Խիստ մտահոգիչ են առկայ ծանր իրավիճակին յանդիման ՀՀ իշխանութիւններուն անհամարժէք դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները․ Յայտարարութիւն

Խիստ մտահոգիչ են առկայ ծանր իրավիճակին յանդիման ՀՀ իշխանութիւններուն անհամարժէք դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները․ Յայտարարութիւն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է «Գաւիթ» հարթակի հանդիպում «Հայաստան եւ Արցախ․ գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» թեմայով։

Բազմակողմանի քննարկման առարկայ դարձնելով հայրենիքի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու սպառնալիքները, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ բարձրաձայնուող մտահոգութիւնները՝ հարթակի մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ.

«Մենք՝ «Գաւիթ» հարթակի մասնակիցներս` հոգեւորականներ, հասարակական գործիչներ, մասնագիտական ու փորձագիտական հանրոյթներու ներկայացուցիչներ, «Հայաստան եւ Արցախ․ գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» թեմայի ծիրէն ներս քննարկելով Հայրենիքին առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, խոր մտահոգութեամբ կ՝արձանագրենք․

ազրպէյճանի կողմէ տարիներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սերմանուող հայատեացութիւնը, սանձազերծուած պատերազմները, ցեղասպան գործողութիւնները եւ յարձակումները յանգեցուցած են Արցախի հայաթափման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման։

Խիստ մտահոգիչ են առկայ ծանր իրավիճակին յանդիման ՀՀ իշխանութիւններուն անհամարժէք դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները, ներազգային կեանքին մէջ տեղ գտնող թշնամանքի ու ատելութեան դրսեւորումները։

Մեծապէս գիտակցելով ներկայ ծանր մարտահրաւէրներու յաղթահարման գոյաբանական անհրաժեշտութիւնը՝ «Գաւիթ» հարթակի մասնակիցներս կը յայտարարենք.

1․ Ազգային կեանքի մէջ յառնած սպառնալիքները լուծումներ պէտք է գտնեն բացառաբար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու անձեռնմխելիութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի՝ հայրենի հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի ծիրէն ներս։ Այս առումով կարեւոր է բարեկամ ու դաշնակից երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու զարգացմամբ, փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ փոխշահաւէտ գործակցութիւնը եւ ողջ միջազգային հանրութեան զօրակցութեան ապահովումը,

2․ Արցախի բռնագրաւմամբ եւ հայաթափմամբ Արցախեան հիմնախնդիրը չէ լուծուած. արցախահայութեան ազատ կամարտայայտութեամբ միջազգային հանրային իրաւունքի համաձայն ստեղծուած Արցախի Հանրապետութիւնը կայ եւ պէտք է ըլլայ։ Հնարաւոր բոլոր ճանապարհներով, առկայ ողջ գործիքակազմին կիրառումով պէտք է ամրագրել Արցախի ժողովուրդին խախտուած իրաւունքներու վերականգնման, ազատ ինքնորոշման եւ հայրենի հողին վրայ ինքնիշխանութեան հայեցակարգը,

3․ Հարկ է զօրավիգ ըլլալ բռնի տեղահանուած եւ ծանրագոյն վիճակի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ ըստ ամենայնի հոգալ անոնց օրախնդիր հոգեւոր-բարոյական, իրաւական, տնտեսական ու հասարակական կարիքները՝ մեղմելու անոնց կրած ահռելի կորուստներուն հետեւանքները եւ այս դժուար շրջանին նպաստելու իրենց կեանքի կազմակերպման Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ,

4. Բոլոր տեսակի բանակցային գործընթացներուն եւ միջազգային ատեաններուն մէջ հարկ է հետեւողականօրէն առաջ մղել առեւանգուած, գերեվարուած եւ պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուող զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու անյապաղ ազատ արձակման պահանջը, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած բոլոր անձերուն ճակատագիրը պարզելու անհրաժեշտութիւնը,

5. Բանակցութիւններուն եւ միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրաձայնել Արցախի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, սրբատեղիներու գործածութեան իրաւունքներու եւ դէպի սրբավայրեր ուխտագնացութիւններու կազմակերպման խնդիրները, որոնք իրենց ամբողջական լուծումը պիտի գտնեն արցախահայութեան հայրենադարձման, ինքնորոշման իրացուած իրաւունքներու ճանաչման եւ Արցախի թեմի առաքելութեան լիարժէք վերականգնման միջոցով։

Մեր կոչը կ՝ուղղենք հայրենի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի լայն շրջանակներուն, առաջին հերթին՝ ազգային, հասարակական, քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մշակոյթի, գիտութեան ու կրթութեան գործիչներուն` պատասխանատուութիւն ստանձնելու հայրենիքի եւ հայոց պետականութեան ապագային հանդէպ, համախմբուելու մեր երկրի, մեր ինքնութեան պահպանութեան ու մեր ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան գաղափարական առանցքին շուրջ եւ համընդհանուր ջանքերով կասեցնելու շարունակուող պարտութիւններու եւ ձախողումներու կործանարար շղթան:

Թող Աստուած անսասան պահէ հայրենի մեր պետականութիւնը եւ օգնական ու պահապան ըլլայ համայն մեր ժողովուրդին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն»։

Share