Դաշնակցական անձնուէր հրամանատարը՝ Խանը. Մահուան 120-ամեակ

Դաշնակցական անձնուէր հրամանատարը՝ Խանը. Մահուան 120-ամեակ

Խան, Բարսեղ Թիրեաքեան, 1863 – 1903

«Ես այդ շատոնց գիտէի ա՛յն ատենէն, երբ ան ֆետայի արձանագրուեցաւ: Տղաս, գնա՛ դիրքդ եւ կռուէ, սպաննուածի մասին ա՛լ չեն մտածեր, այլ կը մտածեն, թէ ի՞նչպէս կարելի է լուծել անոր վրէժը»:

Կռուի մէկ տաք վայրկեանին, իր եղբօր նահատակութեան լուրն անգամ այսպիսի պաղարիւնութեամբ ընդունող Բարսեղ Թիրեաքեանն է ան, Ցեղին ասպետական արութիւնը ժառանգած Հայ Ազատագրական Շարժման իրաւ ասպետներէն մէկը, Խանը, որ մայրենիին եւ անոր խորհուրդներուն ծանօթացաւ Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ, քաջաբար կռուեցաւ անոր դրօշին տակ, զոհուեցաւ կռուի դաշտին վրայ՝ դառնալով պաշտելի հերոս մը թէ՛ իր զինակից ընկերներուն եւ թէ ժողովուրդին համար:

Բարսեղ Թիրեաքեան կը ծնի Կեսարիոյ Տերէ Վանք կամ Տերէվէնք գիւղին մէջ, 1863-ին: Թրքախօս շրջանի մէջ իր ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող Խանի հայրը, օր մը, վէճի կը բռնուի իրենց դրացի թուրքին հետ: Վէճը կը վերածուի կռիւի եւ Թիրեաքեան թուրք մը տեղն ու տեղը դաշոյնով սպաննելէ եւ քանի մը ուրիշներ վերաւորելէ ետք, ուշակորոյս կ“իյնայ: Թուրքերը այնքա՜ն կը հարուածեն, որ պատուախնդիր հայը կ“աւանդէ հոգին:

Հայրակորոյս Բարսեղի եւ իր փոքր եղբօր՝ Միհրանի պատանութիւնն ու երիտասարդութիւնը կը կազմուին զրկանքներու եւ վրէժխնդրութեան թէժ կրակներուն մէջ՝ յաճախ կռուի բռնուելով հայերը անարգող կամ հարստահարող թուրքերու հետ:

Ստիպուած՝ երկու եղբայրները կ“որոշեն Պոլիս գաղթել: Միհրանը Պոլիս ղրկելէ ետք, բարսեղ կը սպաննէ իր հօր ոճրագործը եւ կը միանայ եղբօր: Պոլսոյ մէջ, ան կը յարի Հնչակեան կուսակցութեան, կը մասնակցի Գում Գափուի եւ Պապը Ալիի ցոյցերուն, ուր աչքի կը զարնէ իր անվախ եւ յանդուգն խառնուածքը:

Բայց Պոլիսը չի գոհացներ յախուռն խառնուածքի տէր երիտասարդը: Երկրէն հասնող լուրերը զինք կը քաշեն դէպի Կովկաս՝ հայդուկային փոթորկայոյզ կեանքին: Դէպի Երկիր ճամբայ ելլելէ առաջ, ըմբոստ երիտասարդը կը ծանօթանայ Օննիկ Դերձակեանին (Վռամեան) եւ 1896ին կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը:

Ռումանիա-Պուլկարիա-Սեւաստապոլ-Պաթում-Թիֆլիս ուղեւորութիւնը վերջ կը գտնէ Երեւան, ուր 27-ամեայ թրքախօս նուիրեալը մայրենին սորվիլ կ“որոշէ: Կարճ ժամանակ մը անց՝ Բարսեղ կը սկսի հայերէն խօսիլ: Նախիջեւան-Զուլֆա-Խոյ գծով կը հասնի Սալմաստ եւ կը ներկայանայ Նիկոլ Դումանին, որ կը համակրի եւ ինքն իրեն կ“ըսէ. «…Տղամարդ է եւ ազնուականի զաւակ, Խանի նման է»: Այնուհետեւ, ընկերները Բարսեղը Խան կ“անուանեն:

Խանասորի արշաւանքի իբրեւ տասնապետ կը մասնակցի եւ կ“արժանանայ զինակից ընկերներու ամբողջական յարգանքին ու հիացումին՝ իր անվախ եւ արթնամիտ հասունութեամբ: Այլեւս նշանաւոր հայդուկ է եւ ընտրեալ առաջնորդ, որուն խումբը կը մասնակցի ֆետայական բազմաթիւ գործողութիւններու: Բայց Խանի համբաւը յատկապէս կը սկսի տարածուիլ Ալաշկերտի,Խաստուր գիւղի ընդհարումէն (26 Հոկտ. 1899) ետք, երբ Գոմի մէջ հանգստացող Խանի խումբը (37 հոգի) ո՛չ միայն կը յաջողի ճեղքել օղակը, այլեւ քանի մը տասնեակ հայդուկները, տեղատարափ գնդակներու տակ, կը քաշուին մօտակայ բլուրները եւ առասպելական կատաղութեամբ մինչեւ մայրամուտ կը դիմադրեն հազարէ աւելի կանոնաւոր զօրքին, իսկ գիշերուան մթութեան մէջ ուրուականներու պէս կ“անհետանան:

Նոյնպիսի հմտութեամբ Խան կը վարէ նաեւ Բասենի, Բոցիկի եւ Գոմաձորի ընդհարումները՝ միշտ կռուի բռնուելով թշնամի գերազանց ուժերու հետ: Այսպիսի անհաւասար կռիւի մը մէջ, թշնամիէն քառապատիկ զոհեր խլելէ ու մինչեւ վերջին փամփուշտը դիմադրելէ ետք Խան եւ իր զինակից ընկերները կը նահատակուին հերոսի մահով, 17 Սեպտեմբեր 1903-ին:

Խանի երգը

Լուսին չկար՝ մութ գիշեր էր՝
Մի խումբ կ’երթար արագ արագ՝
Լուսին չկար՝ մութ գիշեր էր՝
Մի խումբ կ’երթար արագ արագ՝
Տեսանք որ քաջ Խանի խումբն էր՝
Զինուած էին մոսիններով:
Տեսանք որ քաջ Խանի խումբն էր՝
Զինուած էին մոսիններով:


Կեանքերը ազգին նուիրած՝
Կտրիճ Խանը առաջ ինկած՝
Կեանքերը ազգին նուիրած՝
Կտրիճ Խանը առաջ ինկած՝
Գնում էին տաճկաց սահման՝
Թռչում էին կրակի նման:
Գնում էին տաճկաց սահման՝
Թռչում էին կրակի նման:

Հրացանները ուսերին՝
Դրօշակը պարզել էին՝
Հրացանները ուսերին՝
Դրօշակը պարզել էին՝
Գնում էին ուրախ զուարթ՝
Ազատութիւն երգուն էին:
Գնում էին ուրախ զուարթ՝
Ազատութիւն երգուն էին:


Հայաստանի հողին վրայ՝
Քաջը թափեց իր արիւնը՝
Հայաստանի հողին վրայ՝
Քաջը թափեց իր արիւնը՝
Յիշենք հայեր չմոռանանք՝
Կտիճ Խանի սուրբ անունը:
Յիշենք հայեր չմոռանանք՝
Կտիճ Խանի սուրբ անունը:

Share