Արցախի Տառապալից Վիճակը

Արցախի Տառապալից Վիճակը

Այսօր ազգովին բոլորս ականատես եղանք մեծ վշտի մը: Կարծես 10 ամսուայ Արցախի դէմ տեղի ունեցած անմարդկային շրջափակումը,  ապա ատրպէյճանի օդային յարձակումը եւ ժողովուրդի տեղահանումը բաւարար չէր….. Այսօր Սեպտեմբեր 25, 2023-ին Արցախի Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից վառելանիւթի պահեստանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ահեղ պայթում մը որ ցնցեց քաղաքը, կան տասնեակ զոհեր հարիւրաւոր վիրաւորներ այդ թւում երեխաներ:

ՀՕՄ-ի իր խորհին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պայթումի հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն եւ ուժ, կորով ու համբերութիւն մեր հայրենակիցներուն:

Ներկայ հրատապ իրավիճակէն մեկնելով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը կը պահանջէ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններէն անմիջական օգնութեան ձեռք մեկնել Արցախին, օդային միջանցք բանալ եւ վիրաւորները տեղափոխել Հայաստան անհրաժեշտ բուժման համար:

Այս դժուարին եւ տխուր պահերուն Հայ ազգի միասնականութիւնն ու հզօր կամքը անկասկած պիտի շողայ, եւ բոլորս մէկ բռունցքի նման զօրակից պիտի դառնանք Արցախի մեր հայրենակիցներուն որոնք մեծապէս տուժած են այս պատահարէն:

Հայ Օգնութեան Միութիւն

Share