Թեմի երեսփոխանական ժողովի դիւանի յայտարարութեան համաձայն, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ, 2024-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին ընթացք առաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 51-րդ ժողովը (արտահերթ նիստ), նախագահութեամբ Առաջնորդ` Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․Արք․ Տօնոյեանի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ։
Միօրեայ ժողովին ընթացքին, մասնակից հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխաններ փակ քուէարկութեամբ կատարեցին նոր Առաջնորդի ընտրութիւն, որ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը․ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեանը 27 ձայն, Գերպ․ Տ․ Միւռոն Ծ․ Վրդ․ Ազնիկեան՝ 7,ճերմակ քուէ՝ 6:
Այս առիթով, Թորգոմ Սրբազան յանուն Արեւմտեան Թեմին, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ իր բոլորանուէր զօրակցութիւնը յայտնեց նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան մէջ։
Նոր ընտրեալ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Գեղամ Ս․ Արք․ Խաչերեան քաղաքս կը ժամանէ Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2024-ին։