Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ազրպէյճանը, օգտուելով Ուկրաինոյ հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլեր կը կատարէ աւարտին հասցնելու իր հակահայ ծրագրերը, որոնք իրականացնելու նորագոյն հանգրուանը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։
Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9/10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան խոչընդոտող գործողութիւններ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:
Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն Արցախի գազատամատակարարման խափանումով եւ Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժումով Ազրպէյճան կը հետապնդէ Արցախը հայաթափելու իր անթաքոյց ծրագիրը։
Այս ծանր օրերուն, անհրաժեշտ է ամէնուրեք համազգային ուժերով դիմադրել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այս հակահայ քաղաքականութեան։
Առ այդ, անհրաժեշտ է.
ա) Դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւններուն՝ պահանջելով որ չանտեսեն Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնն ու քայլերը։
բ) Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններով՝ հրաւիրել քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր թափ առած հակահայ այս քաղաքականութեան վրայ։
Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմէն կը պահանջենք ապահովել թշնամի ուժերու իրենց ելման կէտեր վերադարձը եւ խաղաղութեան պահպանումը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին եւ պատրաստ է անոր աջակցելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը կարենայ իրականացնել՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու իր պատասխանատուութիւնը։
Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ այս քաղաքականութիւնը չի կրնար մնալ առանց արձագանգի. այս քաղաքականութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու են այդ երկու պետութիւնները։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
25 Մարտ 2022