Դամբանական Ընկեր Զարեհ Չալեանի

Դամբանական Ընկեր Զարեհ Չալեանի

Ստորև ներկայացնում ենք ընկ. Զարեհ Չալեանի վերջին հրաժեշտին ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆի կենտրոնական կոմիտէի ատենապետ՝ Տարօն Տ. Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը ամբողջութեամբ:

Սիրելի սգակիրներ, Զարեհ Չալեանի ընտանեկան պարագաներ,

Այսօր եկած ենք մեր հրաժեշտը տալու, եկած ենք մեր երախտիքը յայտնելու, մեր յարգանքի տուրքը արտայայտելու անհատի մը, Զարեհ Չալեանի կուսակցական, ազգային և մարդկային վաստակին:

Այսպէս, Զարեհ Չալեան աւելի քան 70 տարիներ լոյս սփռեց իր շրջապատին, իր ո՛ղջ կեանքի առիւծի բաժինը հանեց ուրիշներուն, տուաւ բոլորին շա՛տ աւելի քան առաւ անոնցմէ, սիրայօժար տրամադրեց, առանց որեւէ փոխադարձ ակնկալութիւն ունենալու:

Ան կազմեց հայութիւն բուրող բոյն մը, ուր տուաւ անսահման սէր ու գուրգուրանք, հոն ջամբեց ազգային ու մարդկային դաստիարակութիւն, ան մնա՛ց հաւատարիմ արմատախիլ եղած Հաճնոյ իր արմատներուն, սորվելով անոր բառբառը, ժառանգելով անոր սովորութիւնները, ու պատմագրելով անոր հերոսամարտը: Ան ստացաւ երկրաչափական բարձր ուսում, ու զայն դրաւ իր շրջապատին և իր հանրային միջավայրին ծառայութեան մէջ:

Բայց այնի՛նչ որ կը զատորոշէ Զարեհ Չալեանը, կ’արտացոլայ ո՛չ միայն իր տիպար մարդու յատկանիշներուն մէջ, այլ իր ցուցաբերած և ապրած Դաշնակցական մարդու՛ կենցաղով, դաշնակցական մարդու կերպարով ու կեցուածքներով նաեւ: Եւ ահա՛ այդ պատճառով է որ յստակ կերպով կը սգայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի մեր շրջանը, իր Կեդրոնական Կոմիտէին բերնով ու արտասանած դամբանականով:

Սիրելի, հարազատներ, Զարեհը ճանչցած սգակիրներ, ամէն օր չէ՛ որ մեր ազգային և կուսակցական երկնակամարին վրայ Զարեհ Չալեաններ կը ծնին և կը շիճին: Երանի՛ այդ պատահէր բազմաթիւ Զարեհներու ծնունդովը, և ըլլար ամէն օր:

Ընկեր Զարեհ Չալեանը ունեցաւ բազմատասնեակ յատկանիշներ, որոնք սփիւռքեան մեր դժնդակ ու մոլորեցնող պայմաններուն մէջ օրըստօրէ հաւանաբար կրնան պակսիլ, նօսրանալ, և մեզ շեղել մեր նպատակներէն ու թիրախէն:

Թուելու համար այդ առաքինութիւններէն մի քանին, ըսենք որ ընկեր Զարեհ եղաւ ծայր աստիճան նուիրեալ ու մաքրամաքուր, եղաւ պարտաճանաչ, եղաւ գիտակից, կարգապահ, յանձնառու, աշխատունակ, անշահախնդիր, ու հաւատաւոր:

Իր համար կուսակցութեան խօսքը, ՀՅԴ-ի որոշումները, Դաշնակցութեան կեցուածքները խնդրոյ առարկայ չէին կրնար ըլլալ: Անոնք կիրառելի էին ու հանրութեան առջեւ պաշտպանելի, անկախ թէ ինք այդ որոշումներուն համաձայն ըլլար, թէ ոչ: Ուղղափառ կերպով ընկեր Զարեհ կը կատարէր կուսակցութեան որոշումները, ու կը ջատագովէր անոր կեցուածքները, և եթէ պատահէր որ ինք անձնապէս պարագայաբար անհամաձայն ըլլար անոնց, կարգն ու կանոնը յարգելով իր ժողովներուն ընթացքին – որոնցմէ բացակայիլը ես չեմ յիշեր – ան կ’արձագանգէր, եթէ որեւէ տարակարծութիւն ունենար: Ընկեր Զարեհի համար ՀՅԴ-ն կազմուած էր գաղափարական զինուորներէ, որոնց ուժը կը կայանար ու կը գտնուէր իրենց կարգապահութեան և որոշումներուն ճշգրիտ ու անյապաղ գործադրման մէջ:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին 150 տարիներուն մենք իբրեւ կազմակերպութիւն ունեցանք բազմաթիւ հանրածանօթ հերոսներ, Չաւուշի, Սերոբ Աղբիւրի, Թաթուլ Կրպէյեանի, և այլոց օրինակով: Սակայն մենք ունեցանք և ունինք նաեւ հոյլ մը անծանօթ հերոսներ, խոնարհ հերոսներ, որոնցմէ մէկուն անշունչ ու տքնաջան մարմինը ահաւասիկ հո՛ս է, ձեր առջեւ: Մեր այս անծանօթ հերոսները սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ շաղկապեցին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդը նոր եկողին հետ, թա՛փ տուին մեր սփիւռքեան կառոյցներուն, յառաջացուցին երիտասարդական և ուսանողական միութիւններ, մեր դպրոցներուն մէջ ազգութիւն թրծեցին, մէկ գաղութի յաջող նախաձեռնութիւնները անոնք փոխադրեցին այլ գաղութներ, ՀՅԴ-ի աւանդներն ու կազմակեպական մշակոյթը անոնք վառ պահեցին, ու անոր հանգանակին եկան բա՛ն մը աւելցնելու, և այս բոլորը ըրին անսահմա՛ն սիրով, համբերութեամբ ու համեստութեամբ: Ահա՛ անոնցմէ խօսուն օրինակ մը ձեր առջեւ ննջած ընկեր Զարեհն է, իր պարտականութիւնները լիօրէն ամբողջացուցած ըլլալու գոհունակութեամբն իր:

Աւելի՛ն, Զարեհ Չալեան այդ ջահը շալկեց իր ծննդավայր Պէյրութէն Ամերիկայի Ինտիանա և Նիւ Ճըրզի նահանգները, և ապա Հարաւային Քալիֆորնիա: Ընկեր Զարեհ այդ կրակը անշէջ պահեց շատերուս դարբնոց դարձած Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան իր օրերէն մինչեւ իր մահը, մինչեւ իր սրտին շա՛տ մօտիկէն խօսող Պըրպէնքի Աղբալեան Կոմիտէն ու Կոմիտէութիւնը:

Իր անսակարկ նուիրումին ու աներկբայ ծառայութիւններուն և անսասան կարգապահութեան համար, ընկեր Զարեհը մեզի համար կը մնայ դաշնակցականի տիպարը, որուն ընթացքը բոլորիս համար ըլլալու է վարակիչ: Մեզի համար իր համեստութեամբն իսկ մեծցող զինուորագրեալ ու հաւաքականը իր ԵՍ-ին գերադասած իւրայատուկ օրինակ մը է, ու է ներշնչման աղբիւր:

Այս բաժանման առթիւ, ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին անունով խորին վշտակցութիւն կը յայտնենք իր կողակիցին, մեր շա՛տ սիրելի ու յարգելի ընկերուհի Անիին, իրենց երեք դուստրերուն, Մարալին, Արփիին, և Հուրիին, անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն և բոլոր սգակիրներուն: Իրենց մաղթելով համբերութիւն, մխիթարութիւն, և ընկեր Զարեհի ապրած կեանքին ու թողած անթիւ յիշատակներուն վերյիշում:

Ընկեր Զարեհ, խոնարհ հերոս ընկեր ջան, հողը թեթեւ գայ վրադ: Մենք երդուած ենք գործը շարունակել և կիսատ չթողուլ: Ննջէ՛ հանգիստ սիրելի ընկեր:

Share