Իրանը խոստացել է իսրայէլական նոր յարձակման դէպքում վայրկեանների ընթացքում պատասխանել

Իրանը խոստացել է իսրայէլական նոր յարձակման դէպքում վայրկեանների ընթացքում պատասխանել

Թեհրանը վայրկեանների ընթացքում կպատասխանի, եթէ Իսրայելը փորձի յարձակուել Հանրապետութեան վրայ։ Այսպիսի յայտարարութիւն է արել Իրանի փոխարտգործնախարար Ալի Բաղերին։

«Եթէ փորձի դիպչել իրանական հողին, ապա անպայման կը ստանայ նախորդից շատ աւելի ուժեղ հարուած: Եթէ եւս մէկ սխալ թոյլ տա, պատասխանը կը լինի ուժեղ եւ անյապաղ, եւ կչափուի ոչ թէ օրերով կամ ժամէրով, այլ կը լինի վայրկեանների ընթացքում»,- նրա խօսքերը մէջբերում է IRNA գործակալութիւնը։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Իսրայէլի դէմ մեր քայլերը ինքնապաշտպանութիւն էին եւ բռնագրաւող գոյացութեան յարձակումներուն հակադարձութիւն»:

«Արհեստավարժ կերպով վարուեցինք, եւ Իսրայէլին մեր հակադարձութիւնը տրամաբանական եւ պատասխանատու էր», ասաւ Քանանին:

«Շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն չենք ուզում», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մեր քայլը անհրաժեշտ էր եւ յարմար հետեւանք սիոնական գոյացութեան ու Արեւմուտքի անպատասխանատու վարմունքի»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը իր կարգին զգուշացրեց. «Իսրայէլեան յառաջիկայ որեւէ քայլ տասնապատիկը աւելի կարծր հակադարձութեան կարժանանայ»:

«Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին շղթայազերծած հսկայական հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 2-րդ յօդուածի հիմամբ յարձակումի դրդապատճառը սիոնական վարչակազմին բոլոր կարմիր գիծերը անցնիլն էր», նշեց խորհուրդը:

Խորհուրդը զգուշացրեց Իսրայէլին ասելով. «Այնքան ժամանակ որ սիոնական վարչակարգը ուզում է շարունակել որեւէ միջոցով եւ որեւէ մակարդակի վրայ Իրանի դէմ իր չարամիտ արարքները, առնուազն տասնապատիկը հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան մի պաշտօնատար յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները իրանեան յարձակումից առաջ եւ յետոյ Իրանի հետ զուիցերիացի միջնորդներու ճամբով կապի մէջ է մտել:

Պաշտօնատարը մերժեց հաղորդակցութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնել եւ բաւարարուեց նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը «զուիցերիական խողովակով մի շարք ուղղակի հաղորդակցութիւններ» են ունեցել:

Պատասխանելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Աբդոլլահեանի այն խօսքին, թէ Թեհրան շրջանի երկիրները 72 ժամ առաջ յարձակումին մասին տեղեակ է պահաել, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ասաւ, որ դա ճիշդ չէ: «Որեւէ լուր չտուեցին», ասաւ նա` աւելցնելով. «Յստակօրէն մտադիր էին քանդում կատարել եւ զոհեր պատճառել»:

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի գրասենեակից մի պատասխանատու ամերիկեան «Էն.բի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնաել է. «Իսրայէլ չի կրրող մեծ յարձակումը անպատասխան ձգել, եւ որոշումը ձգուած է նախարարաց պատերազմական սեղմ խորուրդին»:

Ամերիկեան «Էյ.Բի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Փիթըր Լեռները յայտնել է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները յառաջիկայ օրերուն կը որոշեն Իսրայէլի վրայ կատարած Իրանի յարձակումին իրենց պատասխանը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը յայտնեց, որ «Փարիզ կարելի ամէն ջանք թափում է» Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումից խուսափելու համար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Դէյվիդ Քամերոնը իր կարգին Իսրայէլին կոչ է ուղղել չհակադարձելու Իրանին` ասելով, որ Իսրայէլը պէտք է «խելքով ու սրտով մտածէ», որովհետեւ Թեհրանի հարուածը գրեթէ լիակատար ձախողութիւն էր:

Share