ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
2024 թ. փետրուարի 6-ին տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ, որուն ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան, արցախահայերու Արցախ վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի մէջ արցախահայերու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական վիճակի ու մարդասիրական օժանդակութիւններու հետ կապուած հարցերը։
Ա.Հ. նախագահը ներկայացուց Արցախի կարգավիճակի եւ յառաջիկայ ընելիքներու առնչութեամբ իր պատկերացումները։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայացուց Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակներու ու յանձնախումբերու կատարած աշխատանքները։
Աւարտին, որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները։
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւան
06 փետրուար, 2024 թ.