Մինչ իսրայէլեան օդուժը շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Կազան, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութեան անդամ նախարարները վաւերացուցած են 360 հազար պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկելու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթի դիմումը:
«Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Կազայի հետ սահմանին վրայ իսրայէլեան ցամաքային ուժերու կուտակումներ կան: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Եւրոպայի բոլոր կողմերէն իր զինուորներն ու պահեստի զինուորները Իսրայէլ վերադարձուցած է:
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Կազայի մերձակայ ամբողջ շրջանը, «եւ այլեւս Իսրայէլի մէջ պաղեստինցի զինեալներու հետ որեւէ բախում չկայ»: Բանակը յայտնեց, որ Կազայի մերձակայ շրջանին մէջ ոեւէ պաղեստինցի զինեալ չէ մնացած, եւ բախումներու սկիզբէն ի վեր Համասի 401 զինեալներ վնասազերծուած են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Եգիպտոսը զգուշացուցած է, որ պիտի հարուածէ օժանդակութիւններով բեռնաւորուած որեւէ բեռնակառք, որ Ռաֆահի անցքէն կը փորձէ Կազա մուտք գործել:
Մինչ ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւնը` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն յայտարարեց, որ Կազայի մէջ կան 180 հազար ներքին տեղահանուածներ, որոնցմէ 137500-ը պատսպարուած է գործակալութեան 83 դպրոցներուն մէջ, իսրայէլեան բանակի բանբեր փոխգնդապետ Ռիչըրտ Հեխթ երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պաղեստինցիներուն կոչ ուղղեց Կազայէն Եգիպտոս փախչելու` նշելով. «Ռաֆահի անցակէտը տակաւին բաց է. ով որ կրնայ դուրս գալ, խորհուրդ կու տանք դուրս գալ»: Հեխթի համաձայն, Իսրայէլի մէջ Համասի 1500 զինեալներու դիակ յայտնաբերուած է:
ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը յայտնեց. «Կազայի ամբողջական պաշարման ենթարկուիլը միջազգային մարդասիրական օրէնքով արգիլուած է»: Ան աւելցուց. «Կազայի մէջ իսրայէլեան օդային հարուածները վնասած են դպրոցներ ու բնակելի բարձրայարկ շէնքեր եւ յանգեցուցած են քաղաքային զոհերու: Կազայի պաշարումը կը սպառնայ վատթարացնել կացութիւնը եւ բժշկական կեդրոններու աշխատանքին կ՛ազդէ»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց օգնելու` Կազայի վրայ Իսրայէլի յարձակումը դադրեցնելու: Ան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ զրոյցի ընթացքին ՄԱԿ-էն խնդրեց «անյապաղ միջամտել»` դադրեցնելու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը: Ապպաս Կութիերեսին եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց «կատարելու իրենց պարտականութիւնները եւ ապահովելու Պաղեստինի ժողովուրդի միջազգային պաշտպանութիւնը»:
Ապպաս նաեւ ընդգծեց, որ շրջանին մէջ մագլցումի միակ լուծումը կ՛ենթադրէ դադրեցնել Պաղեստինի իսրայէլեան բռնագրաւումը:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց. «Դիմադրութեան մօտ թշնամիի գերիներուն հարցով մեզի հետ բոլոր կապ պահողներուն յայտնեցինք, որ այդ թղթածրարը ճակատամարտի աւարտէն առաջ պիտի չբացուի եւ միայն Դիմադրութեան համար ընդունելի գինով պիտի ըլլայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ յայտարարեց, որ «Պաղեստինեան դիմադրութիւնը պաշարուած Կազայի մէջ ինքնուրոյն կը պատրաստէ եւ կ՛արտադրէ հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը»` նշելով. «Դիմադրութեան ղեկավարները մեզի վստահեցուցին, թէ ամէն ինչ կարելի պիտի ըլլայ, եթէ Իսրայէլ կարմիր գիծերը անցնի»:
Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով դատապարտեցին Համասի յարձակումները եւ Իսրայէլին իրենց «հաստատ եւ միասնական աջակցութիւնը» յայտնեցին:
«Մենք յստակ կ՛ըսենք, որ Համասի ահաբեկչական գործողութիւնները արդարացում կամ օրինականութիւն չունին եւ պէտք է համընդհանուր դատապարտումի ենթարկուին: Ահաբեկչութիւնը չի կրնար արդարացում ունենալ: Վերջին օրերուն աշխարհը սարսափով կը հետեւէր, թէ Համասի ահաբեկիչները ինչպէս կը սպաննեն ընտանիքները անոնց տուներուն մէջ, կը սպաննեն աւելի քան 200 երիտասարդներ, որոնք կը վայելէին երաժշտական փառատօնը եւ կ՛առեւանգեն տարեց կիներ, երեխաներ եւ ամբողջ ընտանիքներ, որոնք այժմ պատանդ են:
«Մեր երկիրները կ՛աջակցին Իսրայէլի նման վայրագութիւններէն ինքզինք եւ իր ժողովուրդը պաշտպանելու ջանքերուն: Մենք նաեւ կը շեշտենք, որ այժմ ժամանակը չէ, որ Իսրայէլի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած որեւէ կողմ այս յարձակումները օգտագործէ իր շահերուն համար:
«Մենք բոլորս կը ճանչնանք Պաղեստինի ժողովուրդի օրինական ձգտումները եւ կ՛աջակցինք արդարութեան ու ազատութեան հաւասար քայլերուն թէ՛ իսրայէլացիներու, թէ՛ պաղեստինցիներու համար: Սակայն մի՛ սխալիք. Համասը չի ներկայացներ այդ ձգտումները եւ պաղեստինցի ժողովուրդին կ՛առաջարկէ աւելի շատ սարսափ եւ արիւնահեղութիւն:
«Յառաջիկայ օրերուն մենք պիտի մնանք միասնական եւ համակարգուած` իբրեւ դաշնակիցներ եւ իբրեւ Իսրայէլի ընդհանուր բարեկամներ, ապահովելու, որ Իսրայէլը կարենայ ինքզինք պաշտպանել եւ, ի վերջոյ, պայմաններ ստեղծել խաղաղ եւ համարկուած Միջին Արեւելքի շրջանի համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Սէուտական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան Կազայի մէջ մագլցումը քննարկելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հրատապ նիստ պահանջած է:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան նախարար Ապպաս Քամել «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն 10 օր առաջ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին յղած է նամակ մը` զգուշացնելով «արտասովոր ու ահաւոր բանէ մը», որ կրնայ Կազայի կողմէ պատահիլ: Եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն աղբիւր մը յայտնած է, որ Քամելին Թել Աւիւի «անհոգութենէն անակնկալի մատնուած է»: Նեթանիահու Քամելի յայտնած է, որ իսրայէլեան բանակն ու ապահովական մարմինները ներգրաւուած են Այսրյորդանանի քաղաքներուն մէջ, իսկ իսրայէլեան բանակի զօրավարները Գահիրէի մէջ իրենց պաշտօնակիցներուն յայտնած են. «Կազայի մէջ կացութիւնը, մասնաւորաբար ապահովական ցանկապատին երկայնքին, վերահսկողութեան տակ է»:
Նշենք, որ Ֆրանսան եւ Սպանիան երէկ յայտնեցին, որ դէմ են Եւրոպական Միութեան կողմէ պաղեստինցիներուն ցուցաբերուող օգնութեան դադրեցման:
Իսրայէլի իշխող Լիքուտ կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ համախոհական կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու բոլոր ղեկավարները համաձայն գտնուած են ազգային արտակարգ իրավիճակի կառավարութիւն կազմելու: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր իր արտասանած ուղերձին մէջ ընդդիմութեան կոչ ուղղած էր առանց նախապայմաններու ազգային արտակարգ իրավիճակի կառավարութիւն կազմելու, ճիշդ ինչպէս տեղի ունեցած էր 1967-ի պատերազմի ընթացքին:
«Ազդակ»