«Ա­զատ Օր»-ը 80-տարեկան

«Ա­զատ Օր»-ը 80-տարեկան

«Օրակարգ»ը շնորհաւորում է «Ազատ Օր»ի 80-ամեակը

«ՆՈՐ ՕՐ»-էն՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ» 80 տա­րի ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն

Ս­փիիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր­նե­րէն՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի եւ եւ­րո­պա­կան տա­րած­քի միակ օ­րա­թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր»-ը, նշեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-րդ ­տա­րե­դար­ձը։ ­Տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող թեր­թի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան, գրա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ա­ւանդն եւ ա­նոր ու­նե­ցած կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յու­նա­հա­յու­թեան մէջ, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան ­Շա­բաթ, 2 ­Մարտ 2024-ի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ յու­նա­հայ գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն եւ ան­նա­խըն­թաց բազ­մու­թեան։

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­կունք­նե­րէն սնա­նող մեր թեր­թը, ոչ միայն քա­ղա­քա­կա­նա­պէս կազ­մա­ւո­րեց ու զար­գա­ցուց յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րը, այ­լեւ հա­յա­կեր­տու­մի, ազ­գա­կեր­տու­մի ու հայ գի­րի լու­սա­ճա­ճանչ փա­րո­սը հան­դի­սա­ցաւ, շնոր­հիւ ան­թիւ այն ծա­ռա­յող­նե­րուն, ո­րոնք հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նին մէջ դար­ձան «­Նոր Օր»-ի ու ա­նոր յա­ջոր­դին՝ «Ա­զատ Օր»-ի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը, ի­րենց ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մի բո­վան­դակ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լով հայ մա­մու­լին։
«Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի շքեղ ե­լոյ­թը ա­ռի­թը ե­ղաւ նաեւ, որ­պէս­զի ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­ներ փո­խան­ցո­ւին մեր օ­րա­թեր­թի շարք մը նո­ւի­րեալ­նե­րուն՝ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու յանձ­նու­մի յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։


Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին յու­նա­հայ կեան­քի կա­ռոյց­ներն ու մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տ. Ան­նա Մկրտ­չեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն եւ շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «­Նոր Աշ­խարհ» եւ «­Հայ ­Կեանք» թեր­թե­րու խմբա­գիր­նե­րը։ Ս­րա­հը բեր­նէ բե­րան լե­ցուն էր մեր թեր­թի հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րով, բա­րե­կամ­նե­րով եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հայ­րե­նա­կից­նե­րով։
Ե­լոյ­թի մեկ­նար­կին, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ վի­տէօ ե­րիզ մը, ձեռն­հա­սօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած ընկ. Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նին կող­մէ։ ­Ճոխ նկար­նե­րով եւ նկա­րագրա­կան տե­սա­նիւ­թե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան «­Նոր Օր»-ի տա­րի­նե­րը, ա­պա «Ա­զատ Օր»-ի պատ­մա­կան եր­թը, որ­պէս գա­ղու­թի սի­րո­ւած ու փնտռո­ւած օ­րա­թերթ։ ­Նաեւ, հոն ե­րեւ­ցաւ թեր­թի ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան խմբագ­րա­կան եւ տպագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը։
Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ա­պա բեմ հրա­ւի­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը իր խօս­քը ուղ­ղե­լու հա­մար։ Եր­կու խօս­քե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք ա­ռան­ձին։
­Ցոյց տրո­ւե­ցան հա­տո­ւած­ներ երկ­րորդ տե­սա­նիւ­թէ մը, որ պատ­րաս­տո­ւած էր «Ա­զատ Օր»-ի 55-ա­մեա­կին ա­ռի­թով։ Ա­նոր մէջ խօ­սե­ցան «­Նոր Օր»-ի հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, դաշ­նակ­ցա­կան ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ ­Նա­թա­լի ­Լա­զեան, թեր­թի ա­ռա­ջին գրա­շար­նե­րէն Ա­ւե­տու­հի ­Թո­փա­լեան, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի հին ծա­ռա­յող­ներ։
­Պա­հը հա­սաւ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու յանձ­նու­մին։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»-ի 40 տա­րի­նե­րու նո­ւի­րեալ խմբա­գիր հան­գու­ցեալ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ ­Մայ­տա ­Պա­րա­զեա­նը, որ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին եւ թեր­թի խմբա­գի­րին ձե­ռամբ՝ յու­զո­ւած ստա­ցաւ ա­ռա­ջին յու­շա­նո­ւէ­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ բարձ­րա­ցան Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ միու­թեան եր­կու ան­դամ­ներ, ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան եւ ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան, ո­րոնք հա­ղոր­դա­վա­րի դե­րով, նախ պատ­մա­կան վեր­յի­շում մը կա­տա­րե­ցին՝ տա­լով «Ա­զատ Օր»-ի 55-ա­մեա­կի եւ 65-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րուն պար­գե­ւատ­րո­ւած ան­ցեա­լի ծա­ռա­յող­նե­րու ա­նուն­նե­րը։ ­Շա­րու­նա­կե­լով, ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան ե­լոյ­թին ա­ռի­թով պար­գե­ւատ­րո­ւող ան­ձե­րուն՝ թեր­թին հա­մար կա­տա­րած խմբագ­րա­կան, վար­չա­կան, գրա­շա­րա­կան, տպագ­րա­կան, աշ­խա­տա­կի­ցի ու ցրո­ւու­մի եր­կա­րա­մեայ աշ­խա­տանք­նե­րը, ա­նոնց ծա­ռա­յու­թեան ու նո­ւի­րու­մի հա­մա­պատ­կե­րը։
­Յու­շա­նո­ւէր­ներ ստա­ցան ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան, հան­գու­ցեալ ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Փոլ ­Ֆա­րա­ճեան, հան­գու­ցեալ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նին հա­մար՝ իր դուստ­րը Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, հան­գու­ցեալ ­Գե­ղարդ Ա. քհնյ. ­Պա­պօղ­լեա­նին հա­մար՝ ե­րի­ցու­հի Ա­րաք­սի ­Պա­պօղ­լեան, հան­գու­ցեալ ­Վա­րագ Ա. քհնյ. ­Յով­սէ­փեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Համ­բիկ ­Յով­սէ­փեան, Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ­Ման­նիկ Աշ­րեան, ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան, հան­գու­ցեալ ­Համ­բար­ձում ­Համ­բար­ձու­մեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Մի­նաս ­Համ­բար­ձու­մեան, ­Ռե­փե­կա ­Պա­րա­զեա­նին հա­մար՝ իր հա­րա­զա­տը Ար­միկ ­Պա­րա­զեան, ­Մա­րօ Օն­նի­կեա­նին հա­մար՝ իր դուստ­րը ­Լու­սի Օն­նի­կեան, ինչ­պէս նաեւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան, Ա­ւե­տիս Ա­ւե­տի­սեան եւ ­Վահ­րամ ­Պէք­թա­շեան, ո­րոնք չկա­րո­ղա­ցան ներ­կայ գտնո­ւիլ, ու վեր­ջա­պէս՝ հան­գու­ցեալ ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան։
­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ, կարգ մը պար­գե­ւատ­րո­ւող­ներ ի­րենց սիր­տի խօս­քը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ե­ղած պա­տի­ւին հա­մար։
­Պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րին յա­ջոր­դեց ըն­կե­րա­յին ե­րե­կոյ, գի­նիով, ա­ղան­դեր­նե­րով ու հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ, ո­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցան սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւո­ւու­թիւն­ներ թեր­թի ֆոն­տին։ Այս ա­ռի­թով, բո­լոր ներ­կա­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դրո­ւե­ցան «Ա­զատ Օր»-ի 1 ­Մար­տի բա­ցա­ռիկ թի­ւը, գի­նիի նմուշ­ներ յա­տուկ պա­յու­սա­կի մէջ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագրո­ւած էր թեր­թի 80-ա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած զար­դան­շա­նը, ինչ­պէս նաեւ 2024-ի օ­րա­ցոյ­ցէն օ­րի­նակ­ներ։
Ե­րե­կոն վերջ գտաւ ուշ գի­շեր, ու­րախ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։

Share