Լուիս Մորէնօ Օքամփօ պարգեւատրուած է ՀՀ Երախտագիտութեան Մետալով

Լուիս Մորէնօ Օքամփօ պարգեւատրուած է ՀՀ Երախտագիտութեան Մետալով

Արժանթինցի իրաւաբան Լուիս Մորէնօ Օքամփոն, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազը (2003-2012), Հարուըրտի եւ Եէյլի համալսարաններու փրոֆէսըր եւ 1985 թուականին Արժանթինի խունթաներու դատավարութեան դատախազի տեղակալը պարգեւատրուած է ՀՀ Երախտագիտութեան մետալով։ Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 5 Յունուարին, Արժանթինի Հայաստանի դեսպանատան մէջ՝ ազրպէյճանի կողմէն Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան առնչութեամբ իր զեկոյցներուն համար։

Արժանթինի ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանի կողմէն կատարուած նախաձեռնութիւնը պաշտօնականացուած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին կողմէ Մորենօ Օքամփոյին պարգեւ յանձնելու տեսաուղերձով, ուր կը շեշտուէր «Հայաստանի եւ Արժանթինի եւ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար»։

Նախաձեռնութեան ներկայ էին նախկին դատաւոր Լէոն Գարլոս Արսլանեան, միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտ Խուան Գաբրիէլ Թոքաթլեան, Սոցինթերնի փոխնախագահ եւ Համաշխարհային ազգային խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպատեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնատար անձինք։ Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ IARA – Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններու ղեկավարներ: 

Share