Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Պաշտօնական Ստեփանակերտը արձագանգած է տարածուող  լուրերուն, թէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Աղտամի ճանապարհը օգտագործելու առաջարկը ընդունելու որոշում տուած է:

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով այդ լուրերը, Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Աւանեսեանը յայտնեց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 22 եւ 23 oգոստոսին փակ քննարկումներ կատարած է պետական, քաղաքական եւ հանրային տարբեր շրջանակներու հետ, որոնց ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ լիակատար պաշարման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ անվտանգային խնդիրները, Արցախի իշխանութիւններու ընելիքները եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ տարբեր կեդրոններէն ստացուած միջնորդական առաջարկները:

«Որեւէ որոշում չէ տրուած, իսկ քննարկումները կը շարունակուին, եւ նախագահ Յարութիւնեանը յառաջիկային իրավիճակի եւ իշխանութիւններու մօտեցումներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները պիտի հանրայնացնէ անձամբ», նշած է Աւանեսեան:

Share