Երգէ և աղմուկէ անդին՝ Արցախ եւ հայութիւն

Երգէ և աղմուկէ անդին՝ Արցախ եւ հայութիւն

Յակոբ Պալեան

   Ազգովին մազոխակա՞ն ենք:

            Աղմուկ բարձրացած է, տեղահանուած, աւելի ճիշդ՝ հայրենահանուած, գաղթականի եւ ապաստանեալի վիճակին դատապարտուած արցախցիներուն օժանդակելու կարգախօսով, խիղճ հանդարտեցնելու իրարանցում: Ճաշկերոյթ, նուագահանդէս, դրամահաւաք, Արցախի «գաղթականներ»ու կարիքներուն համար:           

            Հարցում. ո՞ր կարիքներուն, անմիջակա՞ն, մարդկայի՞ն, ազգայի՞ն, քաղաքակա՞ն: Պիտի գոհանա՞նք յանձնառութիւն չպահանջող եւ փշրանքներու բարեսիրութեամբ, կիրակի օր եկեղեցի երթալո՞ւ պէս պիտի գործենք Արցախի եւ անոր որպէս ազգի հատուածի գոյութենական հիմնահարցի օրակարգով:

            Քաղաքական-գաղափարական այլասերում է Արցախահայութեան բռնագաղթը գնահատել որպէս գաղթականական խնդիր եւ մնալ բարեսիրական արշաւի աղմուկ-իրարանցումին մէջ:  Այս Բռնագաղթը մասնակի եւ անակնկալ երեւոյթ չէ: Ան Հայ ժողովուրդի անհետացման միտող համաթրքական քաղաքականութեան դրուագ մըն է, ցեղասպանութեան շարունակութիւն:

            Եթէ Ի դարու հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը համապատասխան վերաբերումի արժանացած ըլլային, ազգի եւ մարդու ԻՐԱՒՈՒՆՔի հանդէպ նոյն նախայարձակումը չէր կրկնուեր: Այս ըմբռնումով պէտք է առաջնորդուին հայ քաղաքական միտքը, Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ամէն բնոյթի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Ինչ որ պատահեցաւ  մասնակի չէ: Ներազգային նախաձեռնութիւնները այս ըմբռնումով պէտք է գործեն եւ բազմադէմ միջազգային համայնքը, առանց ճապկումներու, կանգնեցնեն իր պատասխանատուութեան առջեւ, եւ մերժեն սուտ դարմանները « placebo»ները:

Արցախի ժողովուրդին համար պէտք չէ գործածել փախստական եզրը եւ անգիտանալ հիմնական հարցը, որ շարունակկուող եւ իր անունը չըսող ցեղասպանութիւն է: Արցախի ժողովուրդը հայրենահանուած է, որպէսզի անհող մնայ եւ անհետանայ: Կայ միջազգային պատասխանատուութեան եւ բարոյականութեան խնդիր: Արցախահայութեան խնդիրը գաղթականական չէ, ան աշխատանքի համար երկիր լքած կամ երկրէն  չէ փախած, կամաւոր արտագաղթող չէ: Անոր անմիջական կարիքներուն մասին պէտք չէ խօսիլ մանրուքի բարեսիրութեամբ աւելի վատ, դիւրացնել անոր գաղթը այլ երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկա, Ովկիանիա, հորիզոններ՝ ուր, ճամբուն ծայրը կայ ինքնութեան եւ իրաւունքի կորուստ, որ կը վերջնականացնէ հայու, Արցախ-հայրենիքի, պատմութեան բեմէն ջնջումը:

            Արցախցիին եւ Արցախի զօրակցութեան ՀԱՐՑը բարեսիրականէ տարբեր բարձրութեան վրայ կը գտնուի: Ան երկրի մը եւ անոր ժողովուրդին հիմնական քաղաքական խնդիրն է, զոր պէտք չէ նսեմացնել բարեսիրութեամբ կամ ապաստան տալով: Թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի հայրենահուածներ եւ տնազուրկներ, վերագտնեն իրենց հայրենիքը, տունը, տեղը, արտը, անասունները, պատմութիւն-սրբատեղիները,  ԲՈԼՈՐ հայերուն Հիմնախնդիրն է, եւ պատասխանատուութիւնը՝ միջազգային համայնքին: Այս չմոռնալով պէտք է գործել: ԱԶԳին սպառնացող աղէտին դիմաց, այս կամ այն ձեւով հաւաքուած լումաները, ոչինչ կրնան ընել, ինչպէս նաեւ՝ ասդիի-անդիի զբօսէ անդին չգացող եւ  ուժականութիւն չունեցող աղմուկը: Անոնք կը մնան տեղական զուարճութիւններ, եթէ բացակայի Արցախի ՀԱՐՑի հիմնական քաղաքական բնոյթը, որ ժողովուրդի կամքով վճռուած ինքնորոշումն է, միջազգային ընդունուած կանոն, որ չի ջնջուիր ո՛չ տեղահանութեամբ, ո՛չ ալ անոնց Հայաստանի հանրապետութեան մէջ կամ աստ եւ անդ ապաստան տալով:

            Քաղաքական ոճիրին դէմ բարեսիրութեամբ պայքարիլ ջուր ծեծել է:

                        Դէմ յանդիման կը գտնուինք  զանգուածային քաղաքական ոճիրի մը: Երկրի մը դարերու պատմութիւն ունեցող բնիկը կը զրկուի իր նախնիներու ժառանգութենէն եւ իր պատմական հայրենիքին մէջ շարունակութիւն ըլլալու իրաւունքէ: 

            Հոս հասանք, քանի որ աւաքաբար թերացանք, Հայաստան եւ բազմանուն Սփիւռքներ, չդիմադրեցինք   միջազգային դաւերու եւ վատութիւններու, Սփիւռք, Հանրապետութիւն ազգը ընդհանրապէս թերացանք՝ իրաւ հայրենասիրական եւ քաղաքական իմացումով, տէր չեղանք, կազմակերպուած բնակեցման քաղաքականութիւն չիրականացուցինք: Յուզուեցանք, Հայաստան, մօտ եւ հեռու երկինքներու տակ Արցախ հոլովեցինք, երգեր յօրինեցինք, բայց Շուշին չբնակեցուցինք: Ցանցառ բնակչութեամբ երկիր չի պահուիր, իրաւունք ունենալու եւ պահելու համար չի բաւեր, մնալ հանդիսատես եւ սպասել որ ուրիշներ մեր փոխարէն շագանակները հանեն կրակէն: Այդ հայրենատիրական քաղաքականութիւն չէ: Հողը բնակիչ եւ տէր կ’ուզէ :

Սփիւռք(ներ)ի զգացական հայրենասիրութիւնը  հայրենատիրութիւն չեղաւ: Բացառութիւններ հայրենատիրական եւ  հայրենապաշտպան ուժ չէին կրնար ըլլալ:      Կրկին կը խրինք չանհանգստացնող բարեսիրական աղմուկի մէջ:

            (Սփիւռքը, ազգային-քաղաքական իրա՛ւ յանձնառութիւն կրնա՞յ ունենալ, պիտի ուզէ՞ տրամադրուիլ Արցախի ազատագրութեան դատին, այդ դատը միջազգայնացնելով, յառաջացնել համապատասխան կազմակերպութիւն, տրամադրելով միջոցներ:

Սփիւռքը երէկ բացակայեցաւ հիմնական բնակեցման ռազմավարական քաղաքականութենէն, չիմաստաւորուեցան «ամէն տեղ հայ կայ» զգացական բացատրութիւնը, կրկնուող «համաշխարհային ազգ»ը:            Վա՞ղը :

            Երեւակայելու եւ երազելու իրաւունքով, ինչո՞ւ չձեռնարկել Արցախեան Ազատագրութեան Դատի համասփիւռքեան Կոմիտէի եւ մարմիններու  ստեղծման, առանց խաչաձեւելու արցախցիներու եւ Հայաստանի այդ դատը հետապնդելու կոչուած աշխատանքները: Այս ընել՝ ընթացիկ բարեսիրութենէ, հագուստ, շոքոլայ կամ «քոմփիւթըր» ղրկելով հոգեկան բաւարարութիւն զգալէ: Այս ներազգային ծանծաղ մրցակցութիւններէն տարբեր, գլխագրուած ԱԶԳԱՅԻՆ որակի արտայայտութիւն կ’ըլլայ:

            Արցախի համար լումաներ հաւաքելու համար կազմակերպուած ձեռնարկները հեռուէն դիտողները կը զուարճացնեն:Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայել, բարեսիրութենէ անդին նայող տեսիլք եւ փառասիրութիւն պէտք է ունենալ:

            Արցախի եւ անոր ժողովուրդի դատին ծառայելու համար ինչո՞ւ չհետեւիլ միջազգային քարոզչութեան ընծայած հնարաւորութիւններուն, չօգտագործել զանոնք: Հոն կը գտնենք ճակատագրակիցներ, դաշնակիցներ եւ համամարդկային արդարութեան եւ իրաւունքի հաւատացող ճամբու ընկերներ: Զանոնք գտնել եւ անոնց հետ գործակցիլ: Այս խելացի մրջիւնի գործ է: Առանց խօսափողի, պատկերներու եւ լուսարձակներու:

            Քաղաքական ողջախոհութիւն է տեղէ մը սկսիլ եւ թեւաթափ չնստիլ փակ դռներու առջեւ, եւ ինքզինք չխաբել՝ բարեսիրութիւնը եւ խօսափող յոգնեցնելու խաղը քաղաքականութիւն համարելով:

            Արցախցին, ընդհանրապէս հայը, իրենց հայրենիքի ազատագրութեան համար պայքարող ո՛չ առաջիններն են ո՛չ միակները:

            Արցախը հայու հայրենիք է, ուրեմն նաեւ հայրենիքը հայաստանաբնակին եւ Սփիւռքի միլիոններուն:Այդ  միլիոնները պիտի  հասկնա՞ն, որ ապաստանի տարածք բնակավայրերը հայրենիք չեն, անոնք անհետացման տանող գնացքներու կայարաններ են, առժամեայ կացարաններ, իսկ Արցախը հայրենիքն է բոլոր հայերուն, ուրիշ ժողովուրդի մը գաւառը չէ եւ անոր իրողապէս տէր պէտք է ըլալ :

            Դասական մրցակցութիւններէն անդին, պիտի կարենա՞նք, պիտի ուզե՞նք Արցախը դարձնել Համազգային Օրակարգ:

            Հազար տարի ետք, երբ պատմութիւնը օղակ փոխած ըլլլայ, ոչ ոք պիտի յիշէ, թէ ո՞վ նստած էր ո՞ր աթոռին:

            Ներսի եւ դուրսի օրակարգ պէտք է ըլլայ Արցախահայութիւնը որպէս տէր ժողովուրդ պահել-վերադարձնել  իր հողին : Այս գոյութենական հրամայական է:            

           Հայաստանները եւ Արցախը պիտի պահե՞նք որպէս հայրենիք, թէ՞ անոնք պիտի արձանագրուին պատմութեան վկայութեան էջ-յատակին: Այս կարելի կ’ըլլայ եթէ անսեթեւեթ կերպով իրականացնենք Հայրենադարձութիւնը եւ Բնակեցումը:

            ՆԵՐԿԱՅ ՏԷ՛Ր ըլլալ նախահայրերու աւանդին՝ զբօսաշրջութենէ, բարեսիրութենէ եւ խօսափողի աղմուկէ տարբեր որակ կը պահանջէ:                  

           Հայրենադարձութիւն եւ Բնակեցում ապագայակերտ քաղաքականութիւն են : Այս պէտք է հասկնայ յոգնակիացող Սփիւռքը եւ ըլլայ մասնակից աւագ դերակատար՝ Հայրենիք պաշտպանելու եւ իր ՀՈԳԻՆ փրկելու համար :

Share