Վերջին օրերուն ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու կողմէ ցուցաբերուած աննախադէպ անյարգալից գործողութիւնները, անօրինականութիւնները և բռնութիւնները՝ պետական մակարդակով, անընդունելի են եւ կը նկատուին ոտնահարում՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեանը և մարդու իրաւունքներու նկատմամբ։
Հանրապետութեան օրուան առիթով, Մայիս 28-ի տօնակատարութեան ընթացքին, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Մայր Աթոռի միաբաններն այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիր, իշխանութիւնն ու անվտանգութեան աշխատակիցները եւ ոստիկաններու կողմէ դրդուած արգելքներն ու ամօթալի պահուածքը ոչ միայն մեծ վիրաւորանք էին Վեհափառ Հայրապետին և եկեղեցւոյ համար, այլև ողջ հայ ժողովուրդին։
Ոստիկանութեան կողմէ անընդունելի գործողութիւնները հանդուրժելի չեն և պէտք չէ մնան անպատիժ։ Այս անյարգալից պահուածքին հանդէպ, խիստ և հրապարակային արձագանքը անհրաժեշտ է: Նման խայտառակ արարքներ պէտք չէ անտեսուին, և բոլոր մեղաւորները եւ պատասխանատու կողմերը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին՝ օրէնքով սահմանուած կարգով։
Կոչ կ՝ուղղենք համայն հայութեան՝ շարունակել պայքարը յանուն հայրենիքի, Ազգային արժէքներու, արժանապատուութեան եւ սրբութիւններու պահպանման։
Հ.Յ.Դ. Եգիպտոս
30 Մայիս 2024