Մամլոյ հաղորդագրութիւն

Մամլոյ հաղորդագրութիւն


Այսու կը յայտնենք, որ գործադրուած ներկազմակերպական ճիգերու շնորհիւ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանէն ներս վերահաստատուեցաւ շրջանի դաշնակցական ընտանիքին միասնութիւնը: Կայացած լուծման շնորհիւ, այսօր, շրջանի ՀՅԴ ղեկավարութիւնը ստանձնած է եօթ անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական կոմիտէ՝ հետեւեալ կազմով.- Ընկերներ Աւօ Քեշիշեան (ներկայացուցիչ), Հրայր Պալեան, Տիգրան Տէր Սարգիսեան, Մարտիկ Կապուտեան, Արմէն Չալեան, Շահէն Տէրտէրեան եւ Քրիս Քէօսեան:

Մեր ազգի ու հայրենիքի դիմագրաւած այս ծանրագոյն ու օրհասական պայմաններուն մէջ, իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկեր եւ համակիր պարտի ցուցաբերելու բարձրագոյն աստիճանի խոհեմութիւն, շրջահայեացութիւն եւ ընկերականութիւն, որպէսզի համախմբուած ուժերու գերլարումով, շրջանը կարողանայ կատարել իրեն վերապահուած կարեւոր դերը՝ յանուն Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:

ՀՅԴ Բիւրօ
19 Հոկտեմբեր 2023

Share