Լուրեր ՀՄԸՄի Արևմտեան Շրջանից

Լուրեր ՀՄԸՄի Արևմտեան Շրջանից

Տոքթ. եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ՝ 

Պատուոյ Նախագահ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերուն

  Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ շրջանիս ամենամեծ ու անհամբերութեամբ սպասուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերն ու Փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ՝ ազգային բարերաներ տոքթ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն եւ դուստրը՝ Քրիսդընին, կրկին ոգեւորելու համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդներն ու անդամները:  Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները գոհունակ սրտով յանձն առին սոյն հովանաւորութիւնը, արդարեւ, անոնք իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են հայ ազգը: 


ՀՄԸՄի 2024 տարեշրջանի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»ական՝ Եղբայր Արամ Պէքարեան

     Ուրախութեամբ կը յայտնենք նաեւ, թէ այս տարուան 2024ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»ականի տիտղոսին պիտի արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝ Եղբայր Արամ Պէքարեանը, նկատի ունենալով եղբօր երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը, համեստ ու ազնիւ նկարագրով միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս:


  Հ.Մ.Ը.Մ.ի 38րդ ՔԱՀԱՄի Փակման եւ Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերու Բացման Հանդիսութիւն

  Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդը, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Մարտ ամիսներուն, Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղեր  (ՔԱՀԱՄ) կը կազմակերպէ՝ պասքեթպոլի, ոտնագնդակի (սաքըր), վոլիպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաձեւերուն մէջ: Անկասկած, որ ՔԱՀԱՄը իբրեւ գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մէջ արմատացնել մրցակցութեան ոգին: Միաժամանակ, այս մրցումներուն մասնակցող հայ աշակերտութիւնը կը ծանօթանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու անոր առաքելութեան:

     Ահաւասիկ, երկար ամիսներու գեղեցիկ մրցակցութեամբ շրջանը ոգեւորելէ ետք, Կիրակի, 17 Մարտ 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30ին, Glendale Commuinty College-ի մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ եզրափակուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 38րդ ՔԱՀԱՄ, բազմաթիւ համակիրներու ներկայութեամբ: Նոյն  հանդիսութեան ընթացքին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերուն եւ հանրութեան ներկայացուեցան անոնց պատուոյ նախագահութիւնը սիրայօժար ստանձնած շրջանէս ներս ազգային բարերաներ տոքթ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները:

     Օրուան խօսնակներն էին վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ Քոյր տոքթ. Սիւզի Օհանեանը (Մերտինեան Վարժարանի Տնօրէնուհի) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պըրպէնքի «Սիփան» Մասնաճիւղէն Քոյր Մանէ Շահպազեանը, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ ներկայացուցին օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ Եղբ. Մհեր Դաւիթեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ՝ Տէր եւ Տկն. Ճագ Իւրէճեան, Նաւասարդեան Մարզախաղերու նախկին պատուոյ նախագահներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայցուցիչներ, ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, բազմաթիւ ծնողներ, մարզասէր համակիրներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ: 

     Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք, հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ մարզադաշտ ներկայացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբը, որ իր ազգայնաշունչ քայլեղանակներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Շրջանային փոխ-խմբապետ Եղբ. Շանթ Միրզայեանսի գլխաւորութեամբ, դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան շրջանի արի-արենոյշները, որոնք ինքնավստահութեամբ ներկայացուցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները դարձեալ նուագեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուագախումբը: 

     Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ բարձրաշնորհ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի հայրական բարեմաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արժ. Տէր Մովսէս քահանայ Շաննագեանը, որ ներկաները հրաւիրեց միասնաբար կատարելու Տէրունական աղօթքը, շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄի մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

     Յանուն ՔԱՀԱՄի մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն, խօսք առաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տէմիրճեանի Վարժարանի Գլխաւոր Տեսուչ՝ Պրն. Դաւիթ Ղուկասեանը, որ շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄի 38րդ մարզախաղերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայկական դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր» սկզբունքով ապրելու կարեւորութիւնը: 

      Որմէ ետք, Սրբոց Նահատակաց «Մարի Գապայեան» Ազգ. Նախակրթարանի մանկապարտէզէն 5րդ կարգի աշակերտներու խանդավառիչ ելոյթը, մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:  

     Ապա, Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Փիէռ Մանուկեանը, որ բացատրելով ՔԱՀԱՄի կազմակերպման նպատակը ըսաւ. « Ամէն տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմակերպուող Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերը, բոլորիս ծանօթ ՔԱ.Հ.Ա.Մ.ը, նպատակ ունի շրջանի հայ աշակերտութիւնը համախմբելու, անոնց համար մարզական մաքուր մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ անոնց ծանօթացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն դռները միշտ բաց են բոլորիդ առաջ: Այս նպատակէն մղուած, անցնող քանի մը ամիսներու ընթացքին մեր աշակերտները խիտ շարքերով մասնակցեցան թեթեւ աթլէթի, վոլիպոլի, ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի մրցումներուն, նորանոր չափանիշեր արձանագրելով իւրաքանչիւր մարզաճիւղէ ներս:»

     Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու մարզիչներուն, իրաւարարներուն եւ յատկապէս ծնողներուն, որոնց տրամադրած անսահման ժամանակին եւ քաջալերանքին շնորհիւ իրականացան աշակերտական այս մարզախաղերը: Նաեւ, բարձր գնահատեց մեր սերունդները հայօրէն դաստիարակող, հայութիւնը պահպանող կրթական բոլոր օճախները, անոնց տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը, որոնք առիթը կ’ընծայեն իրենց հոգածութեան յանձնուած մեր մատղաշ սերունդներուն մտայինին առընթեր նաեւ ֆիզիքական դաստիարակութիւն ստանալու, հաւատարիմ մնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարգախօսին՝ «Առողջ միտք, առողջ Մարմնի մէջ»:

     Այնուհետեւ, Եղբ. Մանուկեան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական զոյգը՝. տոքթ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները, որոնք նախագահութիւնը ստանձնեցին Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Ճագ Իւրէճեաններէն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց 2024ի Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականը՝ Եղբ. Արամ Պէքարեանը, որոնք բեմ հրաւիրուեցան կատարելու մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մասնաճիւղերու եւ Հրաշք Բաժանմունքի ջահակիր մարզիկները հպարտօրէն մարզադաշտ ներկայացան, պատմական Նաւասարդեան մարզախաղերու անշէջ խարոյկէն՝ բոցավառելու Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերու ջահը, ուր     փողերախումբի թմբուկներու ոգեւորիչ հարուածներուն եւ հրավառութեան ներքոյ՝ խորհրդաւորապէս վեր բարձրացաւ Նաւասարդեանի խորհրդանիշը եւ եղբ. պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերը, խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները:

     Ոգեւորիչ այս մթնոլորտին յաջորդեց այնքան անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, գլխաւորութեամբ իրենց վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզիչներուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբի խրախուսիչ քայլեղանակներով, մարզադաշտ մուտք գործեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» Բաժանմունքի մարզիկները, որոնք 39 Հրաշք մարզիկներով իրենց մասնակցութիւնը բերին 38րդ ՔԱՀԱՄի թեթեւ աթլէթի մրցումներուն,  որոնց յաջորդեցին ՔԱՀԱՄի վարժարաններու մարզիկները, վարժարանի անունըը կրող ցուցատախտակով, հպարտօրէն դաշտ մուտք գործեցին «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս», «Արի Կիրակոս Մինասեան», «Հայ Քոյրերու», «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տէմիրճեան»,  «Մեսրոպեան», « Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան», «Վահան եւ Անուշ Շամլեան», «Սահակ Մեսրոպ» եւ «Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան» վարժարաններու աշակերտութիւնը, որոնք ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն արժանանալէ ետք, գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ ՔԱՀԱՄի մարզաճիւղերու ընդհանուր դասաւորման ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումը: Առաջնութեան տիրացած խումբերու ներկայացուցիչները հպարտութեամբ ստանձնեցին իրենց յաղթանակի բաժակները, արժանանալով ներկաներու քաջալերական բուռն ծափողջոյններուն: 

     Ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը ՔԱՀԱՄի մասնակցած իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնի յանձնեց յուշատախտակ մը, առ ի գնահատանք ՔԱՀԱՄի 38րդ Մարզախաղերու մասնակցութեան եւ հայ աշակերտութեան առողջ միջավայր մը ստեղծելու կարեւոր գործին աջակցած ըլլալուն համար: 

     «Տարուան Լաւագոյն Մարզական Պատասխանատու»ի գնահատագիրը ստացաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի մարզական պատասխանատու՝ Սուրէն Արզրումանեանը:


     Ստորեւ, մարզաճիւղերու ընդհանուր՝ դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացած վարժարանները.

 Պասքեթպոլ

Ա.- Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգ. Վարժարան 

Բ.- Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգ. վարժարան

Գ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան

Ֆութպոլ

Ա.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան

Բ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան

Գ.- Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգ. Վարժարան եւ Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան 

Վոլիպոլ

Ա.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան

Բ.- Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգ. վարժարան

Գ.- Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգ. վարժարան

Թեթեւ Աթլեթ

Ա.- Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Գապայեան Ազգ. Վարժարան

Բ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան

Գ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան

Դպրոցական ոգիի բաժակին արժանացաւ՝ (Spirit Trophy) Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Գապայեան Ազգ. Վարժարան

Մարզական ոգիի՝ (Sportsmanship Trophy) Հայ Քոյրերու վարժարան

Նուաճմանը՝ (Achievement Trophy) Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան

Շրջանային Վարչութիւն յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր կամաւոր բանակին՝ Շրջանային Մարզական Խորհուրդին, որոնց շնորհիւ այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուեցան ՔԱՀԱՄի 38րդ մարզախաղերը, ինչպէս նաեւ սոյն հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին, որոնք կազմակերպեցին այս շքեղ հանդիսութիւնը: 

Բոլորին Վարձքը կատար:

Share