15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան մէջ Արցախի ապագային նուիրուած լսումներ

15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան մէջ Արցախի ապագային նուիրուած լսումներ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յայտարարած է, որ եւրոպական գործերու ենթայանձնախումբը կը հրաւիրէ լսումներու` «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» խորագիրով: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ լսումները տեղի պիտի ունենան 15 նոյեմբերին:

Նիստին պիտի մասնակցին եւ խօսք առնեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձեր, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու գծով տեղակալ Ճէյմս Օ՛Պրայըն եւ Եւրոպական եւ Եւրասիական գրասենեակի ղեկավարի օգնականի տեղակալ Ալեքսանտր Սոքոլովսքի:

Share