Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
2022ի Ապրիլ ամիսը կը նշանաւորէ հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը։
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ամբողջ հայութեան համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին՝ Արցախի պատերազմի ծանր պարտութենէն ու անկէ ետք յամեցող հարցերէն ետք, բայց մանաւանդ վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանի նորանոր սադրանքներու լոյսին տակ, հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը աչալուրջ ու պատրաստակամ՝ ոտքի է ու լրջօրէն մտահոգուած, համայն հայութեան իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարելու պատրաստակամութեամբ։ Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն, եթէ մեր ամէնէն ազդու կարգախօսները մեր վերապրումին ու Սփիւռքեան պայմաններու մէջ հայապահպանումին վերաբերող լոզունգներն էին, ապա՝ այսօր, 107 տարիներ ետք, կանգնած ենք դարձեալ ճակատագրական պահերու առջեւ, երբ Ցեղասպան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ցեղասպանական ծրագիրը կը շարունակեն գործադրել հայութեան դէմ։ Ազգովին կը գտնուինք մեր հայրենիքի լինելութիւնը պատուհասող ճգնաժամային կացութեան մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները շարունակաբար ենթակայ են ատրպէյճանական մշտական ոտնձգութիւններուն։ Թուրք-ազերիական ճնշումներն ու յարձակողապաշտութիւնը մէկ նպատակ ունին. Արցախը շնչահեղձ պահել եւ հայաթափման մղել։ Աւելին, ընձեռուած որեւէ առիթով՝ շարունակել ցեղասպանական մոլուցքը եւ հայաջնջման ծրագիրը։
Միայն պահանջատէր եւ իրաւատէր հայութիւնն է որ կրնայ ազդարարել միջազգային հանրութեան, թէ Ցեղասպանութեան դատապարտումի ու անոր կանխարգիլումի ձախողութիւնը՝ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու գործադրութեան առիթ կը դառնայ, այնպէս ինչպէս կը տեսնենք արդէն Արցախի հերոս ժողովուրդի դէմ շարունակաբար գործադրուող ճնշումները։
Հայութիւնը պարտաւոր է ազգային արժանապատուութեամբ առերեսուելու իր ապագային հետ։ Պահպանելու համար մեր ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու իրաւունքները, Արցախի գոյութիւնը եւ հայութեան ապրելու երաշխիքը։
Մեր սուրբ առաքելութեան հաւատարիմ մնալով, միացած եւ ուժեղ՝ դարձեալ կը համախմբուինք մեր ազգային պատմական թուականին ընդառաջ։
Հայրենակիցներ,
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ իւրաքանչիւր պահանջատէր հայու՝ ներկայ գտնուելու եւ ազգային զգօնութեամբ ու համախումբ ներուժով մասնակից դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի, Քալամաթայի մէջ։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբ