Հայկի եւ Բելի օրերէն, հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յաճախ նշուած է կռուախնձոր բառը, թէ՝ Հայաստան կռուախնձոր եղած է դրացի եւ այլ հզօրներու միջեւ:
Հաւանաբար «կռուախնձոր» բառին «կռիւ» բաղադրիչը, դարաւոր ճամբորդութեան ընթացքին, ապրած է բազմաթիւ եղափոխութիւններ եւ յեղափոխութիւններ։ Նոյնը կրնանք ըսել… Ադամի եւ Եւայի «խնձոր»-ին մասին, այսինքն՝ խնձոր կոչուած պտուղը մասնագէտ մշակներու փորձերով, ծնունդ տուած է զարմանազան տեսակներու։
Այդ բոլորը՝ շատ բարի, սակայն հայորդիին համար, կռուախնձոր հասկացութիւնը կը մնայ անփոփոխ եւ կտրած է դարերու ճամբայ, այն տարբերութեամբ, որ ժամանակին երբ մարտերը ձիերով եւ սուրերով կը մղուէին, այսօր փոխարինուած են արդիական զէնքերով, պատերազմի «արուեստ»-ին մէջ համակարգիչին ներկայութիւնը գերազանցած է մարդկայինը։
Չենք մոռնար, որ կռուախնձոր հասկացութիւնը միայն Հայաստանի յատուկ չէ: Այսուամենայնիւ, մենք կ’ուզենք կեդրոնանալ Կովկասեան բարձրաւանդակի դիրքին ու աշխարհագրական կարեւորութեան վրայ, որոնք դարերէ ի վեր իրարու դէմ հանած են Հիւսիսն ու Հարաւը, ապա՝ Արեւմուտքն ու Արեւելքը. պատմութեան ընթացքին, ի յայտ եկած են զանազան դերակատարներ, որոնք մերթ ընդ մերթ փոխարինած են զիրար:
Դարեր առաջ Արեւմուտքը Հռոմէական կայսրութիւնն էր, Աղեքսանտր Մակեդոնացիին ստեղծած կայսրութիւնը, խաչակիրները, իսկ Արեւելքը՝ Պարսկաստանը, արաբական կայսրութիւնը, սելճուքներն ու մոնկոլները, անոնց ժառանգորդ Օսմանեան կայսրութիւնը։ Աւելի ուշ եկաւ հիւսիսի կայսրութիւնը՝ Ռուսիան:
Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, թէ Հայաստանը (չմոռնանք Մեծն Տիգրանի կարճ, սակայն յիշատակելի սխրանքը) որքա՜ն պայքարած է այս ահաւոր ուժերուն եւ ստեղծած մրցակցութեանց դէմ։ Պայքարը տեւած է դարեր, երբեմն մեզ հասցնելով բնաջնջման վտանգին:
Ծանօթ խօսք է, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն անցեալով ապրիլն ու սնանիլը անհեթեթ ու անիմաստ է, եթէ անկէ պիտի չծնին օգտակար եւ փրկարար ուղեցոյցներ:
Այժմու կացութիւնը նկատի ունենալով եւ հետեւութիւններ ընելով՝ պարզ է, որ Հայաստան դարձեալ կը մնայ կռուախնձոր մը՝ նոր Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ։ Այս անգամ արեւմտամէտ կամ արեւելամէտ նախարարութիւններ չկան։ Յստակ դարձած է, որ Արեւմուտքին կողմէ հրահրուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու անոր ղեկին գտնուող ներկայ վարչակազմը որդեգրած է արեւը մայր մտնցող ճանապարհը։ Արեւմուտք մը՝ որ աշխարհագրականօրէն մղոններ հեռու է Կովկասեան բարձրաւանդակէն: Հոն է նաեւ Հայաստանի հանդէպ բոլորէն աւելի «պղատոնական» գուրգուրանք ցուցաբերող Ֆրանսան, իսկ Ա․Մ․Ն.-ի պարագային՝ Ատլանտեանն ալ պէտք է կտրել, հակառակ անոր որ Կովկասին մօտակայ զինուորական խարիսխներ կան:
Իւրայատուկ է ներկայ օրերու Արեւելքը՝ քաղաքական պրիսմակէն դիտուած։ Ռուսիա, որ միշտ ալ մօտիկ յարաբերութիւններ մշակած է Չինաստանի հետ, Կովկասեան բարձրաւանդակի տարածաշրջանէն ներս, ունի բարեկամ մը՝ Թուրքիան, որ ինչ-ինչ հաշիւներով կրցած է լեզու գտնել «հիւսիսային արջ»-ին հետ։ Այդ հաշիւները ակներեւ են, հիմնուած են թէ՝ նիւթական եւ թէ ռազմավարական շահերու վրայ, ու աւելի՛ կը շեշտուին, որովհետեւ Երեւանի իշխանաւորները բռնած են Ռուսայէն հեռանալու, զայն շրջանէն վանելու (արեւմտեան ներշնչումով) ընթացք:
Ակներեւ է, թէ այս խրթին կացութեան մէջ, որքա՜ն կարեւոր է արտաքին յարաբերութիւններու «ռազմամթերք»-ը, որ կրնայ վտանգաւոր կացութիւններ շրջանցել եւ ահաւոր պարտութիւններէ փրկել։
Դժբախտաբար, սակայն, պարզամիտ, չըսելու համար անհեռատես ու մանկամիտ գործելաձեւով Հայաստանի ո՛չ միայն աշխարհագրական, այլ նաեւ քաղաքական սահմաններն ալ վտանգուեցան, եւ բախտագուշակ ըլլալու պէտք չկայ, տեսնելու թէ թշնամին ինչպէս խած առ խած կուլ կու տայ Հայաստան-խնձորը։
Հարց է, թէ ի՞նչ պիտի մնայ այդ խածերէն ետք։
Մինչ այդ, այս իշխանութեան «վարպետութիւններուն» հետեւանքով, Հայաստանի բանակը կը մնայ իրողապէս ջլատուած, սահմանները՝ բացորոշ կերպով անպաշտպան, նոյնը՝ անոր կիրարկած քաղաքականութիւնը։
Յատկապէս մտահոգիչ են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի յայտարարութիւնները, թէ Արեւմուտքը կը ձգտի Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական ճակատումի բեմի, խախտելով տարածաշրջանի ապահովութիւնը։ Դժուա՞ր է տեսնել, թէ այս բառերուն ետին, կայ շրջանը տարբեր Ուքրայինայի մը վերածելու ազդանշանը…