Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն:
Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մէջ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, վեհափառ հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Յայտնենք, որ դեսպանը միշտ օգտակար հանդիսացած է հայ համայնքին:
Նոյն օրը, վեհափառ հայրապետը անձնական այցելութիւն մը տուաւ Քաթարի քարիւղի նախկին նախարար Ապտալլա Պըն Աթիէին, ընդառաջելով անոր հրաւէրին:
Վեհափառ հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի համայնքի ազգային վարչութեան հետ, որմէ ետք, Լիբանանի դեսպանատան մէջ, հանդիպեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ: Վեհափառը գնահատեց անոնց ամուր կապուածութիւնը հայ լեզուին, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն եւ թելադրեց, որ սուրբ եւ անմահ պատարագին առընթեր, թեմին Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, յաճախակի առիթներով ձեռնարկներ կազմակերպեն, որպէսզի համայնքի զաւակները առիթ ունենան միասին ըլլալու:
Յիշեալ հանդիպումներուն վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները` Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Քաթարի գաղութին ներկայացուցիչները: Նշենք, որ Լիբանանի դեսպանին բացակայութեան, վերջերս հիւպատոս նշանակուած Շանթ Վարդանեան եւս ներկայ գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետին հանդիպումներուն: