2-7 Հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.-
Ա. ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է։ Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը ան պահպանած է 70 տարի, երբ Հայաստան կորսնցուցած է իր անկախութիւնը։ Այսօր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի Հանրապետութեան կորուստի իրականութեան դիմաց, Հ.Մ.Ը.Մ. իր պարտքն ու պարտաւորութիւնը կը նկատէ տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, այդ խորհրդանիշներու ընդմէջէն վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը։ Առ այդ, Պատգամաւորական Ժողովը առաջադրեց՝
1) Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր ակումբներուն մէջ այսուհետեւ Եռագոյնի կողքին պատուել Արցախի Հանրապետութեան դրօշը։
2) Հ.Մ.Ը.Մ.ի հրապարակային թէ բոլոր ներքին հանդիսութիւններուն, սկաուտական
հաւաքներուն եւ մարզական հանդիպումներուն ծածանել նաեւ Արցախի դրօշը։
3) Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մարզական խումբերը եւ սկաուտական միաւորները իրենց տարազներուն վրայ կրեն Արցախը խորհրդանշող պէճեր։
4) Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին։
Բ. ՀԱՍՏԱՏԵԼ «Հ.Մ.Ը.Մ. ԱՐՑԱԽ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը
«Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ հիմնադրամ»ը պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները։
Հիմնադրամին եկամուտները պիտի գոյանան.-
– Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներու
եկամուտներու որոշ տոկոսէն փոխանցուած գումարներէն։ – Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու անդամատուրքերուն վրայ այս նպատակին համար կատարուած յաւելումներէն։
– Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիր շրջանակին մօտ կատարուելիք ժողովրդային հանգանականութիւններէն։
Գ. ՄՇԱԿԵԼ ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ
ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Հ.Մ.Ը.Մ. յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու փոքրիկները, անոնց համար մշակելով դաստիարակչական-սկաուտական յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն կատարած էր Արեւմտահայաստանէն Պոլիս ապաստանած գաղթականներու զաւակներուն եւ որբերուն։