Տիգրան Ճինպաշեան
Ամիսէ մը ի վեր Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ բախումները, Կազայի սիրտ ու անմարդկային ռմբակոծումը լուսարձակները հեռացուցին Ուքրանիայէն ու մեր պարագային` մասամբ Արցախէն ու Հայաստանէն: Երեք տագնապներուն միջեւ բաղդատութիւններ եղան յատկապէս ելեկտրոնային կայքերու միջոցով, ինչպէս սովոր է, մոռնալով, որ կարելի է բաղդատել նմանօրինակ հանգամանքներ ունեցող իրողութիւններ, միաժամանակ յարգելով նաեւ պատմականութեան սկզբունքը, այսինքն` դէպքերուն ժամանակի քաղաքական իրադրութիւնը: Անցնինք:
Արցախի բռնի տեղահանութենէն ետք, կա՞յ արդեօք տակաւին Արցախեան հարց: Արցախի գաղթական դարձած իշխանութիւնները, յատկապէս Ազգային ժողովը եւ կառավարութիւնը, հրապարակային ձեւով աշխատանք ծաւալելու տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Քանի մը խուսափոխական յայտարարութիւն կատարուեցաւ, ապա տիրեց խուլ լռութիւն: Գուցէ ոչ հրապարակային աշխատանք կը կատարուի, գուցէ ինքնակազմակերպման քայլեր կ՛առնուին: Գուցէ: Տպաւորութիւնը այն է, որ Արցախի իշխանութիւնները խարխափումի մէջ են, չեն յաջողիր իրենցմէ սպասուածը սահմանել ու աշխատանք կազմակերպել:
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մնացեր են մինակ: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար խնդիրը գաղթական արցախահայերուն օժանդակութիւն հայթայթելու համար միջոցներու որոնումն է այժմ: Քաղաքական խնդիր չկայ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար. Արցախը ազրպէյճանական հող է, արցախահայերն ալ… Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են: Արցախահայութեան իր հայրենի հողը վերադառնալու հարց կայ, սակայն այդ հարցը կը վերաբերի արցախահայերուն: Միջամտել այդ հարցին կը նշանակէ խառնուիլ Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն, իսկ նման միջամտութիւն կը հակասէ խաղաղութեան գործընթացին: Հայաստան աներկբայօրէն կառչած է խաղաղութեան խաչմերուկ դառնալու քաղաքականութեան ու պատրաստ է` անոր յաջողութեան համար ցանկացած զիջումի:
Միջազգային ընտանիք կոչուած անգոյ հաւաքականութեան համար եւս տագնապը լուծուած է ու հարցը փակուած: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, մասնաւորաբար իրարու մրցակից մնայուն անդամները (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Չինաստան) կը դատապարտեն կատարուածը, կը կարեկցին գաղթականներուն, սակայն անարդարութիւնը սրբագրելու գծով ոչինչ կ՛որոշեն: Նոյնիսկ որոշման նախագիծ չեն առաջարկեր: Ըսուեցաւ, որ Ֆրանսա նախագիծ մը ներկայացնելու տրամադիր է, սակայն կողմնակի խորհրդակցութիւնները ըստ երեւոյթին ձախողցուցին նման մտադրութեան մը գործնականացումը:
Հայաստան որոշած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Որոշման նախագիծեր կը փոխանակուին. այդ առաջարկներուն մասին ոչ մէկ իրազեկում կ՛ըլլայ, սակայն կողմնակի յայտարարութիւններէն կարելի է կռահել, որ արգելքը «Զանգեզուրի միջանցքն» է, թերեւս նաեւ խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ ցանուած ազրպէյճանական գիւղերը (անքլաւները): Երկրորդը Ազրպէյճանին վերադարձնելու պատրաստ կը թուի Նիկոլ Փաշինեան. առաջինի պարագային միջանցքին վրայ գերիշխանութեան հարց կը յարուցուի: Էրտողան կը սպառնայ. «Հայաստան պէտք է յարգէ իր տուած խոստումները»: Ի՞նչ խոստումի մասին է խօսքը. մեզի համար հանելուկ կը մնայ: Վերեւի երկու պահանջնե՞րն են արդեօք:
Վերջին շաբաթներուն արդէն դասական դարձած խառնաշփոթներուն վրայ աւելցաւ նոր մը եւս: Ո՞վ պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքահայրը: Արեւմո՞ւտքը, ի դէմս Եւրոպական Միութեան, թէ՞ Ռուսիան: Ռուսիա անդադար կը յիշեցնէ, Հայաստանի կողմէ յարաբերութիւնները փճացնող իւրաքանչիւր արարքէ ետք, թէ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է եւ թէ ոչինչ կրնայ Ռուսիան հեռացնել Անդրկովկասէն:
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայ եւ ազերի հակամարտութեան ճակատին վրայ ժամանակաւոր դադար յայտարարած են աշխարհի մեծերը: Այլ, աւելի կարեւոր ու այժմէական ընելիք ունին, յետոյ կը նային:
Մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Նման աղէտալի պայմանները պէտք է պարտադրէին բոլոր իմաստուն վերլուծումներուն դադար տալ ու ազգովին ձեռնարկել ընդհանուր զօրակոչի: Հայրենիք կը կորսնցնենք. խօսելու ժամանակը անցած է, պէտք է գործել:
Աշխարհիկ սուրբը` Սիմոն Զաւարեան, պատգամած էր շատոնց. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: