Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Իրանի զինեալ ուժերը հարուածներ հասցուցած են Փաքիստանի մէջ տեղակայուած «Ժէյշ Զոլմ» ահաբեկչական խմբաւորման երկու կեդրոններուն: Գործակալութեան տուեալներով` գործողութեան ընթացքին օգտագործուած են անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ:
10 յունուարի գիշերը «Ժէյշ Զոլմ»-ի ահաբեկիչները յարձակած են Իրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Սիսթան եւ Պելուջիսթան նահանգի Ռասք եւ Ճանկալ քաղաքներուն միջեւ անցակէտի վրայ, այդ պատճառով ալ ոստիկան մը սպաննուած է:
Խմբաւորումը նախապէս ստանձնած էր Իրան-Փաքիստան սահմանին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններու, ինչպէս նաեւ Իրանի սահմանապահ ծառայութեան անձնակազմին վրայ յարձակումներու պատասխանատուութիւնը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փաքիստանին եւ Իրանին «ինքնազսպում»-ի կոչ ուղղեց:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի դիմելու եւ խուսափելու վարմունքներէ, որոնք կրնան լարուածութեան աճի յանգեցնել, եւ միասնաբար աշխատանք տանելու խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման համար»:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մոհամետ Ռիտա Աշթիանի յայտնեց. «Մենք մեր ազգային շահերուն եւ մեր ժողովուրդին պաշտպանութիւնը որեւէ սահմանափակումի չենք ենթարկեր, ատիկա հաստատօրէն մեր իշխանութեամբ պիտի կատարենք»:
«Մենք կը դատապարտենք աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ ահաբեկչութիւնը, ուստի եթէ մեր ժողովուրդին դէմ ահաբեկչական արարքներու ճամբով մարդոց իրաւունքներու ոտնահարման որեւէ քայլ առնուի, ապա հաստատօրէն անոր պիտի հակադարձենք, եւ տեսաք, թէ ատիկա ուժեղ կերպով կը կատարենք, եւ ես որեւէ նշաձող չեմ հաստատեր, սակայն կը յարգենք պետութիւններուն գերիշխանութիւնը, շահերը, իրաւունքները, օրէնքները եւ բոլոր պետութիւններուն անվտանգութիւնը, մասնաւորաբար դրացի պետութիւններունը, սակայն մեր սահմաններուն վրայ դաւերու եւ սադրանքներու գոյութիւնը պիտի չընդունինք, եւ հաստատօրէն անոնց դէմ քայլեր պիտի կատարենք», ըսաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարը: