Պետութիւնը եւ….մտաւորականին նախակրթարանը

Պետութիւնը եւ….մտաւորականին նախակրթարանը

Վաչէ Բրուտեան

Վերջերս «Ալիք» օրաթերթի համացանցային տարբերակին վրայ կարդացի հարցազրոյց մը գաղափարի ընկերներէս Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին հետ։

Հարցազրոյցը, զոր վարած էր թերթին աշխատակիցներէն Սիւնէ Ֆարմանեան, ընդհանուր առմամբ կը շօշափէր Սփիւռքը եւ սփիւռքեան հարցերը։

Ինծի համար ապշեցուցիչ էր հարցազրոյցին հետեւեալ հարցումը ու նոյն այդ հարցումին Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին պատասխանը. Աւելի ճիշդ՝ պատասխանին վերջին նախադասութիւնը։

Կը մէջբերեմ նոյնութեամբ.-

Հարցում.- Պարոն Տէր-Ղուկասեան մտաւորականի տեղը պետութեան կողքի՞ն է, թէ՞ մտաւորականը պէտք է մշտապէս ընդդիմադիր լինի պետութեանը:

Պատասխան.- Մտաւորականը պէտք է ըլլայ յանձնառու, ազատամիտ, քննադատական, եւ հարկ եղած պարագային պէտք չէ խուսափի ինքնաքննադատութենէ, որպէսզի չմատնուի երբեք ինքնասիրահարումի եւ մեծամտութեան փորձառութեան, չիյնայ ամենագէտի հիւանդագին բարդոյթի թակարդին մէջ: Այնքան ատեն, որ մտաւորականի այս կերպարով հանդէս կու գայ, անոր պետութեան կողքին թէ ընդդիմադիր ըլլալը երկրորդական է:

Սկսիմ հարցումէն՝ պարզապէս նշելով ատոր անհեթեթութիւնը, որովհետեւ աններելի է պետութեան դերին նսեմացումը, կամ տկարացումը՝ յատկապէս հայկակա՛ն իրականութեան պարունակէն ներս։

Երկիրները, հայրենիքները պետութիւնո՛վ կ՚իմաստաւորուին, պետութեան շնորհիւ է, որ երկիրները կը վերածուին գործօնի, քաղաքական ազդակի։ Պետութիւնն է, որ քաղաքական բովանդակութիւն եւ դերակատարութիւն կու տայ երկիր-ժողովուրդ, կամ հայրենիք-ժողովուրդ միասնութեան։ Եւ վերջապէս, պետութիւնն է այն երաշխիքը, որուն շնորհիւ ազգը կրնայ գոյատեւել։ Հարկ չեմ տեսներ աւելին բացատրելու։

Հետեւաբար, ինչքանո՞վ արդարացուած է այդ հարցումը։ Պատասխան՝ ոչինչով։

Իր պատասխանին մէջ, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կը բնութագրէ մտաւորականն ու անոր դերը։ Համաձայն եմ իր հետ, որ մտաւորականը պէտք է ըլլայ «յանձնառու, ազատամիտ, քննադատական… պէտք չէ խուսափի ինքնաքննադատութենէ, որպէսզի… չիյնայ ամենագէտի հիւանդագին բարդոյթի թակարդին մէջ»։

Փակագիծ մը բանալով.- Համամիտ չեմ միայն «ազատամիտ»ին, որովհետեւ մտաւորականը կրնայ ըլլալ նաեւ… պահպանողական։ Եւ կա՛ն պահպանողական մտաւորականներ, ըլլա՛յ համաշխարհային, ըլլա՛յ հայկական իրականութեան մէջ։ Նոյն ծիրին մէջ ալ, ես պիտի նախընտրէի «լայնախոհութիւնը»՝ «ազատամիտ»ին փոխարէն։ Ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են։

Հիմա գանք բուն խնդրին, որ բանաձեւուած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի վերջին նախադասութեան մէջ. «Այնքան ատեն որ մտաւորականի այս կերպարով հանդէս կու գայ, անոր պետութեան կողքին թէ ընդդիմադիր ըլլալը երկրորդական է»։

Խաչիկ, չեղա՛ւ։

Հայ մտաւորականը, եթէ ՀԱՅ է ու եթէ Ձեր վերի բնութագրումով ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ Է, ինչպէ՞ս կրնայ ի հարկին ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ըլլալ հայկական պետութեան։ Մտաւորականը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է տուեալ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱ՛Ն նկատմամբ քննադատական, ի հարկին անզիջող քննադատական կեցուածք որդեգրե, սակայն չի՛ կրնար պետութեան դէմ նման վարք ցուցաբերել, որովհետեւ պետութիւն եւ իշխանութիւն ամբողջութամբ տարբեր բաներ են։ Իշխանութիւնը պետութեան ղեկը վարողն է, սխալ կամ ճիշդ, արդար կամ անարդար, հետեւաբար մտաւորականը այդ ճիշդ ու սխալին, արդար-անարդարին կապակցութեամբ յանձնառու եւ սկզբունքային կեցուածք ցուցաբերողն է։ Մտաւորականը պետութեան մէջ կողմնացոյցի դերը վերցուցած անձն է, որ ուղի եւ ճամբայ ցոյց կու տայ ենթադրաբար մոլորած, սխալ ընթացքի մէջ մտած եւ կամ անարդար իշխանութիւններուն ու ընդհանրապէս տուեալ հանրութեան, ի հարկին՝ խարազանով։

Կը ցաւինք, որ ստիպուած եղանք այս տարրական, նախակրթարանային ընդգծումները ընելու պետութեան եւ իշխանութեան մասին։ Բայց ատոր «մեղքը» մերը չէ, այլ՝ Սիւնէ Ֆարմանեանինն ու Խաչիկ Տէր Ղուկասեանինը։ Նաե՛ւ «Ալիք»ինը։


Երեւան, 14 Սեպտեմբեր 2023

Share