15 Մարտ 2024-ին, Մարսէյի մէջ, քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ որոշումով (հայ համայնքի առաջարկով եւ գործակցութեամբ) բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին: Բացման թուականը յատկանշական է անշուշտ եւ զուգադիպութիւն չէ՝ Թալէաթի զգետնման օրը …
Քաղաքակական պաշտօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս արարողութեան ֆրանսերէն լեզուով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հրաչ Վարժապետեան, որ կատարելէ ետք Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի կողմէ որոշուած ապա նաեւ երեք տարիներու վրայ կատարուած «Նեմեսիս» գործողութեան ամբողջ պատմականը, ըսաւ.
«Սիրելի բարեկամներ,
Ի՞նչ պիտի ըսէր Սողոմոն Թեհլիրեանը, եթէ այսօր մեր մէջ ըլլար։
Ես ինծի յաճախ այս հարցը կու տամ։
Եւ ես, հաստատ համոզուած եմ, որ 2024 թուականի Մարտ 15-ին անոր ուղերձը պիտի ըլլար հետեւեալը.
Այս մութ օրերուն, երբ վտանգը համատարած է մեր ամբողջ ազգին համար, երբ այնքան արիւն թափած է, երբ մեր հերոսներով լեցուն է մեր սրբավայր Եռաբլուրի պանթէոնը ու անոնք դեռ չեն կրնար գտնել իրենց հանգիստը, Հայաստանի իշխանութիւնները կը համարձակին « բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել եւ արագօրէն բանալ սահմանները Էրտողանի Թուրքիոյ հետ, մեր ժամանակներու ամէնէն վատ բռնապետին հետ։
Մինչ արցախցի մեր հայրենակիցները կը հալածուին իրենց պապենական հողերէն, նոր գաղթականութեան կ’ենթարկուին, թշնամի Ատրպէյճանը կը գրաւէ անոնց տուները եւ հողերը, կը քանդէ այն ամէնը, ինչ որ անոնք կառուցած են, այս նոյն իշխանութիւնը կը համարձակի խօսիլ Ալիեւ դահիճին հետ հաշտութեան պայմանագրի մասին։
Ի՞նչ եւ ո՞ր խաղաղութեան մասին է խօսքը։ Այն պետութեան, որ սահմանին վրայ կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ ամենօրեայ յարձակումները բազմապատկելո՞վ։ Կամ այն պետութեան հետ, որ երէկուան եւ այսօրուան մեր թշնամին է եւ, որ կ’ուզէ որ մենք ընդմիշտ անհետանա՞նք։
Քանի դեռ թուրք-ատրպէյճան այս երկու եղբայրները կը շարունակեն իրենց սպառնալիքները եւ չեն արտօներ, որ հայ ժողովուրդը խաղաղ ապրի իր պապենական հողերուն վրայ, Ո’Չ հաշտութիւն, Ո՛Չ պայմանագիր, Ո՛Չ խաղաղութիւն կարելի է նախատեսել։
Միակ պայմանագիրը, որ մենք կը ճանչնանք` Սեւրի պայմանագիրն է, եւ միայն Թուրքիոյ կողմէ զայն կիրարկելու պարագային է, որ կրնան սկսիլ յարաբերութիւնները` Երևանի եւ Անգարայի միջեւ»։
Ահա թէ ի՛նչ կը յայտարարէր մեր ազգային հերոս Թեհլիրեանը, եթէ մեր մէջ գտնուէր այսօր»: