«Հայաստան Արցախ Հիմնադրամի»  մամուլի հաղորդագրութիւն

«Հայաստան Արցախ Հիմնադրամի» մամուլի հաղորդագրութիւն

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը անցեալ 34 տարիներուն աւելի քան 1 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն նուիրաբերած է հայրենիքին

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիոյ մէջ գործող, ոչ-եկամտաբեր Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հասած է աննախընթաց նուաճումի մը, որ կը յատկանշուի անցեալ 34 տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին աւելի քան 1 միլիառ տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցած ըլլալով։

Ներկայիս, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը կարգադրութիւններ կը կատարէ, որպէսզի կարենայ անյապաղ օգնութիւն հասցնել հայրենիքին՝ ուղղակիօրէն ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած աւելի քան 100,000 գաղթականներուն։

Այս տարուայ առաջին ինը ամիսներուն միայն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $34 միլիոնի դեղորայք ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ ($30 միլիոն համարժէքը՝ Հայաստանին, $4 միլիոնը՝ Արցախին)։   

Հայաստան Արցախ Ֆոնտի բժշկական բոլոր առաքումները պէտք է նախօրօք ստանան հաւանութիւնը Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան, որ կ՚ընտրէ իր ուզած դեղերը, կը ճշդէ դեղերուն քանակն ու գործածութեան ընդունելի ժամկէտերը, եւ ըստ այնմ ներածման արտօնութիւն կը շնորհէ։  

1989-էն ի վեր, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն՝ մեծաւ մասամբ դեղորայք, 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2,566 ծովային արկղերով։ 

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։ 

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Share