Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան 74-րդ Պատգամաւորական ժողով

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան 74-րդ Պատգամաւորական ժողով

­Հա­ղոր­դագ­րու­թիւն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան 74-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Շա­բաթ եւ ­Կի­րա­կի, 21 եւ 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, մաս­նակ­ցու­թեամբ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն։ ­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րուն եւ միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու «Ա­զատ Օր»ը։
­Ժո­ղո­վը լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ միու­թեան անց­նող տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հա­մա­պար­փակ կեր­պով քննու­թեան են­թար­կեց տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը, ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը եւ մատ­նան­շեց բո­լոր այն կէ­տե­րը, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին որ­դեգ­րո­ւած միա­մեայ ծրա­գիր­նե­րու ար­դիւն­քը։
Իր երկ­րորդ բա­ժի­նով, ժո­ղո­վը ծան­րա­ցաւ նոր տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան թի­րախ­նե­րու ճշդու­մին վրայ, յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լով ­Միու­թեան կազ­մա­կերպ­չա­կան հար­ցե­րուն, ժո­ղո­վա­կան կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման, ինչ­պէս նաեւ դաս­տիա­րակ­չա­կան նոր ու բազ­մա­տե­սակ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։
­Մաս­նա­ւոր քննու­թեան նիւթ ե­ղաւ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման թի­րա­խը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ա­նոնց կազ­մա­ւո­րու­մը՝ ­Հայ դա­տի ու Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն մէջ ա­ւե­լի գոր­ծուն դարձ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
­Հայ դա­տը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր հետ առն­չո­ւած ար­տա­քին ու ներ­քին քա­րոզ­չա­կան օ­րա­կար­գե­րը լայ­նօ­րէն ար­ծար­ծո­ւե­ցան եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­ներ կա­յա­ցան, նկա­տի ու­նե­նա­լով նաեւ ար­դի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը եւ ա­նոնց ար­դի­նա­ւէտ կի­րար­կու­մը։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան այն պա­հե­րուն, Ար­ցա­խի հիմ­նախն­դի­րը, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազմն ու ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ պատ­ճառ դար­ձաւ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման, հանդիսացան ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գե­րու կի­զա­կէ­տը։ ­Բո­լոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ի­րենց վճռա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ւել թա­փով, հե­տա­մուտ դառ­նալ հիմ­նա­հար­ցի հե­տապնդ­ման մեր ապ­րած քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս։ ­Ժո­ղո­վը իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի մարտն­չող ե­րի­տա­սար­դու­թեան՝ որ պայ­քա­րի անն­կուն կամ­քով լու­սա­ւոր օ­րի­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։
Ա­ւար­տին, ժո­ղո­վը ընտ­րեց նոր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւն, բաղ­կա­ցած հե­տե­ւեալ ըն­կեր­նե­րէն՝ Ա­րամ ­Պետ­րո­սեան, Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, ­Քա­րէն ­Քաւ­լա­քեան, Ար­մէն ­Չա­քա­լեան, ­Վահ­րամ ­Ման­կո­յեան, ­Սեր­ճիօ ­Ման­կո­յեան եւ Ան­նա-­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան
74-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի դի­ւան

Share