Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիրwww.TheCaliforniaCourier.com
Կրնան գտնուիլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք դատի տուած ըլլան իրենց կառավարութիւնները իրենց տապալումէն ետք, կամ իրենց ունեցուածքի բռնագրաւման ի հետեւանք, սակայն ես չեմ ճանչնար ղեկավար մը, որ իր պաշտօնավարութեան ժամանակ շարունակած ըլլայ իր սեփական երկրին դէմ հայցը, օտարերկրեայ դատարանի մէջ: Ունինք ոչ թէ մէկ, այլ երկու հայցերու անհաւանական դէպքեր, զորս տարիներ առաջ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարան, ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Այս երկու դատական գործերը ընթացքի մեջ էին, երբ ան դարձաւ վարչապետ։ Առաւել, Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Եւրոպական դատարանին մէջ քննուող հայց ունէր նաեւ Ալեքսանդր Արզումանեան՝ դեսպան նշանակուելու պահուն։
Ոչ ոք կրնայ մեղադրել քաղաքացի Փաշինեանը, նշեալ երկու հայցերը ներկայացնելուն համար՝ 2018-ին, վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն շատ առաջ, իր անունը մաքրելու նպատակով, երբ ինքն ու իր թերթը մեղաւոր նկատուած էին, Հայաստանի օրէնքները խախտելու մէջ։ Այսուամենայնիւ, վարչապետ դառնալէ ետք, ան պէտք է Եւրոպական դատարանէն յետս կոչէր հայցերը եւ հայցադիմում ներկայացնէր Հայաստանի դատարաններու մէջ, ինչ որ ըրաւ ներկայիս, պաշտօնը ստանձնելէն չորս տարի անց։ Յունուար 2022-ին, իր «մամլոյ ասուլիսին», Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ օրին մտածած է հայաստանեան դատարաններ բողոք ներկայացնելու մասին, սակայն, յարմար տեսած է նախ սպասել մինչեւ Եւրոպական դատարանի կողմէ որոշման կայացումը։ Կը կարծեմ, որ աւելի ճիշդ կ՛ըլլար հայցերը յետս կոչել Եւրոպական դատարանէն եւ բողոք ներկայացնել Հայաստանի մէջ։
16 Փետրուար 2022-ին, «Արմէնփրես» տեղեկացուց, որ «Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած է դատարան՝ պահանջելով բեկանել Նիկոլ Փաշինեանի 2010-ի մեղադրական դատավճիռը եւ արդարացնել զայն։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 19 Յունուար 2010-ին Փաշինեանը մեղաւոր ճանչցած էր՝ 1 Մարտ 2008-ի ցոյցերու ժամանակ «զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն» համար (որոնց հետեւանքով զոհուեցաւ 10 մարդ, հրոյ ճարակ դարձան ինքնաշարժներ եւ թալանուեցան խանութներ)։ 16 ամիս թաքնուելէ ետք իշխանութիւններէն, Փաշինեան դատապարտուեցաւ եօթը տարուան ազատազրկման, բայց պատիժը կրեց երկու տարիէն քիչ մը պակաս ժամկէտով, ապա ազատ արձակուեցաւ ընդհանրական ներումի շնորհիւ։ 18 Յունուար 2022-ին, Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը հրապարակեց «Փաշինեան ընդդէմ Հայաստանի» գործով վճիռը, զոր Փաշինեան ներկայացուցած էր այն ատեն, երբ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ էր։ Եւրոպական դատարանը ճանչցած էր Փաշինեանի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ինչպես նաեւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի խախտումները»: Եւրոպական դատարանը վնասի հատուցման եւ դատական ծախսերու համար ոչ մէկ գումար յատկացուցած էր յօգուտ Փաշինեանի։
Հետաքրքրական է, որ Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչը որեւէ ապացոյց կամ առարկութիւն չէ ներկայացուցած Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ)՝ պաշտպանելու համար Հայաստանի դատարանի 2010-ի վճիռը, ընդդէմ Փաշինեանի։ Հասկնալի է, որ կառավարութեան ներկայացուցիչը դժկամութեամբ կը ներկայացնէր ապօրինութիւններու ապացոյցներ իր սեփական երկրի վարչապետին դէմ․․․: ՄԻԵԴ կը կայացնէ իր բոլոր որոշումները՝ կշռադատելով հայցուորին փաստերը, համապատասխան կառավարութեան ներկայացուցած ապացոյցներուն դէմ։ Տուեալ պարագային, կառավարութիւնը չէր ներկայացուցած դէպքին մասին իր տեսակէտը, քանի որ հայցուորն ու կառավարութիւնը անյարմար կերպով նոյն կողմէն էին։ Կարեւոր է նաեւ նշել, որ Եւրոպական դատարանը սկսած է Փաշինեանի հայցը քննել միայն 2019-ին՝ 2018-ին անոր վարչապետ դառնալէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան բաւական ժամանակ ունէր իր դիմումը Եւրոպական դատարանէն յետս կոչելու համար։ Ցաւօք, Փաշինեանի հայցը Եւրոպական դատարանին մէջ ընդդեմ Հայաստանի, գայթակղեցուցիչ նիւթ տրամադրեց ատրպէյճանական մամուլին, որ զայն հրապարակեց՝ «Փաշինեան յաղթեց Հայաստանի, Եւրոպական դատարանին մէջ» վերնագրով։
Փաշինեանի երկրորդ հայցը Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին մէջ, ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան, ներկայացուած է անոր՝ «Հայկական ժամանակ» թերթի «Դարեսկիզբ» հրատարակչական ընկերութեան կողմէ։ Թերթը 14 Հոկտեմբեր 2010-ին տպած էր «Ութէն եօթը ցուցակի մէջ են» վերնագրով յօդուած՝ մեղադրելով Հայաստանի պետական քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ «թմրամիջոցներու, մարդկային «թրաֆիքինկ»ի եւ դրամի լուացման յանցագործութիւններուն» մասնակցելու համար։ Մեղադրեալներէն երեքը հայց ներկայացուցած էին Հայաստանի դատարան, ընդդէմ «Հայկական ժամանակ»-ի՝ զրպարտութեան համար։ Փաշինեան կորսնցուցած էր դատը եւ անոր յաջորդած բողոքարկումը։
Եւրոպական դատարանը 2021-ին որոշած է, որ դիմումատուի իրաւունքները խախտուած են։ Հայաստանի կառավարութեան պարտաւորեցուցած են Փաշինեանի թերթի հրատարակչութեան վճարել 9000 եւրօ վնասի հատուցում՝ տուրքերէն բացի:
Ալեքսանդր Արզումանեան եւս հայց ներկայացուցած էր Եւրոպական դատարան, ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան, նախքան 2017-ին՝ Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ, իսկ 2019-ին՝ նաեւ Շուէտի մօտ դեսպան նշանակուիլը: Ան Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին մէջ վիճարկած էր Հայաստանի դատարանին կողմէ իր դատուածութիւնը՝ նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած՝ 2008-ի բողոքի ցոյցերուն, իր մասնակցութեան համար։ Ան եղած է Լեւոն Տեր Պետրոսեանի նախագահական խումբի ղեկավարը։ Մինչ այդ, Արզումանեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն էր։ 2001-ին, ան հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբի հիմնադիր անդամներէն մէկն էր։ 2008-ի բողոքի ցոյցերէն ետք, Արզումանեան ձերբակալուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ «պետական իշխանութեան իւրացման» մէջ։ 22 Յունիս 2009-ին, Հայաստանի դատարանը մեղաւոր հռչակեց զայն, զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ, դատապարտեց հինգ տարուան ազատազրկման եւ համաներման պատճառով անմիջապէս ազատ արձակեց։ 2009-ին, Արզումանեան դիմեց Եւրոպական դատարան, որ 2021-ին որոշեց, որ խախտուած են անոր արտայայտուելու եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքները։ Ինչպէս Փաշինեան, նոյնպէս ալ Արզումանեան դեսպան դառնալէ ետք նախընտրեց չվերցնել իր հայցը Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանէն։ Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ ՀՀ կառավարութիւնը, 2017-ին, անոր նշանակման գծով պայման չդրաւ վերցնելու դատական հայցը։ ՄԻԵԴ պարտաւորեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան՝ դեսպան Արզումանեանի վճարել 9000 եւրօ վնասի հատուցման եւ 2600 եւրօ դատական ծախսերու համար՝ տուրքերէն բացի:
Հետաքրքական է գիտնալ, թէ աշխարհի վրայ կա՞յ ուրիշ երկիր մը, որուն վարչապետն ու դեսպանը իրենց պաշտօնը ստանձնելու պահուն ունեցած ըլլան անաւարտ դատական հայցեր օտարերկրեայ դատարաններու մէջ, ընդդէմ իրենց երկրին՝ միաժամանակ ստիպելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրենց վնասներուն հատուցումը եւ դատական ծախսերը վճարէ սեփական կառավարութեան պիւտճէէն․․․
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան