընդունի 2024-2025 տարեշրջանի համար

«Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:

Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի կամ գոլէճի մէջ: 

Դիմումնագրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-

Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ  հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը: 

Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան առնչուող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին: 

Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով: 

Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:

Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):

Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2024, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ,

առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին:

HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS’ SCHOLARSHIP FUND

C/O WESTERN PRELACY

6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214

info@westernprelacy.org

Share