«Միայն մէ՛կ գիր, հայերէ՛ն գիր՝
Եւ մենք եղանք լոյսէ՛ երկիր»
Ժագ Ս. Յակոբեան հետեւեալ բառերով կ’արտայայտուի հայերէն գիրերուն մասին: Ահա թէ ինչու Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հայկական կարեւոր եւ նշանակալից տօներէն է, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը:
Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները այս հայ մշակոյթի նուիրուած տօնը նշեցին Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ին: Տէրունական աղօթէն ու քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանիս հայերէնի դասատու, օրուան հանդիսավար, տիկին Նորա Պուլտուքեան բացման խօսքով ընդգծեց հայ լեզուին ու մշակոյթին կարեւորութիւնը, շեշտը դնելով զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան նաեւ մշակոյթի օրը կապեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին հետ:
Գեղարուեստական բաժնով, 7-րդ դասարանը ցուցադրեց այս առիթով պատրաստած տեսերիզը, ապա Ա. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մայրենի լեզու» ասմունքը եւ «Իմ Մայր Հայաստան» երգը: Աւոյեան քոյրերը ներկայացուցին «Հայուհի եմ» երգը: 2-րդ եւ 3-րդ դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան «Առաւօտ Լուսոյ» շարականով եւ «Հայրենիք իմ Հայաստան» երգով: 3-րդ դասարանցիները ապա ներկայացուցին Կոմիտասի «Հոյ Նազան» եւ «Իմ չինարի յարը» երգերը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի փոխտնօրէնուհի տիկին Ռիթա Պոյաճեանը: Ան ընդգծեց, որ մենք կրնանք պայքարիլ ոչ թէ միայն զէնքով, այլեւ՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր աւանադութիւնները պահելով, որոնցմով մենք կրնանք գոյատեւել ու յաղթել: Ան իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Շատ գնահատելի է որ ձեր զաւակները հայկական վարժարան ուղարկած էք, բայց նաեւ մեծ աշխատանք պէտք է տանիք, որ ձեր զաւակը տան մէջ հայ պահէք, տան մէջ հայերէն խօսիք, այլապէս դպրոցին գործը կը մնայ կիսատ»: Տիկ. Պոյաճեան շեշտեց, որ ապագային եթէ հայը հայ պիտի մնայ այն ալ նոր սերունդին շնորհիւ է. «Դուք ոչ միայն մեսրոպեան տառերով պիտի գրէք ու հայերէն խօսիք, մշակոյթն ու պատմութիւնը լաւ ճանչնաք, դուք նաեւ պիտի ըլլաք այն ծնողները, որ պիտի պատրաստէք հայ նոր սերունդները»:
Յայտագրի շարունակութեամբ, 4-րդ եւ 5-րդ դասարանները կատարեցին «Քեզ հետ, Հայաստան» երգը: Այնուհետեւ, մանկապարտէզէն մինչեւ 2-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին «Հու Հա» պարը, իսկ 3-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ կարգի աշակերտները՝ հայկական Քոչարի պարը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեանը: Ան շնորհաւորեց առակերտները՝ ներկայացուցած յայտագրին համար, գնահատեց հայ ուսուցչուհիներուն աշխատանքը, որոնք ջանք չեն խնայեր եւ երկար ժամանակ կը տրամադրեն աշակերտներուն սորվեցնելու հայերէն ասմունքները, երգերն ու պարերը: Քոյր Լուիզան հայերէնի ուսուցչուհիներուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծաղիկներ նուիրելով:
Մշակոյթի օրուան յայտագիրը փակուեցաւ Գեր. Հայր Լեւոն Ստեփանեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական արտադրութեան ապրանքներու վաճառք՝ գործակցութեամբ «Ուլիկ» նախագիծին: