ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ Մայիս 3-ին տեղի ունեցաւ թեմի տարեկան պատգամաւորական ժողովը, նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Արիզոնայի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ: Ժողովը սկիզբ առաւ Սրբազան Հօր աղօթքով, ուր նաեւ «Հոգւոց» աղօթք արտասանեց ի յիշատակ Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայութիւն մատուցած հոգելոյս Արիս Արք․ Շիրւանեանին, Տաթեւ Աւագ Քահանայ Թաթուլեանին, Ճորճ Ուզուեանին եւ Պապ Տէր Մաթոյեանին։ Ապա Սրբազանը բարի գալուստ ու բարի ծառայութիւն մաղթեց Արեւմտեան Թեմ նոր ժամանած հոգեշնորհ Տէր Անանիա Վրդ. Ծատուրեանին եւ Տէր Թադե Քահանայ Թախմազեանին․ որմէ ետք կատարուեցան ներկաներու ստուգում, օրակարգի հաստատում եւ նախորդ Պատգամաւորական ժողովի վաւերացում:
Բացման նիստին ներկայ պատգամաւորները ակնածալից յարգանքով ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի գիրը՝ ուղղուած Պատգամաւորական ժողովին: Նորին Սրբութիւնը Իր Հայրապետական Գիրին մէջ Հայրապետական Իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսին, հոգեւորականաց դասին, Թեմական եւ Ծխական խորհուրդներուն եւ Պատգամաւորական ժողովի անդամներուն: Հարոց Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադաձաւ Արեւմտեան Թեմին Միացեալ Նահանգներու ու Մեքսիքոյի զաւակներուն մատուցած արդիւնաւոր ծառայութեան, կազմակերպելով անոնց ազգային-եկեղեցական կեանքը: Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Արեւմտեան Թեմի զաւակներուն, որոնք ընծայաբերումներով իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն բռնի տեղահանուած արցախցիներուն եւ սատար կը հանդիսանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարեսիրական ծրագիրներուն: Հայոց Հովուապետը Իր Հայրապետական Գիրին մէջ բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթենց Թեմի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային բազմածաւալ ու պատասխանատու առաքելութեան։ Վեհափառ Հայրապետը Հայրական Իր օրհնութիւնները յղեց Թեմական բոլոր կառոյցներուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ազգասէր բարերարներուն, յորդորելով յատկապէս քաջալերել երիտասարդ սերունդի հայրենասիրական զգացումները, որովհետեւ Հայրենիքն է մեր ժողովուրդի յարատեւութեան երաշխիքը եւ ազգային մեր իղձերու իրականացման ամուր պատուարը:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ ներշնչող եւ հոգենորոգ խորհրդածութեամբ ելոյթ ունեցաւ Թեմիս հոգեւորականներէն Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վրդ. Աբգարյանը:
Հայր Սուրբի խորհրդածութենէն ետք տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի, ընտրական եւ նշանակումներու յանձնախումբերու նոր անդամներու ընտրութիւնը, որուն յաջորդեց Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ անցնող քսան տարիներու Առաջնորդարանի ընդարձակածաւալ ու բազմանպատակ ծառայական վաստակին ու ձեռքբերումներուն նուիրուած յատուկ տեսաերիզին ցուցադրութիւնը։
Ապա Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը Պատգամաւորական ժողովին փոխանցեց իր պատգամը: Ան բնաբան ընտրած էր հետեւեալ խօսքերը՝ «Քու գործերդ Տիրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (Առ 6:3): Սրբազանը իր խօսքին սկիզբը, անդրադառնալով նախորդ տարուայ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին ժողովականներու վստահութեան քուէին արժանանացած ըլլալու հանգամանքին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին եւ վերահասատեց անձնուրաց նուիրումով ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ անխախտ վճռականութեամբ առաջնորդելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի եկեղեցական-ազգային կեանքը՝ միասնաբար դիմակայելով առկայ մարտահրաւէրները: Սրբազանը շեշտեց, թէ Առաջնորդանի բոլոր նախաձեռնութիւններն ու իրագործումները հիմնաւորուած են քրիստոնէական եւ հայկական ժառանգութեանց յաւերժական արժէքներուն վրայ: Սրբազանը ռազմավարական յստակ ուղղութիւններ ուրուագծելով, ժողովի մասնակիցները հրաւիրեց հաւաքական աշխատանքով իրականացնելու Արեւմտեան Թեմի համատարած առաքելութեան տեսլականին ու առաքելութեան բազմակողմանի գործունէութեան բնագաւառները։
Անդրդառնալով հոգեւորականներու ուսումնական կեանքին ու մշակութային պատրաստութեան՝ Սրբազանը յայտնեց, թէ պատրաստուած հոգեւորականներ երաշխաւորելու գծով Արեւմտեան Թեմը կարեւոր յանձնառութիւն եւ պատասփանատուութիւն է վերցուցած: Ժամանակակից հոգեւորականը հագեցած պէտք է ըլլայ անհրաժեշտ գիտելիքներով, խոնարհութեամբ լծուելու արդիւնաւէտ առաքելութեան, հասնելու մեր ժողովուրդի զաւակներու բազմակողմանի կարիքներուն: Այս ծիրէն ներս Սրբազանը յատուկէն անդրադառձաւ «Խնամատարական» մարմնի ծրագրին, որ կը ձգտի հոգեւորականները մղել դէպի բարձրագոյն ուսում, միաժամանակ ընդարձակելով անոնց մշակութային հորիզոնը: Սրբազանը շեշտեց Սուրբ Ներսէս Ընծայարանին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, հոգեւոր ուսումնարան մը, որ քահանայութեան նոր թեկնածուներուն կը մատակարարէ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում եւ հայեցի կրթութիւն։
Խօսելով շինարարական նոր նախաձեռնութիւններու մասին, Սրբազանը ըսաւ, թէ անոնց հիմնական պատճառը Արեւմտեան Թեմի ընդլայնումն ու թիւի զգալի աճն է: Անոնք նաեւ կը միտին եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ամրապնդել եւ հասանելի դարձնել ամբողջ Արեւմտեան Թեմի ափին: Այս բոլորը կը կատարուին ծրագրաւորուած եւ յստակ ռազմավարութեամբ, բաւարարելով մեր համայնքի թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ դաստիարակչական, թէ՛ կրթական ու մշակութային կարիքները: Արեւմտեան Թեմի շինարարական ծրագիրները փոխակերպիչ հանգամանք կը կրեն եւ Թեմը կը պահեն ծաղկուն ու կենսունակ եւ բոլորին համար կը դառնանան խրախուսիչ ու ներշնչող կռուան:
Անդրադառնալով Մնայուն Հիմնադրամին, Սրբազանը գնահատելով Թեմի հիմադիր հայրերու հեռատեսութիւնը, յայտնեց, թէ՝ Հիմնադրամը վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին անուրանալի աճ արձանագրած է: Սրբազանը մաղթեց, որ Արեւմտեան Թեմի զաւակները, ջահակիրներն ու ջատագովները դառնան մեր առաքելութեան, իրենց ներդրումը բերելով ու նպաստելով մեր հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան ընդարձակման եւ մեր համայնքներու ու ծուխերու հզօրացման:
Սրբազանը Քրիստոսի «Սիրեցէք զիրար ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի» պատուիրանը նմանցուց փարոսի մը, որ ճամբայ կը հարթէ եւ կը լուսաւորէ ընկերային եւ մարդասիրական օժանդակութեան մեր կեանքի ուղին։ Առաջնորդարանի մարդասիրական առաքելութիւնը կարիքաւորին ցաւը կը մեղմէ, յոյս կը ներշանչէ, կեանքեր կը կերպարանափոխէ եւ բարօրութիւն կը պատճառէ, ըսաւ Սրբազանը։
Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական ժողովի իր զեկոյցին մէջ Սրբազանը խոր մտահոգությամբ լուսարձակի տակ առաւ ժամանակակից բարդոյթները, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ցնցումները եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու անկումները, որոնք կը վտանգեն մեր դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը: Սրբազանը ըսաւ, թէ անոնք բոլորը կրնանք յաղթահարել հովուական խնամքի ջանքեով, յոյս ներշնչելով եւ մեր համայնքները եւ անոնց ծառայական կերպարը զօրացնելով, որովհետեւ, եկեղեցականին նպատակն է սնուցանել հոգիները եւ ընկերանալ հաւատացեալին, թէ՛ անոր ուրախութեան եւ թէ՛ դժբախտութեան պահերուն։
Արձագանգելով աշխարհականներու կենսական դերակատարութեան՝ Սրբազանը շեշտեց, թէ՝ անհնար է հոգեւորականին համար առանձինն կրել ծառայութեան քաղցր բեռը: Ժողովականներու գործնական եւ ինքնաբուխ ներգրաուուածութեամբ կը բացայայտուին մեր համայնքի զաւակներու բազմաթիւ տաղանդները եւ մեր գործունէութիւնը կը դառնայ ազդեցիկ եւ արդիւնաւոր:
Սրբազանը յայտնեց, թէ՝ շնորհիւ համացանցին եւ արդի աշխարհին ընձեռած հաղորդակցութեան դիւրութիւններուն Առաջնորդարանը կարողացած է ընդլայնել իր առաքելութեան շրջագիծը եւ հասանելի դառնալ բոլորին: Առաջնորդարանի ստեղծած Epostle.net-ը եւ արդի հաղորդակցութեան եղանակները միջոց դարձան թէ՛ ներքին համայնքային եւ թէ՛ արտաքին յարաբերական կապերը ամրապնդելու բոլորին հետ։
Սրբազանը յայտնեց, թէ՝ արագ զարգացող աշխարհին մէջ Արեւմտեան Թեմի ապագային համար կը ձգտինք քայլ պահել նորարարութիւններուն հետ, որդեգրելով ստեղծագործ մտածողութիւն: Մեզի համար հրամայական է համակերպիլ փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Այս առումով, Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց, որ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան յատուկ առաքելութեամբ պիտի ղեկավարէ Թեմի «Հաստատութենական Նորարարութեան» (Institutional Innovation) երկարժամկէտ ծրագիրը, որուն նպատակն է լաւագոյնս օգտուիլ գիտութեան եւ նորարարութիւններու հնարաւորութիւններէն, մեր հոգեմտաւոր ու հայկական մշակոյթային արժէքներուն տէր կանգնելու ու զանոնք տարածելու նպատակով:
Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազանը ըսաւ, որ Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեակի սեմին, կը վերահաստատենք մեր սէրն ու նուիրուածութիւնը Մայրենի մեր Եկեղեցւոյ նկատմամբ: Ան հրաւիրեց բոլորը ջանասիրաբար հետամուտ ըլլալու եկեղեցւոյ առաքելութեան ամրապնդման:
Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Արեւմտեան Թեմի ընդարձակածաւալ առաքելութեան ու ծառայութեան եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար Անոր Հայրական աջակցութեան եւ քաջալերանքին համար: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասին, Թեմական ժողովին եւ Ծխական խորհուրդներուն իրենց անսակարկ նուիրումին ու ծառայութեան համար: Վերջապէս Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի անձնակազմին, գլխաւորութեամբ վարիչ տնօրէն Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեանին:
Այնուհետեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեան, Առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութիւն Սարկաւագ Մարգարեան, Տիար Տիրան Աւագեան եւ Epostle Mission-ի մասին Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեան յաջորդաբար փոխանցեցին իրենց զեկոյցները: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազանին եւ բոլոր նուիրեալ սպասաւորներուն անցնող տարեշրջանին իրականացած բազմաթիւ ձեռքբերումներուն ու ընթացիկ աշխատանքներուն համար, որոնք առնչուած են Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ ծուխերուն հետ: Իսկ Դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան եւ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան ներկայացուցին ռազմավարական նոր ծրագիրը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամն ու զեկոյցները յառաջիկային պիտի հրատարակուին՝ նկատի առնելով անոնց կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովը յետ քննարկման վաւերացուց Առաջնորդարանի 2025 թուականի պիւտճէն եւ կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-
Իր փակման խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմի հոգեւորականաց դասին, Թեմական ժողովին եւ Ծխական խորհուրդներուն իրենց նուիրումին, ծառայութեան, ցուցաբերած սիրոյն եւ աջակցութեան համար: Ան գնահատեց Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Տիար Բարլո Սրկ. Տէր Մկրտիչեանը, Փոխատենապետ՝ Սթիւ Ատամսը եւ քարտուղարուհի՝ Փամելա Ապաջին։ Սրբազան հայրը «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» խաչով պարգեւատրեց Տիար Տէրիք Ղուկասեանը որպէս օրինակելի քրիստոնեայ եւ իր օրինակելի հովուական ծառայութեան համար «Տարուայ Հոգեւորական» յայտարարեց Սան Ֆրանսիսկոյի Սուրբ Յովհաննէս Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշը, իսկ Archbishop Award-ը շնորհեց Տիկին Քաթի Քասարճեանին: Ան երախտիքի խօսքեր ուղղեց հիւրընկալ Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Զաքարիա Քահանայ Սարիբեկեանին եւ որպէս գնահատանք լանջախաչ շնորհեց անոր: Սրբազանը յատուկէն գնահատեց Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը իրենց հիւրասիրութեան եւ ծառայութեան համար եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին նուիրեց ձեռագործ եկեղեցւոյ նկարաքանդակներ: Սրբազանը տարուայ ծուխը յայտարարեց Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին:
Վարդան Նազիրեան – Ատենապետ
Տէրիք Ղուկասեան – Փոխատենապետ
Միքայէլ Միսաքեան – Գանձապահ
Սիւզի Գրիգորեան – քարտուղար
Հոգշ Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան – խորհրդական
Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճեկեան – խորհրդական
Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան – խորհրդական
Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեան– խորհրդական
Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեան – խորհրդական
Պետրոս Անսէրեան – Խորհրդական
Սիլվա Քաչիկյան – Խորհրդական
Ալէքս Էպիսով – Խորհրդական
Վարուժան Ալթըպարմաքեան – խորհրդական
Դոկտ. Արթին Քնաճեան – խորհրդական
Արա Երկանյան – Խորհրդական
Ամփոփելով իր խօսքը Տիկնանց երկօրեայ, Հոգեւորականաց եւ 97-րդ Պատգամաւորական ժողովի նիստեր վերաբերյալ՝ Բարձրաշնորհ Սրբազանը ընդգծեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան հիմքը պիտի կազմեն Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին արտասանուած պատգամն ու կատարուած ներկայացումները, որոնք ծառայական ամբողջանուէր ուղղութիւն կը թելադրեն բոլորին: Սրբազանը ըսաւ, որ «մեր բոլոր ձգտումները կ՛իրականանան ինքնաճանաչման ճամբով, եկեղեցին դարձնելով իրականութեան հետ համապատսխանող եւ այժմէական հոգեւոր կառոյց մը եւ նպատակամղուելով դէպի ապրող ու կենդանի եկեղեցի»: Սրբազանը վերջապէս շեշտեց, թէ՝ ինչպէս անցնող քսան տարիներու ընթացքին, նոյնպէս եւ յառաջիկայ տասնամեակներուն համար Արեւմտեան Թեմը աչալրջութեամբ յանձնառու պիտի ըլլայ պատրաստել նոր հոգեւորականներ, հաստատել նոր ծուխեր ու կատարել նոր նշանակումներ, ունենալով Թեմական հովուական-ծառայական նոր մակարդակի յստակ տեսլական մը:
Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովը, Առաջնորդ Սրբազան հօր ղեկավարութեամբ, մեկնարկեց նոր, երկարաժամկէտ թեմական կառոյցի նորարարական նախագիծ մը, որուն նպատակն է Թեմը դարձնել աւելի ժամանակակից կազմակերպութիւն մը, որ կրնայ բարգաւաճիլ յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ` նոր ու աւելի արդիւնաւէտ ձեւերով, նպատակ ունենալով զգալի արժէք՝ ստեղծել Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքներուն համար:
Դիւան Առաջնորդարանի
8 Մայիս, 2024