«Տաւուշի յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազան 24 մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 26 մայիսին նախատեսուող հանրահաւաքին եւ հաստատեց, որ ակնկալութիւնները շատ մեծ են, եւ այդպիսով մուտք պիտի գործենք յաւելեալ ճշգրտման փուլ, հանդիպումին ընթացքին պիտի խօսին այն օրակարգին մասին, որով պիտի շարունակեն շարժումը, անոր տրամաբանութեան մասին, ոչ թեկնածուներու:
«Մեծ յագեցած օրակարգ է: Գիտէք` հանդիպած եմ տարբեր խումբերու մասնագէտներու հետ, ահռելի ներուժ կայ, ուրախ եմ, որ այդքան դրական արձագանգներ եկած են իրենց կողմէ, պատրաստակամութիւններ, գաղափարներ, հայեցակարգեր, ծրագիրներ ներկայացուած են: Պարզ է` բոլորը չէ, որ կեանքի կոչուելու իրաւունք ունին, բայց ահռելի թիւով ալ կան, որոնք պիտի նպաստեն գործին», դիտել տուաւ ան:
Վարչապետի թեկնածուի անուան յայտարարութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատ սրբազան այդ մէկը առաջնահերթութիւն չնկատեց. «Ատիկա որքան ալ յստակ օրակարգ է, բայց ամէնէն առաջնայինը չէ: Հաշուի առնելով հանգամանքները, ընդհանուր դաշտը, ժողովուրդի տրամադրութիւնները` ատիկա չէ առաջնայինը»:
Լրագրող մը հարցուց, որ արդեօք Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ հանդիպում կայացա՞ծ է, սրբազանը ըսաւ, որ ոչ միայն Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ տեսակցած է, այլ նաեւ սրբազաններու, որոնց հետ քննարկումներուն ընթացքին լուսարձակի տակ բերուած է ամբողջ շարժման տրամաբանութիւնը, կատարուելիքները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ կարելի պիտի ըլլա՞յ հեռացնել այս իշխանութիւնը` ան ըսաւ. «Միանշանակ, յաջողելու խնդիր չկայ, անհրաժեշտութիւն կայ»: