Հայաստանի գերիշխանութեան բրիտանական ընկալումը

Հայաստանի գերիշխանութեան բրիտանական ընկալումը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարին յայտարարութիւնը Պրիւքսելէն, Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն հնչած յայտարարութիւններու շարքին մէջ է՛ եւ չէ՛: Շարքին մէջ է այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու մղումով հաւաքական Արեւմուտքի մաս իբրեւ երկիր համազօրակցութեան երեւոյթի շարժիչ գործօնը հակառուսականութիւնը կը դաւանի: Այլ խօսքով, Հարաւային Կովկասէն ռուսական գործօնի դուրս մղումը հաւաքական առաջադրանք է Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ հաւաքական Արեւմուտքի մաս երկիրներուն համար: Փորձենք տարբաղադրել յայտարարութիւնը եւ տեսնել, թէ ճիշդ ո՞ւր կը կայանայ անոր իւրայատկութիւնը կամ այս պարագային շարքին մէջ ըլլալով հանդերձ շարքէն դուրս նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու պատճառը:

Այսպէս. Բրիտանիան ՀԱՊԿ-ի մէջ հայաստանեան անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը կ՛ընդունի իբրեւ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքի իրականացում: Բրիտանիան պատրաստ է նաեւ համագործակցելու եւրատլանտեան դաշնակիցներու հետ` Հայաստանին Ռուսիոյ պատասխան գործողութիւններու սպառնալիքներուն դէմ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Պարզ է, որ կը քաջալերուի սառեցման որոշումը, զայն որակելով Երեւանի ինքնիշխան իրաւունքը: Գերիշխանութեան մասին խօսելով Բրիտանիոյ պաշտպանական համակարգի ներկայացուցիչը կը մոռնայ, որ Պաքուն ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներ: Այդ մասին որեւէ գնահատական չէր կատարած օրին, չի կատարեր նաեւ այսօր:

Այլ ուղղութեամբ սակայն, կը խոստանայ ռազմական հակազդեցութիւն ունենալ, եթէ Մոսկուան դիմէ պատասխան քայլերու:

Շարունակելով տրամաբանութիւնը, Բրիտանիան ՕԹԱՆ-ի ուժերուն հետ միասին, ըստ այս յայտարարութեան, անպատասխան չի ձգեր Մոսկուայի կողմէ Հայաստանի գերիշխանութեան դէմ առնուած որեւէ քայլ:

Շատ պարզ է այստեղ հակասութիւնը: Բրիտանիան նախանձախնդիր չէ պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, այլապէս գերիշխան տարածքներու դէմ ազրպէյճանական ներխուժումին մասին պէտք է արձագանգէր եւ աւելին, ըստ այս յայտարարութեան, դիմէր պատասխան գործողութեան, պաշտպանելու համար Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

Աւելի պարզ կը դառնայ, որ այս յայտարարութեան մղիչ առանցքային բաժինը ռուսական գործօնի դուրս մղումն է: Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան տիրոյթէն դուրս բերելն է եւ ոչ թէ գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

Պրիւքսելի, Պերլինի թէ Ֆրանսայի զօրակցութիւնները չէին շօշափած ՕԹԱՆ-ի ուժերով Հայաստանի հարցով Մոսկուային պատասխան տալու հարցը: Ընդհանուր ակնարկներ զօրակցելու կամ պաշտպանելու առումով արձանագրած էին, սակայն այսքան ուղղակի եւ շեշտակի հայաստանեան դաշտին վրայ փրոքսի պատերազմ վարելու մասին նշում չէին կատարած:

Ահա այս հանգամանքներով է, որ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը համաարեւմտեան շարքին մէկ օղակը ըլլալով հանդերձ դուրս կու գայ այդ շղթայէն:

Հայաստանեան խաղաթուղթով Ռուսիոյ սպառնալը զուտ բրիտանական քայլ կրնայ չդիտարկուիլ: Արեւմուտքը ՕԹԱՆ-ի ուժերով Ռուսիոյ հակազդելու ուղերձ կը յղէ Բրիտանիոյ փոխնախարարին ճամբով:

Նման ուղերձով Երեւանը կը մղէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը սառեցուած պահելու, Մոսկուայի հարցադրումը չընկալելու իբրեւ վերջնագիր եւ լռելեայն մղելու հայկական կողմը, որ փուլ առ փուլ երթայ աստիճանական մագլցումի:

Հրահրումի այս ուղերձները իբրեւ թէ ապահովագրուած են ՕԹԱՆ-ի ուժերով: Քաղաքականօրէն պարզամտութիւն պիտի ըլլար համոզուիլը, որ ՕԹԱՆ-ը պատրաստ է պաշտպանելու Հայաստանը:

Քաղաքական տրամաբանութեան զուգահեռներով, Միւնիխի հանդիպումին եւ Փարիզէն ու հիմնականօրէն Լոնտոնէն հնչող այս յայտարարութիւններուն կը զուգադիպին Երեւանէն կատարուող համարձակ յայտարարութիւնները` սառեցումէն անդին, «Զուարթնոց»-էն ռուսերու հեռացման պահանջով յատկանշուող:

Բրիտանական յայտարարութիւնները եթէ կտրուկ դատապարտէին ազրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստան, հայկական գիւղերու յանձնումի Պաքուի պահանջները կամ Հայաստանի Սահմանադրութեան կամ օրէնսդրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու բարձրաձայնումները, ապա այն ատեն համոզիչ կը դառնար, որ անոնց առաջադրանքը Հայաստանի գերիշխանութեան պաշտպանութիւնն է: Սակայն երբ խնամքով անուշադրութեան կը մատնուին Ազրպէյճանի աղաղակող ոտնահարումները եւ բոլոր սլաքները կ՛ուղղուին Ռուսիոյ դաշնութեան, ապա աւելի քան պարզ կը դառնայ հայաստանեան խաղաթուղթի շահարկումը:

Չմոռնանք, որ ազրպէյճանական ուժանիւթի արտահանման կարեւորագոյն գործընկեր է Բրիտանիան: Իսկ այս հանգամանքը աւելի կը կշռէ, քան Հայաստանի գերիշխանութիւնը Բրիտանիոյ համար: Ինչպէս անցեալին  ազրպէյճանական քարիւղը` հայկական արիւնէն: Առաջին հերթին Բրիտանիոյ համար:

«Ա.»

Ազդակ

Share