Պայտըն. «Պատերազմի շարունակութիւնը ճիշդ Համասի ուզածն է. Չենք կրնար ատիկա ընել»

Պայտըն. «Պատերազմի շարունակութիւնը ճիշդ Համասի ուզածն է. Չենք կրնար ատիկա ընել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը ճիշդ Համասի ուզածն է` չտեսնել, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կողք-կողքի խաղաղութեամբ կ՛ապրին:

Պայտըն ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով ըսաւ. «Համաս ահաբեկչական յարձակում մը շղթայազերծեց, որովհետեւ ոչ մէկ բանէ աւելի կը վախնայ, քան իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները կողք-կողքի խաղաղութեամբ ապրիլը տեսնելը»:

«Ահաբեկչութեան, բռնութեան, սպանութեան եւ պատերազմի ուղիով ընթանալը համազօր է Համասին ուզածը տալուն. ատիկա չենք կրնար ընել», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր նախքան այդ յայտարարած էր. «Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելը իսրայէլեան կառավարութեան լուծարում կը նշանակէ»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղական Եցլէիլ Սոթրիչ իր կարգին յայտնեց. «Կազայի մէջ բոլոր կալանաւորուածներու ազատ արձակման դիմաց պատերազմը դադրեցնելը Իսրայէլին վերջ տալու ծրագիր է»:

Ան ընկերային ցանցի վրայ այդ գրառումը կատարելով հակադարձեց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին մէջ արաբական հարցերու մեկնաբան Ճաքի Հուճիի` «մօտ օրէն իսրայէլեան կառավարութեան եւ իսրայէլեան հասարակութեան պիտի առաջարկուի պատերազմի դադրեցումին դիմաց բոլոր առեւանգեալներու, ներառեալ զինուորներու ազատ արձակումը» յայտարարութեան:

Իսրայէլի սեղմ նախարարաց խորհուրդի անդամ Սմոթրիչ գրեց. «Ատիկա օրակարգի վրայ չէ, ոչ իսկ իբրեւ առաջարկ: Այդ հարցին շուրջ քննարկում բացարձակապէս չկայ: Կը շարունակենք մինչեւ բացարձակ յաղթանակ եւ Համասի ոչնչացում»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարը սեղանի վրայ չէ, մինչեւ որ կառավարութիւնը այլ բան որոշէ»: Ան աւելցուց. «Մեր ուժերը պատրաստ են պատերազմը շարունակելու, եւ զայն յաւելեալ սպառազինութեամբ պիտի ամրապնդենք»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Համաս միջնորդներուն փոխանցած է, որ համաձայն է Կազայի մէջ զինադադարը 4 օրով երկարաձգելու: «Աքսիոս», մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատար մը, մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է Կազայի մէջ 9 օրով զինադադար հաստատելու, եթէ Համաս իւրաքանչիւր օր 10 գերի ազատ արձակէ:

«Ռոյթըրզ», յղում կատարելով իր աղբիւրին, հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Համաս կը քննարկեն Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնագիրի նոր փուլի շրջագիծը, որ պիտի ներառէ ոչ միայն կիներու եւ երեխաներու, այլ նաեւ տղամարդ գերիներու կամ զինուորներու ազատ արձակումը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ պըն Մոհամետ Անսարի երեքշաբթի երեկոյեան «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Մարդասիրական զինադադարի համաձայնագիրի հինգերորդ օրը ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ծիրին մէջ այսօր 30 պաղեստինցի խաղաղ բնակիչ ազատ պիտի արձակուի Կազայի մէջ պահուող 10 իսրայէլացի պատանդի ազատ արձակման դիմաց»:

Ան նշեց, որ ազատ արձակուած պաղեստինցիներու շարքին են 15 կին եւ 15 երեխայ ու դեռահաս:

Սպիտակ տունը նշեց, թէ ամերիկացի պաշտօնատարները որեւէ ցուցանիշ չեն տեսներ, թէ Համաս շարժումի զինեալները կը մերժեն ազատ արձակել Կազայի մէջ ամերիկացի գերիները` զանոնք իբրեւ ճնշման միջոց օգտագործելու համար:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Համասի մօտ 8-9 ամերիկացի գերիներ կան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի նշեց. «Կազայի մէջ սիոնական գոյացութեան  ոճիրները վար առին Արեւմուտքի դիմակը եւ աղարտեցին արեւմտեան քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի վարկը»:

Ան յայտնեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը «փոխեց շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան օրակարգը, եւ Աստուած ուզէ, եթէ շարունակուի, պիտի ջնջէ օրակարգը»` աւելցնելով, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը «պատմական իրադարձութիւն» էր, «որ սիոնական գոյացութեան դէմ գործադրուեցաւ, սակայն ապաամերիկանացման համազօր է»:

«Վերջին 50 օրուան տառապանքները ամփոփումն են Պաղեստինի մէջ սիոնական գոյացութեան 75-ամեայ ոճիրներուն: Աքսայի փոթորիկը չի կրնար հանգիլ, եւ անոնք գիտեն, որ այս կացութիւնը պիտի չշարունակուի», նշեց Խամենէի:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Նեթանիահուն, որ Կազայի մէջ վերջին 100-ամեակի մեծագոյն չարագործութիւններէն մէկը գործած է, արդէն իբրեւ «Կազայի դահիճ» գրած է պատմութեան մէջ իր անունը»:

Անոր համաձայն, Նեթանիահուի վարչակազմի յայտարարութիւնները յոյս չեն ձգեր, որ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարը պիտի վերածուի մնայուն զինադադարի:

Ան նշած է, որ մարդասիրական դադարի լոյսին տակ Անգարան մտադիր է աշխուժացնել իր հաղորդակցութիւնները, որպէսզի հասնի որքան կարելի է շատ գերիներու ազատ արձակման եւ զինադադարը վերածէ մնայունի:

Միւս կողմէ, իսլամական Ժիհատ խմբաւորումի զինեալ թեւ Սարայա Քուտսի Ժենինի ջոկատը յայտարարեց, որ իր մարտիկները երկար ժամերու տեւողութեամբ բախում ունեցած են իսրայէլեան ուժերուն հետ, որոնց պատճառած են մեծ կորուստներ: Բախումները սկսած էին երեքշաբթի գիշեր, երբ իսրայէլեան ուժեր Ժենին քաղաքը պաշարումի ենթարկած էին եւ շարք մը ճակատներէ քաղաք եւ Ժենինի գաղթակայան ներխուժած:

Իսրայէլեան բանակն ու ներքին գաղտնի սպասարկութիւն Շապաքը միացեալ հաղորդագրութեամբ մը իրենց կարգին հաղորդեցին, որ ահաբեկած են «Սարայա Քուտս»-ի Ժենինի ջոկատի երկու ականաւոր հրամանատարներ, որոնցմէ մէկը` ջոկատի հրամանատար Մոհամետ Զպէյտին: Սպաննուած են նաեւ անոր շարք մը թիկնապահները:

Share