Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 931 հազար դոլարի դեղորայք կը հայթայթէ Հայաստանին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 931 հազար դոլարի դեղորայք կը հայթայթէ Հայաստանին

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Փետրուար 11, 2024-ին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք փոխադրեց հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղատեսակներու բացառիկ նուիրատուութիւն մը՝ $931,000 արժէքով ։

Նուիրատուութիւնը կը բաղկանայ կեանք փրկող զանազան դեղերէ, ներառեալ

Almotriptan Malate, Telmisartan, եւ Levothyroxine Sodium, շատ ուրիշներու շարքին։

«Այս նուիրատուութիւնը կատարեց Հայաստանի աջակից եւ մեր հիմնարկի երկարամեայ գործընկեր՝ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Հոգաբարձութիւնը (Catholic Medical Mission Board)», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց՝ «Հայաստան Արցախ Ֆոնտը մեծապէս կը գնահատէ սոյն նուիրատուութիւնը եւ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Հոգաբարձութեան հետ մեր ունեցած համագործակցութիւնը»։

Անցեալ 34 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն, մեծաւ մասամբ դեղորայք, 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2,581 ծովային արկղերով։ «Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հպարտ է այս եզակի նուաճումով», Սասունեան ըսաւ։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան աւելցուց. «մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։ 

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Share