«Անիբալը դռան մօտ է»

«Անիբալը դռան մօտ է»

Պատմութեան մէջ ծանօթ է այս խօսքը, որ կը նկարագրէ Կարթագինացի (Ափրիկէ) Աննիբալ զօրավարի բանակին Հռոմ մայրաքաղաք մօտենալը եւ պաշարումը։ Այս ասոյթը ընդհանրապէս կը բնութագրէ մօտալուտ ազգային աղէտ մը։

2020 թուականի 44օրեայ պատերազմին յաջորդող տխրահռչակ համաձայնութենէն ետք՝ 2023 Սեպտեմբերին, հայրենի իշխանութեան ծնողական գուրգուրանքէն զրկուած Արցախահայութեան գաղթը ի Հայաստան, իսկ ներկայ ամսոյս 15ին Տաւուշ մարզի ոսկեայ պնակի վրայ Ատրպէյճանի յանձնումի ուղղութեամբ հայրենի իշխանութեան բանակցութիւնները, որուն անկասկած պիտի յաջորդեն աւելի մութ ծրագիրներ, համազգային ահազանգ բարձրացուցած են Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։

Այս ուղղութեամբ, Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարեդարձին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ խոհեմազարդ Հայրապետ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի պատգամը կը ներկայանայ որպէս տոկուն ուղեգիծ դուրս գալու համար համազգային այս աղէտէն։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը՝ իր բոլոր համայնքներով ու քոյր կազմակերպութիւններով, առաջնորդուած Վեհափառ Հայրապետի առարկայական եւ հեռատես պատգամով, զօրավիգ կը կանգնի Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, Արցախահայութեան մայր հողին վերադարձին, անմեղ գերիներու տուն վերադարձին եւ Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, նշանաբան ունենալով՝ Արդարութիւն, Խաղաղութիւն եւ Բարգաւաճում։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի

Share