Արցախի խորհրդարանի 5 ուժերէն 4-ը` «Արդարութիւն»-ը, «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ»-ն, ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Արցախի ժողովրդական կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրած են քանի մը օր առաջ պետական նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեանը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի քարտուղարութեան պետ Անահիտ Քոչարեան:
«Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանն ալ յայտնած է, թէ իրենք քուէարկութեան պիտի չմասնակցին, նախագահի ընտրութեան օրը մտադիր են Ստեփանակերտի մէջ ցոյց կատարել:
Պատգամաւորներուն համաձայն, նախագահի ընտրութեան առաջին փուլը այս շաբաթ օրն է` 9 սեպտեմբերին: