Հայ Օգնութեան Միութեան Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան։
Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններէ 11 շրջաններ, 41 պատգամաւորներ, 16 մեկուսիներէ 10 պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը՝ 11 անդամներ, 11 հիւրեր՝ Արցախէն եւ շրջաններէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)՝ Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմ։
Պատգամաւորական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան բազմաճիւղ եւ բազում տագնապներով լի՝ 2019-2023 քառամեակի գործունէութիւնը եւ յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները, յատկապէս այն առումով, որ անոնք ի գործ դրուեցան անբնական պայմաններու մէջ եւ հայութեան համար ճակատագրական փուլի։
Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ միութեան յարաբերական, նիւթական, կրթական, խնամատարական, առողջապահական, կազմակերպչական եւ քարոզչական ծրագիրներուն, լուսարձակի տակ առաւ հրատապ հարցերը եւ համապատասխան առաջարկներով ու որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց շարունակութիւնը երաշխաւորելու եւ յաւելեալ թափ տալու։
ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովին քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքը Արցախն ու իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնն էր։ Արդարեւ, համապարփակ կերպով խօսուեցաւ անոնց ծով կարիքներուն մասին, հաստատուեցաւ կարելի ամէն ձեւերով եւ միջոցներով բազում տագնապներու դէմ յանդիման կանգնած Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը, ներկայացուեցան ցարդ ձեռնարկուած օժանդակութեան տարբեր ծրագիրները եւ իբրեւ գործնական քայլ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ արցախահայութեան նուիրուած հանգանակութիւն, որուն ընթացքին ցարդ գոյացաւ մօտաւորապէս 500 հազար ամերիկեան տոլար Միաւորներէն եւ անդամներէն։
Յատկանշական էր, որ Արցախի ՀՕՄ-ականները իրենց վկայութիւններով ժողովը իրազեկ դարձուցին Արցախէն բռնի տեղահանման եւ ներկայիս Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ժողովուրդին ունեցած դժուարութիւններուն մասին։ Ժողովականները մանրամասն կերպով ծանօթացան ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան առողջապահական կեդրոն»-ին ծաւալած կարեւոր աշխատանքին, մատուցած առանցքային ծառայութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին հիմնական է կեդրոնի ընդարձակումը, որուն նպատակով ալ կրկին տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը կազմեց 60 հազար ամերիկեան տոլար, որպէսզի առկայ դժուարութիւններու շրջանցումին կարելի ըլլայ շարունակել կեդրոնի գործունէութիւնը։
Վերահաստատուեցաւ արդէն իսկ որդեգրուած ծրագիրները շարունակելու, աւելի ընդարձակելու հրամայականը։ Լիբանանահայութեան եւ Սուրիահայութեան ապրած տագնապալի կացութիւնը անմասն չմնաց ուշադրութենէն ժողովականներուն, որոնք լսեցին հայութեան կարեւոր զարկերակը հանդիսացող այդ գաղութներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին, կատարեցին համապատասխան քննարկումներ՝ անոնց նեցուկ կանգնելու ձեւերուն վերաբերող։
Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2023-2027 քառամեակի ՀՕՄ-ի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.-
Ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Ատենապետ
Ընկհ. Թալին Տաղլեան (Արեւելեան ԱՄՆ) — Փոխատենապետ
Ընկհ. Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան ԱՄՆ) — Քարտուղար
Ընկհ. Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) — Գանձապահ
Ընկհ. Իրմա Գասապեան (Արեւելան ԱՄՆ) — Հաշուապահ
Ընկհ. Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) -Խորհրդական
Ընկհ. Արմինէ Կարապետեան (Քանատա) – Խորհրդական
Ընկհ. Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) — Խորհրդական
Ընկհ. Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք-Սուրիա) –Խորհրդական
Ընկհ. Լիզա Չալըգեան-Ժիլիպէր (Եւրոպա-Ֆրանսա) -Խորհրդական
Ընկհ. Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) — Խորհրդական
21 Հոկտեմբեր, 2023
Դիւան ՀՕՄ-Ի Համահայկական 73-Րդ Պատգամաւորական Ժողովի