Կլէնտըլի նոր համալիրը իր եկեղեցիով ու վարժարանով ամրոց՝ մեր հաւատքի եւ ինքնութեան
«Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…»
Վահան Թէքէեան
Կլէնտըլի նոր եկեղեցւոյ ու յարակից վարժարանի կառոյցներու շինարարական ծրագիրների կապակցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմըի Առա’նորդարանը հրապարակած է սոյն հաղորդագրութիւնը:
Դարերու հոլովոյթին եւ կեանքի փոթորիկներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց հայը գոյատեւած է իր ոգեղէն կամքով եւ առ Բարձրեալն ունեցած իր անսահման հաւատքով: Իբրեւ երաշխիք իր հաւատաւոր ընթացքին, հայը ուր որ ալ գտնուած է, Հայրենի հողերուն վրայ կամ օտար երկինքներու տակ, եկեղեցի ու վարժարան է կառուցած եւ անոնցմով ինքզինք ամրապնդած, սերունդներ կորուստէ փրկած եւ իր հայրենի հողը զօրացուցած:
Այս ապրումներով ու հեռանկարներով առաջնորդուած, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ բարերարներու, Կլէնտըլի մեր հայահոծ բնակչութեան համար պիտի կառուցէ յոյսի ու հաւատքի լուսաւոր նոր տուն մը՝ Հայոց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Արդարեւ, Կիրակի 17 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, տօնական ու կենսունակ տրամադրութեամբ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի «Քալայճեան» սրահին մէջ Սրբազան հօր շուրջ համախմբուած բարերարներ եւ հիւրեր մօտէն ծանօթացան Կլէնտըլի նոր եկեղեցւոյ ու յարակից վարժարանի հրաշակերտ կառոյցներու շինարարական ծրագիրներուն։ Հաւաքոյթին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արժ. Տ. Մանուկ Ա․ Քհնյ. Մարգարեանը: Տէր հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, թէ եկեղեցին անորոշութեան աշխարհին մէջ այսօր կանգնած է որպէս յոյսի փարոս, որ կը լուսաւորէ եւ կ՛այլափոխէ մեր համայնքային կեանքը: Տէր Հայրը շեշտեց, թէ՝ հաւաքոյթը ինքնին կենդանի վկայութիւն մըն է, թէ եկեղեցին իր ծառայական առաքելութեան մէջ առանձին չէ, այլ շատեր կու գան միանալու եւ գործնապէս մասնակցելու Կլէնտըլի հայահոծ շրջանի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող նոր եւ ինքնուրոյն եկեղեցի եւ յարակից ամենօրեայ վարժարան մը ունենալու երազանքի իրականացման: Համաձայն Տէր Մանուկին, բոլոր բարերարներուն մասնակցութիւնը վկայութիւն մըն է սիրոյ ուժի եւ միասնականութեան, ոգեշնչող երեւոյթ մը անոնց մարդասիրութեան, ազգասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան: Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, յայտնեց, թէ բոլորի ջանքերով Կլէնտըլի եկեղեցւոյ եւ վարժարանի ծրագրի իրականացումը յաղթանակի եւ հպարտութեան առիթ պիտի հանդիսանայ իւրաքանչիւր հայու համար: Մայր Թերեզայի խօսքերէն մէջբերում կատարելով Տէր Հայրը իր խօսքը փակեց, յիշեցնելով, թէ՝ կարեւոր չէ որքան կու տանք, այլ՝ որքան սէր կու տանք մեր շրջապատին:
Հաւաքոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Վարդան Նազիրեան եւ համալիրի ճարտարապետ՝ Տիար Արամ Ալաճաճեան: Ապա ներկաները ժապաւէնի ճամբով դիտեցին, ապրեցան եւ զգացին համալիրի շքեղութիւնն ու կարեւորութիւնը: Համալիրը իր ամբողջութեամբ հարուստ է երկնասլաց գմբէթներով, գեղակերտ զանգակատունով, խաչերով զարդարուն հոյակերտ ցանկապատերով, սլացիք բացօթեայ խորանով եւ կանաչապատ ընդարձակ բակով, իսկ եկեղեցին ու վարժարանը օժտուած են ներքին բաժանումներով, բազմանպատակ յարմարութիւններով ու արդիական սարքաւորումներով: Համալիրը իր ամբողջութեամբ թէ՛ դիրքի եւ թէ վայրի առաւելութիւններով բոլորի ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ եւ բերկրանքով պիտի լեցնէ բոլորի հոգիները, իբրեւ խորհրդանիշն ու ամրոցը մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան, բաբախող սիրտը հանդիսանալով Կլէնտըլահայութեան:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նախ մէջբերում մը կատարելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութենէն, ներկաներուն յայտնեց, որ ձեռնարկը կը միտի իրազեկ պահել հաւատաւոր ժողովուրդը Կլէնտըլի հայութեան ի նպաստ այն աշխատանքի մասին, «որուն գլխաւոր նպատակն է ստեղծել հնարաւոր միջոցները՝ ծաւալելու ու զարգացնելու համար եւ՛ եկեղեցական կեանք, եւ՛ դպրոցական առաքելութիւնը, եւ՛ տակաւին համայնքի համար օգտաշատ այլ ծառայութիւններ»: Սրբազանը իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ՝ եկեղեցական նոր համալիրը «արդէն իսկ իր դռները կը բանայ լիարժէք կերպով իր ծառայութիւնը շարունակելու Կլէնտըլ քաղաքի մէջ, որպէս կարեւորագոյն համալիր Արեւմտեան Թեմի սահմաններէն ներս»: Սրբազանը բացատրեց, թէ եկեղեցի ու դպրոց կը կառուցենք, «որպէսզի մեր էութեանը մէջ նորոգենք տեսիլքը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ տեսլիքը՝ հայ դպրոցին, որոնք կը ներկայացնենք մէկ եւ անբաժանելի ամբողջութիւն մը»:
Սրբազանը մասնաւոր անդրադարձ կատարեց սփիւռքի մէջ մեր հոգեւմտաւոր արժէքները բարձր պահելու հրամայականին: Ան ըսաւ.- «Հայրենիքէն դուրս սփիւռքը իրականութիւն մըն է, եւ այն եղած է իրականութիւն մը գրեթէ բոլոր ժամանակներուն: Այսօր, սակայն, սփիւռքը իր սահմանները ընդարձակած է, եւ այն ամուր պահելու պարտականութիւնը ունինք ի սէր Մայր Հայրենիքի ու Ս. Էջմիածնի»: Սրբազանը ընդգծեց հայ եկեղեցիէն ու վարժարանէն ներս հայ պատանիին մէջ հայ քրիստոնեայ նկարագրի կերտումի պահանջը, առաքելութիւն մը, որ կ՛ենթադրէ ծառայութիւն եւ նուիրաբերում «որպէսզի մեր հաւաքական աղօթքով, նուիրեալ աշխատանքով, մեզի վստահուած այս համալիրը դարձնենք Մագնիսը մեզ բոլորս ի մի հաւաքող եւ մեր կեանքին մէջ նպատակ ներդրած, այն վերածելով առաքելութեան, որպէսզի քարոզենք եւ ապրինք Աստուծոյ խօսքը, քալենք Քրիստոսի ուղեգծած ճանապարհէն, պահենք ու պահպանենք մեր ազգային սրբազան արժէքները»:
Իր խօսքի աւարտին Սրբազան հայրը իր խորին երախտիքը փոխանցեց բոլորի ներկայութեան համար: «Տարակոյս չունինք, որ ձեր մնայուն զօրակցութեամբ նուիրական այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ պիտի պսակուի» ըսաւ Սրբազանը: Ան գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն եւ ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեանին, որ համալիրը կ’օժտէ հայկականութեամբ: Խորին գնահատանքի խօսք յայտնեց խորհրդատու մարմնի անդամներուն, ատենապետութեամբ Յովիկ Դաւիթեանին, որոնց համար՝ եկեղեցի-դպրոց կառոյցելու նուիրական այս ծրագիրը մարտահրաւէր մը պիտի դառնայ, համախումբ աշխատանքով վերաշխուժացնելու Կլենտըլի համայնքը։ Առաջնորդ Սրբազանն իր երախտագիտութեան խօսքը յայտնեց նաեւ դպրոցի գլխաւոր բարերար ամոլին՝ մեծայարգ Տէր եւ Տիկին Արման եւ Սիւզաննա Նարինեաններուն, ինչպէս նաեւ դատաւորուհի ազնուաշուք Տիկին Շողիկ Վարդանեանին, որոնց ի պատիւ համալիրը պիտի կոչուի Նարինեան անունով։
Վերաջապէս Սրբազանը շնորհաւորեց Արժանապատիւ Տ. Մանուկ Աւ. Քահանայ Մարգարեանը, որուն վստահուած է համալիրի վերատեսուչի պաշտօնը եւ տարածաշրջանի հովութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի
21 Մարտի, 2024