Փութին Մոսկուայի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ

Փութին Մոսկուայի Մէջ Ալիեւ-Փաշինեան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ

Ռուսիան, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եռակողմ ձեւաչափի մէջ քրտնաջան աշխատած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, իսկ ռուս խաղաղապահները բարեխղճօրէն կատարած են Ղարաբաղի մէջ իրենց պարտաւորութիւնները: Այս մասին Պիշքեքի մէջ ԱՊՀ-ի ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Օրակարգի վրայ է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը, որպէսզի վերջնականապէս վերջակէտ դրուի այս ձգձգուած տագնապին: Ռուսիան պատրաստ է այս հարցին մէջ իր գործընկերներուն համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Փութին:

Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնելու խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հարցին մէջ եւ առաջարկած է Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ կատարել: Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ որեւէ ձեւաչափով:

«Սկսելու համար, եթէ պէտք ըլլայ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ փորձագէտներու ձեւաչափով, եւ, ի հարկէ, մենք պիտի նպաստենք, որպէսզի այդ բանակցութիւնները աւարտին խաղաղութեան համաձայնագիրով, որ պիտի ստորագրեն այդ երկիրներու ղեկավարները», ընդգծած է Փութին` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ ընտրութիւնը միշտ համապատասխան երկիրինն է, իսկ Մոսկուան իր կողմէ պատրաստ է «անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու»:

aztagdaily.com

Share