Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց «Փոլիթիքօ» պարբերականի հրապարակած լուրը, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու հետ հանդիպումի ընթացքին նախազգուշացուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանը կրնայ Հայաստան ներխուժել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր «Արմէնփրես»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է, թէ յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնը «սխալ է» եւ «չ՛արտացոլացներ այն, ինչ որ Պլինքըն ըսած է օրէնսդիրներուն»:
«Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այդ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լրջագոյն հետեւանքներու: Այս յօդուածի տեղեկութիւնը սխալ է եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛արտացոլացնէ այն, ինչ որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը ըսած է օրէնսդիրներուն», «Արմէնփրես»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Միլլըր: