Հ.Յ.Դ. Սան Ֆրանսիսքոյի Քրիստափոր Կոմիտէն սրտի դառն կիսկիծով կը գուժէ իր կոմիտէութեան երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամներէն ընկեր Նուպար Տէմիրճեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր, 2023-ին, հետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալը Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը անցած էր մօտ 70 տարիներ առաջ եւ այդ ժամանակաշրջանին ծառայած էր զանազան պաշտօններու վրայ: Եղած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ տարիներով եղած էր վարչութեան անդամ: Ընտրուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգաբարցութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ծառայած էր երկար տարիներ: Տարիներով ան եղած էր Ասպարէզ օրաթերթի թղթակիցը Սան Ֆրանսիքօ եւ շաբթական հոդուածներով ներկայացուցած էր մեր գաղութի միութիւններու աշխատանքները Ասպարէզի էջերէն:
Վարձքդ կատար հաւատարիմ ընկեր եւ երթդ բարի: