ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի և ուղեկից միութիւններու հանդիպումը Լոս Անճելըսի ՀՀ Աւագ Հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանին

ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի և ուղեկից միութիւններու հանդիպումը Լոս Անճելըսի ՀՀ Աւագ Հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանին

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6-ի առաւօտեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի Հիւպատոսարանի պաշտօնական հրաւէրով՝ ուղղուած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին և իր ուղեկից ու գործընկեր միութիւններուն, այս կառոյցներու ներկայացուցիչները հանդիպեցան նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանին և իրեն ընկերակցող Հիւպատոսարանի անձնակազմին: Հիւր պատուիրակութիւնը կը գլխաւորուէր ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին կողմէ, և կ’ընդգրկէր Հարմիկ Բաղտասարեան, Վիքի Մարաշլեան, Նազելի Խոդաբախշ, Սթիւ Տէտէեան, Լիւսի Պետրոսեան և Պարոյր Յակոբեան: Հիւպատոսի անձնակազմէն մաս կը կազմէր Տիկին Նազելի Համբարձումեան:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ – AYF), առ ի բողոք Հայաստանի իշխանութեանց որդեգրած ազգադաւ քաղաքականութեան, կը բացակայէր այս հանդիպումէն, և Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին ձեռամբ յանձնուած նամակով մը գրաւոր կերպով կը բաժնեկցէր իր մտահոգութիւնները նորանշանակ Աւագ Հիւպատոսին հետ:

Փոխադարձ ծանօթացումէ և իւրաքանչիւր միաւորի աշխատանքի ծիրին ու ծաւալին ներկայացումէն ետք, խօսակցութիւնները ծաւալեցան Վարչապետ Փաշինեանի որդեգրած ապազգային ու ազգավնաս գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի հայակործան ու ցեղասպան քաղաքականութեան, Արցախահայութեան ճգնաժամին, բազմաթիւ սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքի արգիլման, մեր ուժերուն ջլատման, Սփիւռքի Յանձնակատարի պառակտիչ ընթացքին, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերուն թուլացման, և որոշակի գաղութային ու այլ տագնապներու շուրջ:

Պրն. Հիւպատոսը աւելի քան քսանամեակ մը ծառայած ըլլալով սփիւռքեան կարեւոր երկիրներու ՀՀ դիւանագիտութեան անձնակազմերէն ներս, և քաջածանօթ ըլլալով ՀՅԴ-ի ճանապարհին ու հանգանակին, և ի հեճուկս ներկայի բազմաթիւ թեժ տագնապներուն, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին ջանքերուն, ի ծառայութիւն հայրենիքին ու հայութեան: Շեշտը դրուեցաւ Սփիւռքի կարողականութենէն աւելիով օգտուելուն, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները օգտաշատ ու նպատակասլաց դարձնելուն, և բազմաչարչար հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերահաստատելուն վրայ:

Պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ Դոկտ. Իսրաէլեանին, ԱՄՆ-ի այս հայահոծ նահանգին մէջ, հայ ազգի բարօրութեան համար դիւանագիտութեան ծիրով իր տրամադրած ծառայութեան մէջ: Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ նաև պաշտօնական յուշագիր մը յանձնուեցաւ հիւպատոսին:

Յ ո ւ շ ա գ ի ր

Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսին,

Յարգելի Դոկտ. Կարեն Իսրայէլեան,

Խստօրէն դատապարտելով թշնամի Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակումն ու Արցախի անմարդկային շրջափակումը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արևմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով կը փափաքինք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետևեալ կէտերը՝

Սոյն թուականի Մայիս 22-ին, ՀՀ վարչապետը յայտարարութեամբ մը Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Սա ո՛չ միայն անընդունելի է մեզի և բովանդակ հայ ժողովուրդին համար, այլ նաև հիմնական պատճառն է որ Արցախը ներկայիս կը գտնուի շրջափակուած կարգավիճակի մէջ:

Նկատի ունենալով որ՝

Ա) Արցախը իր ինքնորոշման կամքը արտայայտած է օրինական կերպով ու հռչակած է իր անկախութիւնը համաձայն Սովետական Միութեան օրուայ օրէնքներուն և ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային չափանիշերուն։

Բ) Արցախի ինքնորոշումը, թէ՛ օրինականօրէն եւ թէ քաղաքականօրէն, համահունչ է հայ-թրքական կնճիռի արդարացի լուծման ռազմավարական նպատակին ու մաս կը կազմէ այդ մեծ փաթեթին։

Գ) Հայկական դիւանագիտութիւնը, յատկապէս 1998-2018 տարիներուն, յաջողած է միջազգային տարազումով քանի մը կարեւոր սկզբունքներ ամրագրել։ Առաջին, Արցախի հարցը բռնի ուժով լուծելու տարբերակի բացառում։ Երկրորդ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի անխախտելիութիւն, որ, դարձեալ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան հաստատումով, չի հակասեր հակամարտութեան շուրջ բանակցող երկիրներու հողային ամբողջականութեան սկզբունքին։

ՀՀ ներկայ իշխանութիւնը ոչ մէկ մանդատ ունի հրաժարելու վերոնշեալ սկզբունքներէն, հետեւաբար, այդ ուղղութեամբ իր առած քայլերը կը հակասեն մեր պետութեան ու ազգի շահերուն։

Այս իշխանութիւնը ձախողած է երկրի ազգային անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ պետութեան ու ազգի գերակայ շահերը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ։ 44 օրեայ պատերազմէն ետք եւս, այս իշխանութիւնը ոչ մէկ ձեւով փորձեց վերականգնել մեր քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական կարողականութիւնը։ Ընդհակառակը, անընդհատ ընթացաւ պետական հիմնական կառոյցները կազմաքանդելու եւ թուլացնելու ուղղութեամբ։ Իշխանութիւնները ոչ միայն ձախողած են այլ նաև միտումնաւոր կերպով կը փորձեն պառակտել ազգային միասնական ոգին, սկսած Հայաստանէն մինչև Արցախ, հասնելով սփիւռք:

Նոյն պառակտիչ քաղաքականութեան դրսեւորման ականատես ենք նաև սփիւռքի մակարդակով, երբ հիւպատոսարանները սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գլխաւորութեամբ կոպիտ միջամտութիւններ կը կատարեն աւանդական կուսակցութիւններու ներքին հարցերուն մէջ և փաստօրէն կը խրախուսեն անջատողական փոքրաթիւ խմբաւորումները, ի վնաս նոյն կազմակերպութիւններու համահայկական կառոյցներուն: Իսկ Արցախի իրաւունքներուն համար պայքարող երիտասարդներու ու կուսակցական գործիչներու Հայաստան մուտքի արգիլումը աննախադէպ քայլ մըն է, մինչև անգամ պոլշևիկեան տարիներուն բաղդատած:

Այս իշխանութիւնը պատերազմի բերումով Արցախի գրաւուած տարածքները «դէօկուպացնելու» սուտ խոստումներով խաբեց մեր ժողովուրդը ու վերընտրուեցաւ, իսկ այսօր կը փորձէ օրինականացնել թշնամի Ատրպէյճանի նկրտումները Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ։

Անընդունելի է այն փաստը, որ ՔՊ կուսակցութիւնն ու իր ղեկավար վարչապետը կառչած են իշխանութեան՝ զայն ամէն գնով պահելու բացայայտ վարքագիծով, անտեսելով մեր համազգային շահերը, անտեսելով պետութեան կորուստի վտանգը։

Հետեւաբար, ՀՀ վարչապետի պաշտօնին տիրացած անձը ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է հրաժարի, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ կազմել նոր իշխանութիւն, որ իր կարգին ատակ ըլլայ՝ առաջին՝ սպասարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան ազգային շահերուն, երկրորդ՝ փրկելու պետութիւնը կործանումի բացայայտ վտանգէն։ Յանուն այս երկու կէտերուն մեր պայքարը մենք պիտի շարունակենք վճռականօրէն։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
6 Սեպտեմբեր 2023
Կլենտէյլ

Share