ՀԵԴ-ի Կազմակերպած Հաւաքը՝ Ուաշինկթընի Մէջ

ՀԵԴ-ի Կազմակերպած Հաւաքը՝ Ուաշինկթընի Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 1-ին, չորս հարիւրի շուրջ երիտասարդներ, ի զօրակցութիւն Արցախի, խաղաղ ցոյց մը կատարեցին Ուաշինկթընի Սպիտակ Տան կից, Լաֆայէթ հրապարակին շուրջ։

«Գրեթէ 9 ամիսէ ի վեր շրջափակուած է Արցախը։ Հետզհետէ զգալի է սնունդի եւ դեղօրայքի պակասը։ Արցախը պէտք չէ դադրի մեր առաջնահերթութիւնը ըլլալէ, եւ պայքարը պէտք է շարունակենք առանց յուսահատելու։ Կը կրկնեմ, մեր ուշադրութիւնը պէտք չէ շեղենք Արցախէն։ Ճիգ պէտք չէ խնայենք Արցախին հասնելու իմաստով, հոն տիրող կացութիւնը անմարդկային է, մեր հայրենակիցները հաց չունին եւ բռնութեան կ’ենթարկուին», ըսաւ Հ․Ե․Դ․-ի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեան։

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան խօսք առնելով նշեց, թէ «Կը մերժենք Սպիտակ Տան այն մօտեցումը, թէ ներկայ դաժան պայմաններուն տակ կարելի է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի հետ։ Նախագահ Պայտընի կոչ կ՛ուղղենք մօտէն հետեւելի ստեղծուած կացութեան, որպէսզի կրկին ցեղասպանութիւն մըն ալ չպատահի»։

Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին ահազանգ հնչեցուց, թէ անտրամաբանական է Ատրպէյճանի նման բռնապետական պետութեան մը զինումը շարունակելու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքը։ «Ատրպէյճանին արդիական եւ յատկապէս արձակազէններու յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագիրները պէտք է կասեցուին։ Այդ զէնքերը վստահաբար կրնան գործածուիլ ամերիկահայերու հետ ազգականական կապեր ունեցող Արցախի եւ Հայաստանի հայերուն դէմ», ըսաւ ան աւելցնելով, թէ պատերազմական յանցագործութիւններու համար պատժամիջոցներ հաստատելէ բացի` շարունակ կոչ ուղղուած է հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու անօրինական բանտարկութեան փաստը, հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը։

«Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Անի Պաղտասարեան շեշտը դրաւ երեսուն հազար մանուկներու դժնդակ կացութեան վրայ, որոնք յաւելեալ սնունդի կարիք ունին։

Հ․Օ․Մ․-ի ներկայացուցիչ Քարին Շամլեանի կիզակէտն ալ ապագայի սերունդն էր։ Ան խօսեցաւ մանկամսուրներու մասին, որոնք դժոըար պայմաններու տակ, կը շարունակեն գործել։

Հ․Ե․Դ․-ի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Ալեք Սողոմոնեան, իր կարգին խօսք առնելով շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի Ատրպէյճանին արդիական յատուկ հրացաններ տրամադրելու ծրագրէն։

Աւարտին տեղի ունեցաւ տէրունական աղօթք, մասնակցութեամբ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Share