Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի

27 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբեր 2023-ին կայացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան 74-րդ Շրջանային ժողովը, որ հանգամանօրէն քննարկեց համահայկական ճգնաժամային պայմանները, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները, Միջին Արեւելքի թէժ իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ու ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ազգային ու համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող հարցերը:

Շրջանային ժողովը ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէ, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յակոբ Բագրատունի, Ալպեր Պալապանեան, Յակոբ Լատոյեան, Լուիզա Պապոյեան, Վաչէ Նաճարեան, Յարութ Յարութիւնեան, Ճորճ Գրիգորեան, տոքթ. Յակոբ Մելեքեան, Ռեմոն Այվազեան:

Նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Բագրատունին եւ կազմակերպական ներկայացուցիչ` Ալպեր Պալապանեանը:

Շրջանային ժողովին կողմէ ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն, հիմնուելով Շրջանային Ժողովի տուած որոշումներուն վրայ, կը հաստատէ, որ.

ա.- Արցախեան պահանջատիրութեան առաջին օրերէն անոր զօրավիգ կանգնած, անոր մղած պայքարի բոլոր հանգրուաններուն ամէն տեսակ ներդրում կատարած լիբանանահայութիւնը, այսօր ստեղծուած նոր կացութեան ի տես, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներու ապահովման եւ վերադարձի իրաւունքի իրականացման համահայկական աշխատանքներուն:

բ.- Մերժելով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած զիջողական քաղաքականութիւնն ու պարտուողական ընթացքը, հարկ է զօրակցիլ ազգային ուժերու հայրենանպաստ առաջադրանքներուն, կասեցնելու համար այս գահավէժ ընթացքը:

գ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ աննախընթաց ճգնաժամեր` յատկապէս տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մակարդակի վրայ:

Ի տես այս ծանր կացութեան, հարկ է թափ տալ այդ ոլորտներուն մէջ գտնուող կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու գործակցութեան: Հարկ է նաեւ ընդգծել ազգային բոլոր կառոյցներու համախմբման ու միասնական գործելաձեւով համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ կը վերահաստատենք լիբանանահայութեան միասնականութիւնը եւ անվտանգութիւնը պահպանելու մեր յանձնառութիւնը:

դ.- Համալիբանանեան տագնապներն ու մտահոգութիւնները, սկսեալ երկրի հարաւային սահմաններուն վրայ թշնամիի յարձակումներէն մինչեւ պետական կառոյցներու աննախադէպ թուլացումն ու դատարկութիւնները, հրատապ կը դարձնեն լիբանանեան դաշտի բաղկացուցիչ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ ու փոխադարձ հասկացողութեան ոգիով ընդհանուր լուծումներու բիւրեղացումը: Այդպիսով միայն կարելի կը դառնայ պետական կառոյցներու եւ պաշտօններու վերականգնումն ու ֆինանսա-տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամերու, ինչպէս նաեւ արտաքին սպառնալիքներու դիմագրաւումը:

ե.- Վերոյիշեալ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու գրաւականը կազմակերպական կուռ կառոյցի արդիւնաւէտ աշխատանքն է. աշխատանք մը, որուն վերանորոգ թափով լծուելու յանձնառութիւնը ունինք բոլորս թէ՛ հաւաքաբար, թէ՛ անհատապէս:

զ.- Անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է արթուն, յանձնառու եւ քաղաքականացած երիտասարդութեան պատրաստութիւնը: Ազգային եւ լիբանանեան ներկայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն դիմաց երիտասարդութեան ներդրումը հրամայական է:

Համոզուած ենք, որ միասնական եւ համախումբ գործելաոճը հիմնովին պիտի նպաստէ ծանրագոյն պայմաններու մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման առաջադրանքներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Share