Ֆրանսան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ծիրին մէջ պիտի պահանջէ որդեգրումը բանաձեւի մը, որ պայմաններ պիտի ստեղծէ հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձին համար: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան` իր երկրի Ծերակոյտին մէջ արտասանած խօսքին մէջ:
Քոլոնան աւելցուցած է, որ այդ պայմանները պէտք է ներառեն Ղարաբաղի հայերու, ներառեալ պատմամշակութային իրաւունքներու պահպանման ամուր երաշխիքներ: Ատոր համար անհրաժեշտ է այդտեղ մնայուն միջազգային ներկայութիւն, եւ Ֆրանսայի բոլոր ջանքերուն նպատակը ատոր հասնիլն է:
«Բոլորն ալ կը հասկնան Միջին Արեւելքի ճգնաժամի լրջութիւնը, սակայն պէտք է նաեւ դիտարկել Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ: Այո՛, Ազրպէյճանը ծրագրած եւ կազմակերպած է աւելի քան 100 հազար հայերու Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանութիւնը, ասիկա չափազանց ծանր յանցագործութիւն է, որուն չի կրնար չհետեւիլ հակազդեցութիւնը», ըսած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Նախարարին համաձայն, անոր կը մնայ միայն հետեւելով Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռնին կրկնել, որ «ոչ մէկ երկիր Հայաստանի համար այնքան բան չ՛ըներ, որքան Ֆրանսան: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծումը կարելի է գտնել միայն բանակցութիւններու միջոցով, եւ խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արդար եւ երկարաժամկէտ»:
«Այդ իսկ պատճառով Ֆրանսան կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան միջնորդական ջանքերուն եւ կը պահանջէ, որ զիջումներ չըլլան միջազգային օրէնքի, Հայաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ»:
Պաքու «Կը Դատապարտէ Եւ Կը Մերժէ»
Քոլոնայի «Անհիմն» Մեղադրանքները
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Քոլոնայի` Ծերակոյտին մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն` յայտարարելով, որ իրենք «վճռականօրէն կը դատապարտեն եւ կը մերժեն Ազրպէյճանին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները»:
Ինչպէս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է` «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն հայերու ծրագրուած վերաբնակեցման մասին Քոլոնայի յայտարարութիւնները կը հակասեն այս հարցին մէջ միջազգային ընտանիքին եւ նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետի` 21 սեպտեմբերին յայտնած դիրքորոշումին»:
Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Ֆրանսան Հայաստանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը չկատարելուն ուղղուած արձագանգի բացակայութեան համար եւ կոչ ուղղած դադրեցնելու իր կործանարար պահուածքն ու Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած սպառնալիքները:
Ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, Ազրպէյճանը «վճռականօրէն պիտի դիմադրէ իր գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած որեւէ գործողութեան»: